ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Ալքալիմա օնլայն» կայքին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն է, որ կ՛որոշէ կուսակցութեան թեկնածուները, եւ ոչ թէ կուսակցութեան ներկայացուցիչը կամ ղեկավարը` ինչպէս է պարագան շարք մը լիբանանեան կուսակցութիւններու:
«Հետեւաբար նախ եւ առաջ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէին որոշումն էր, որ ես ըլլայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը, իսկ երեսփոխանական ընտրութիւններուն պարագային Կեդրոնական կոմիտէն յարմար գտաւ, որ շարունակեմ խորհրդարանին մէջ ներկայացնել լիբանանահայութիւնը` դարձեալ առաջադրելով իմ թեկնածութիւնս: Անշուշտ ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերուն մէջ կան մեծ թիւով լաւ անհատներ, որոնք ապագային կրնան մեր համայնքը եւ կուսակցութիւնը ներկայացնել լիբանանեան խորհրդարանին մէջ», ըսաւ Յ. Բագրատունի:
Երեսփոխան Միշել Մըրի հետ 2018-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն չգործակցելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ ցաւօք այս տարուան ընտրութիւններուն այդպէս է կացութիւնը: Ան ըսաւ, թէ երեսփոխան Մըրի հետ մեր ընտրական դաշինքը չպահելու իմաստով համաձայնութիւն գոյացուցած էինք: «Անշուշտ ասիկա չի նշանակեր, որ մեր միջեւ բարեկամութիւնը վերջ գտած է: Մեր միջեւ 55 տարուան բարեկամութիւն եւ մտերմութիւն գոյութիւն ունի, եւ դժբախտաբար ընտրական այս նոր օրէնքին պատճառով է, որ համաձայնեցանք մեր դաշինքին ուղղութեամբ չգործել` ապահովելու համար ե՛ւ ՀՅԴ-ի թեկնածուին, ե՛ւ երեսփոխան Մըրին յաջողութիւնը: Այսինքն` որպէսզի մէկզմէկու ձախողութեան պատճառ չդառնանք, որդեգրեցինք այլ մարտավարութիւն մը եւ որոշեցինք այլ ընտրացանկերով առաջադրել մեր թեկնածութիւնը», ընդգծեց ան` աւելցնելով, որ հակառակ այդ բոլորին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ճիգ չխնայեց երեսփոխան Մըրը, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը, Ղովմի կուսակցութիւնը եւ կարգ մը անկախ թեկնածուներ համախմբել մէկ ցանկի մէջ, որպէսզի մրցակցութեան եւ ընտրապայքարի թափը նուազի` յառաջացնելով ընդարձակ դաշինք մը:
Երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց նաեւ, որ երեսփոխան Մըրի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ ընտրական դաշինքը կարելի չէ եղած գոյացնել դարձեալ ընտրական հաշիւներու պատճառով, «սակայն ասիկա չի նշանակեր, որ Մըր ներկայ իշխանութեան դաշնակիցը չէ», հաստատեց ան:
Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամներուն հաւանական թիւին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ այդ պլոքը հաստատ 3 երեսփոխան պիտի ունենայ:
Զահլէի մէջ ՀՅԴ-ի թեկնածուին մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կը փափաքէր Զահլէի մէջ առաջադրել Ճորճ Փուչիկեանի թեկնածութիւնը, որովհետեւ ան Զահլէի, Այնճարի եւ Պեքաայի մէջ ներկայութիւն է` թէ՛ հայկական եւ թէ՛ ոչ հայկական շրջանակներուն մէջ: «Սակայն որովհետեւ այդ ընտրաշրջանին մէջ քուէարկող հայութեան թիւը անցման համեմատութիւնը չի կրնար ապահովել, ապա ընտրական դաշինք գոյացաւ քաղաքական այնպիսի ուժի մը հետ, որ մեծ թիւով քուէներ կրնայ ապահովել եւ օժանդակել հայ թեկնածուին` այլ ընտրաշրջաններու մէջ հայութեան քուէները ստանալու փոխարէն: Այս առումով ընտրական դաշինք գոյացաւ ՀՅԴ-ի, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ, բայց եւ այնպէս Մուսթաքպալ հոսանքը նախընտրեց ընտրացանկին վրայ նկատի ունենալ հայ տիկին մը, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին թեկնածուն չէ», ըսաւ ան:
Երեսփոխան Բագրատունի հաստատեց, որ ՀՅԴ-ն Պէյրութի, Մեթնի եւ Զահլէի ընտրաշրջաններուն մէջ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան դաշնակիցն է, սակայն Զահլէի պարագային Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ընտրացանկին վրայ գտնուող հայ թեկնածուն Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան թեկնածուն չէ:
Երեսփոխան Բագրատունի ընդգծեց, որ ՀՅԴ-ի համար ընտրապայքարը սուր է, յատկապէս նկատի ունենալով, որ Կեդրոնական կոմիտէն կ՛աշխատի թէ՛ Լիբանանի եւ թէ՛ սփիւռքեան այլ գաղութներու մէջ ապրող լիբանանցիներու հետ: «Աշխատանքի թափը մեծ է, յատկապէս նկատի ունենալով երեսփոխանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն անորոշութիւնը, քուէներու հաշուարկի ձեւը, նախընտրութեան քուէն, անցման համեմատութիւնը եւ այլն: Բայց եւ այնպէս աշխատանքը ընթացքի մէջ է` Լիբանանի մէջ եւ Լիբանանէն դուրս, իսկ արդիւնքները կը տեսնենք 7 մայիսին», յայտնեց ան:
Երեսփոխան Բագրատունի իր հարցազրոյցը եզրափակեց խօսքը ուղղելով լիբանանցի քուէարկողին. ան ըսաւ, որ ընտրակաշառքի մասին կատարուած յայտարարութիւններն ու լուրերը շատ ցաւալի են: «Քուէները գնելու հոլովոյթը միշտ ալ առկայ եղած է, սակայն հաւանաբար ապրուստի սղաճին պատճառով այս փուլին կաշառքը երեւակայական գիներու հասած է: Սակայն, կը հաւատամ, որ քաղաքացին եւ անոր քուէն ծախու չեն: Քաղաքացիի մը քուէն անոր խիղճն է, որ կարելի չէ գնել: Իսկ ով որ 6 մայիսին իր քուէն կը վաճառէ, ապա յառաջիկայ չորս տարիներուն ընթացքին պէտք է լուռ մնայ, որովհետեւ ան իր քուէն կանխաւ վաճառած է: Կոչ կ՛ուղղեմ քաղաքացիին, որ պահ մը նաեւ մտածէ, թէ երեսփոխանական ընտրութիւններու թեկնածուն ինչո՞ւ միլիոնաւոր տոլարներ պիտի մսխէ` քուէներ ապահովելու եւ ամսական 7.400 տոլար աշխատավարձ ստացող երեսփոխան մը դառնալու համար: Յստակ է պատկերը. քուէի համար կաշառք վճարողը քաղաքացին պիտի գնէ մէկ օրուան համար, իսկ մնացեալ չորս տարիներուն ընթացքին պիտի վաճառէ զայն», ընդգծեց Յ. Բագրատունի:



