Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էրպաս 380» Տիպի Աշխարհի Մեծագոյն Օդանաւը Հասաւ Լիբանան

March 30, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու օդանաւային ընկերութեան «Էրպաս 380» տիպի աշխարհի մեծագոյն օդանաւը երէկ հասաւ Լիբանան:

Օդանաւը եւ անոր փոխադրած 517 ճամբորդները Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ դիմաւորուեցան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ներկայացուցիչ, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Ալի Պեզզիի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցիչ, փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոսի կողմէ:

Դիմաւորումի արարողութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրի եւ մեծ թիւով պետական անձնաւորութիւններ:

Այս առիթով նախարար Կիտանեան յայտնեց, որ ինք հանրապետութեան նախագահը կը ներկայացնէ` նկատի ունենալով, որ նախագահ Աուն զբօսաշրջութեան բնագաւառով հետաքրքրուած է, յատկապէս Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հետ զբօսաշրջութեան բնագաւառին մէջ գործակցութիւնը բարելաւելով:

Ա. Կիտանեան մաղթեց, որ Լիբանան միշտ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն զբօսաշրջիկներ դիմաւորէ:

Այս առումով Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան դիւանագիտական անձնակազմի նախագահ Ուալիտ Պուխարի Պէյրութի օդակայանէն յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիա կը սերտէ Լիբանան ուղղուող իր քաղաքացիներուն յղուած զգուշացումը բեկանել` աւելցնելով, որ այդ որոշումը պիտի տրուի լիբանանեան ապահովական կառոյցներէն սէուտական իշխանութիւններուն ստացած տուեալներուն հիման վրայ:

Նախարար Կիտանեան անդրադարձաւ Պուխարիի կատարած այս յայտարարութեան` ընդգծելով, որ այդ կեցուածքը կարեւոր է զբօսաշրջութեան մարզին համար, «որովհետեւ լիբանանեան զբօսաշրջութիւնը հիմնուած է սէուտցի զբօսաշրջիկին վրայ», հաստատեց ան:

Նշենք, որ Լիբանանի նկատմամբ Էմիրութիւններուն առած այս քայլը կարելի է նկատել յառաջիկային երկու երկիրներուն միջեւ ծաւալելիք տնտեսական եւ զբօսաշրջական բեղուն գործակցութեան նախաքայլը:

 

 

Նախորդը

Ֆրենժիէ. «7 Մայիսը Անակնկալներով Հարուստ Պիտի Ըլլայ»

Յաջորդը

Խորհրդարանը Վաւերացուց 2018-ի Պետական Ամավարկը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.