Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանի հրաւէրով Երեւան կը գտնուի Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան պատուիրակութիւնը` նախարար Նարինէ Աղաբալեանի գլխաւորութեամբ: Երէկ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած է երկու նախարարութիւններու ղեկավար կազմերու հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուած են երկկողմանի համագործակցութեան ամրապնդման եւ զարգացման վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումին նախարար Լ. Մկրտչեան ըսած է. «Մենք մեծ ակնկալիքներ ունինք մեր համագործակցութենէն, քանի որ Արցախը բաւական լուրջ կրթական կարողականութիւն ունի, երիտասարդութիւնը բացարձակօրէն նուիրուած է կրթութեան եւ գիտութեան: Արցախը կարեւոր քայլ առած է դէպի որակեալ կրթութիւն, սակայն կրթութեան բոլոր մակարդակներուն վրայ տակաւին բաւական ընելիքներ ունինք»:
Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Նարինէ Աղաբալեան, շնորհակալութիւն յայտնելով հրաւէրին համար, նշած է, որ այս հանդիպումին շնորհիւ աւելի կը յստականան երկու նախարարութիւններուն միջեւ հետագայ համագործակցութեան քայլերը: «Պէտք է պարբերաբար հանդիպիլ, որպէսզի միասնաբար իրագործենք բոլոր այն բարեփոխումները, որոնք նախատեսուած են», ընդգծած է Աղաբալեան:
Հանդիպումի աւարտին Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան պարգեւատրուած է արցախեան շարժումի 30-ամեակի յուշամետալով: