Աւագ ուրբաթ, 30 մարտ 2018-ի երեկոյեան, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճար հաւաքուած էր հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը, որ մասնակից դարձաւ Յիսուս Քրիստոսի Թաղման կարգին: Արարողութեան հանդիսապետեց եւ իր հայրապետական պատգամը ուղղեց Արամ Ա. կաթողիկոս:
Վեհափառ հայրապետը իր պատգամին սկիզբը յայտնեց, որ Յիսուս Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան վերջալոյսի դէպքերը պէտք է դիտել խորաթափանց միտքով ու հոգիով, որպէսզի կարենանք ամբողջովին ըմբռնել անոր պատգամն ու խորհուրդը: Առ այդ, սուրբ հայրերէն մեզի հասած, մասնաւորաբար Պետրոս առաքեալի թուղթին ճամբով, պատգամը կը փոխանցէ, որ Քրիստոս խաչուեցաւ ու թաղուեցաւ, որպէսզի մարդը Աստուծոյ մօտեցնէ: Դրախտէն հեռացումէն ետք մարդը թաթախուած էր մեղքերու կոյտին մէջ ու հեռացած Աստուծմէ եւ ճիշդ անոր համար է, որ Աստուած իր Միածին որդին աշխարհ ղրկեց, որպէսզի Իր որդիները մօտեցնէ երկնաւոր Հօր: Վեհափառ հայրապետը ընդգծեց, որ սովորական թաղման արարողութիւն չէ այս արարողութիւնը եւ անոր պէտք չէ այդպէս մօտենանք: Աստուած չի՛ մեռնիր, Աստուած չի՛ թաղուիր: Աստուծոյ Որդին գիտակցօրէն մարդկային մեղքերը իր վրայ առնելով` իջաւ գերեզման, որպէսզի իրեն հետ թաղէ մարդկային մեղքերը, սակայն Քրիստոս գերեզմանէն վեր մնաց. գերեզման իջնելով մարդը փրկեց ու ազատագրեց մեղքի կապանքներէն, ըսաւ Արամ Ա. կաթողիկոս: Վեհավառ հայրապետը նաեւ ըսաւ, թէ բոլորս մեղանչական ենք, իսկ եկեղեցին իր հաւատացեալ ժողովուրդը ապաշխարութեան կը հրաւիրէ, որպէսզի հաւատացեալը արժանի դառնայ Քրիստոսի արեան ու մարմինին: Մեր հաւատքը մեզի կը յիշեցնէ, թէ Քրիստոս մեր մեղքերուն համար իր արիւնը թափեց, խաչ բարձրացաւ, գերեզման իջաւ, որպէսզի խոստովանինք ու թաղենք մեր մեղքերը:
Վեհափառ հայրապետը իր պատգամը փակեց հետեւեալ աղերսով. «Ո՜վ Տէր, դո՛ւն մեզի համար արիւն թափեցիր, խաչուեցար, թաղուեցար: Մենք այսօր Քու գերեզմանիդ առջեւ կ՛ուխտենք, որ հեռու մնանք ամէն տեսակ մեղքէ` թաղելով մեր գործած մեղքերը»: Արամ Ա. կաթողիկոս աւելցուց. «Քիչ ետք, երբ մօտենանք գերեզմանին ու անոր վրայ գտնուող խաչափայտին, որ կը պարունակէ Քրիստոսի խաչափայտէն մասնիկ մը, խոնարհի՛նք, համբուրե՛նք եւ խնդրե՛նք Աստուծմէ, որ իր Որդւոյն կեանքով սրբէ մեր մեղքերը, մաքրէ մեր սրտերը ամէն տեսակ գիտակից եւ անգիտակից մեղքերէ: Հետեւաբար, եկէ՛ք Քրիստոսի հետ թաղենք մեր մեղքերը, որպէսզի իր յարութեամբ վերանորոգենք մեր հաւատքը»:
Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, վեհափառ հայրապետը Քրիստոսի գերեզմանին վրայ դրուած «Կենաց փայտ»-ի մասունքով օրհնեց ներկայ հաւատացեալները: Արարողութենէն ետք մինչեւ գիշերուան ուշ ժամեր, հայ թէ այլ եկեղեցիներու պատկանող հաւատացեալներ, մայրավանք այցելեցին խոնարհելու Քրիստոսի գերեզմանին առջեւ:
Աւագ Ուրբաթը` Նոր Մարաշի
Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ
Աւագ ուրբաթ, 30 մարտ 2018-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Յիսուս Քրիստոսի չարչարանաց, խաչելութեան եւ թաղման յիշատակին սրբազան արարողութիւն կատարուեցաւ Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ: Եկեղեցական արարողութեան հանդիսապետեց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին իր պատգամը ուղղեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեան:
Առաջնորդ սրբազանը իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ Յիսուսի թաղումը տեղի ունեցած է բոլորովին անշուք պայմաններու մէջ, նաեւ գաղտագողի կերպով, որովհետեւ վերջին րոպէներուն ցրուած էին իր աշակերտները: Հրեաներուն եւ հռոմէացիներուն պատճառով սարսափի մատնուած իրմէ հեռացած էին նաեւ բոլոր անոնք, որոնք իր քարոզչութեան ընթացքին կը հետեւէին իր քայլերուն: Սրբազան հայրը անդրադարձաւ Յիսուսի թաղման ընթացքին պատահած դէպքերուն` շեշտելով, որ Յիսուսի աշակերտները եւ հետեւորդները ներկայ չէին Անոր թաղման, այլ` իրեն գաղտնաբար հետեւող Յովսէփ Արեմաթացին հոն էր, որպէսզի կազմակերպէր իր թաղումը: «Դարեր ետք մենք հաւաքուած ենք իրեն շռայլելու այն, ինչ որ զլացուեցաւ իրեն իր թաղման պահուն, փոխարինելու իր հաւատարիմ հետեւորդներն ու սիրելիները, որոնք վերջին րոպէին զինք առանձին թողուցին, նաեւ իրեն ընծայելու այն յարգանքը, որուն չարժանացաւ», շեշտեց սրբազան հայրը` աւելցնելով, որ չենք հաւաքուած իբրեւ սգակիրներ, այլ` իբրեւ իր յաղթական երթին մասնակից ժողովուրդ, որ գիտէ եւ կը հաւատայ, որ Աստուած գերեզմանին մէջ մնալու համար չթաղուեցաւ, այլ` գերեզման մուտք գործեց, որպէսզի անով մեր դիմաց բանայ յարութեան ճամբաները: Սրբազան հայրը ըսաւ, որ մեր ժողովուրդը քրիստոնէական իր նկարագիրէն քաղեց բարոյականութիւն, որուն միջոցով տոկաց եւ ապրեցաւ ինքզինք կերտելով, եւ նոյնիսկ օտարութեան պայմաններուն մէջ հաւատարմօրէն հետեւեցաւ Քրիստոսի աւանդած ճշմարիտ արժէքներուն, որոնք կը շարունակեն ամրութիւն տալ մեր կեանքին:
Շարունակելով իր խօսքը` առաջնորդ սրբազան հայրը նկատել տուաւ, որ այս առիթով պիտի կազմենք թափօր եւ քայլարշաւով պիտի առաջնորդուինք մեր միջավայրին մէջ հռչակելու համար, թէ երկրաւոր մեր կեանքի պայմաններուն մէջ մենք յանձն կ՛առնենք անձնական օրինակով տարածել սրբազան այն բոլոր արժէքները, որոնք մեզի կ՛աւանդուին Քրիստոսի կողմէ: Թափօր կազմած կը պատրաստուինք հռչակելու, թէ մենք մեր սեփական կեանքին օրինակով տէր կը կանգնինք բոլոր այն աւանդներուն, որոնք Քրիստոսի եւ մեր եկեղեցւոյ կողմէ կը յանձնուին մեզի` իբրեւ իր հաւատաւոր հետեւորդները: Սրբազան հայրը ըսաւ, թէ Աստուած մարդացաւ, որպէսզի մենք առաւել կեանք ունենանք, եւ ասիկա մեզի փոխանցեց, որպէսզի ո՛չ միայն մենք, այլեւ` գալիք սերունդները եւս ապրին համաձայն մեր քրիստոնէական հաւատալիքներուն, ազգային առողջ կեցուածքներուն, նաեւ ապրին համաձայն մեր ժողովուրդի իտէալներուն, երազներուն եւ հաւատարմութեամբ` իրենց եկեղեցւոյ հաւատքին եւ հայրենական հաւատալիքներուն նկատմամբ:
Եզրափակելով իր խօսքը` սրբազան հայրը յորդորեց հաւատացեալ ժողովուրդը ըլլալու հաւատարիմ, սեփական արարքներով ապրելու իրենց հաւատքը եւ զայն տարածելու մեր ապրած միջավայրին մէջ, որպէսզի բարոյապէս տոկուն ու ամուր մնան եւ ապրին արժէքներով ու յարատեւեն:
Յետ եկեղեցական արարողութեան կազմուեցաւ թափօրը, որ առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, գլխաւորութեամբ սրբազան հօր, մասնակցութեամբ քահանայից դասին, դպրաց դասին, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի, Ազգային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հաւաթեանի, Ազգային վարչութեան անդամներուն, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն ու ժողովուրդին, շրջեցաւ Պուրճ Համուտի փողոցներուն մէջ: