Գլխաւոր լուրեր

ՀՅ Դաշնակցութիւնը Պիտի Աջակցի Արցախի Միջազգային Ճանաչման

26-էն 28 յունուարին ՀՅԴ Ստեփանակերտի «Նիկոլ Դուման» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է երկու տարին անգամ մը գումարուող` ՀՅԴ Արցախի կառոյցի Շրջանային ժողովը: ՀՅԴ Արցախի կառոյցի 2018-2020 թուականներու գլխաւոր ընելիքներուն մասին «Ապառաժ»-ը զրուցած է Կեդրոնական կոմիտէի վերընտրուած ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանին հետ: «Իբրեւ ռազմավարական նպատակ` ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր համահայկական կառոյցներուն միջոցով պէտք է աջակցի Արցախի միջազգային ճանաչման, Արցախի քաղաքական անկախութեան եւ տնտեսական...

Արեւմտահայերէնի Պաշտպանութեան  Յանձնաժողովի Հանդիպում`  Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Արեւմտահայերէնի Պաշտպանութեան Յանձնաժողովի Հանդիպում` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Երէկ` չորեքշաբթի, 31 յունուար 2018-ի երեկոյեան, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ եւ Երուանդ Փամպուքեանի ատենապետութեամբ, տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան յանձնաժողովի հանդիպումը: Հանդիպումին ներկայ էր, յատկապէս այս առաքելութեամբ Հայաստանէն Անթիլիաս հասած, Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի «Հրաչեայ Աճառեան»-ի անուան լեզուի հիմնարկի տնօրէն փրոֆ. Վիքթոր Կատվալեան: Վեհափառ հայրապետը ընդհանուր գիծերով ներկայացուց շուրջ երեք տարիներ առաջ...

Ակնարկ. Բառապաշար, Հակազդեցութիւն Եւ Այսօրուան Տեղեկատուական Համակարգը

Լիբանանեան քաղաքական եւ հասարակական բեմերուն վրայ արձանագրուածները դուրս եկան երկրի սահմաններէն եւ համաշխարհային լրատուամիջոցներու թողարկումներուն բերումով սեփականութիւնը դարձան միջազգային հանրութեան: Քաղաքական հռետորութեան ընթացքին օգտագործուած բառապաշարի եւ իբրեւ անոր հակազդեցութիւն փողոցային դրսեւորումներու տեսանիւթերը շատ արագ շրջագայեցան եւ նուաճեցին դիտողականութեան մեծ լսարաններ: Պատահարներու քաղաքական ենթաշարժառիթներուն վրայ կեդրոնանալէ առաջ, կ՛արժէ նաեւ տեսանիւթի սպրդումին եւ անոր ձգած ազդեցութեան մասին ակնարկ կատարելը: Հակառակ հանրապետութեան նախագահ-խորհրդարանի...

Նախագահ Սարգսեան. «Լեռնային Ղարաբաղի  Տագնապի Խաղաղ Լուծումը Պիտի Ըլլայ Հայաստանի  Հանրապետութեան Արտաքին Քաղաքականութեան  Օրակարգի Առաջնագիծին Վրայ»

Նախագահ Սարգսեան. «Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Խաղաղ Լուծումը Պիտի Ըլլայ Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Քաղաքականութեան Օրակարգի Առաջնագիծին Վրայ»

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնին մէջ 30 յունուարին նախարարութեան ղեկավար կազմին հետ ունեցած է հանդիպում մը, որուն ընթացքին անդրադարձած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին վրայ ամէնէն կարեւոր տեղը  զբաղեցնող Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման բանակցային հոլովոյթին: «Մենք միջազգային եւ շրջանային խնդիրներու լուծման պատասխանատուութեան մեր բաժինը երբեք չենք փորձած դնել ուրիշի ուսերուն: Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ...

Դաւիթ Լոքեանը Մարզպետներու Հետ  Աշխատանքային Քննարկում Ունեցած Է

Դաւիթ Լոքեանը Մարզպետներու Հետ Աշխատանքային Քննարկում Ունեցած Է

Հայաստանի Տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, թէ նախարար Դաւիթ Լոքեան 29 յունուարին աշխատանքային քննարկում ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան մարզպետներու մասնակցութեամբ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են 7 դեկտեմբեր 2017-ին Դիլիջանի մէջ կազմակերպուած համայնքներու խորհրդաժողովին ընթացքին հանրապետութեան նախագահին կողմէ  յանձնարարականներու կատարման ընթացքը: Քննարկուած են տեղական պիւտճէներու հաւաքագրման խնդիրները եւ անոնց լուծման կարելիութիւնները, համայնքներուն նպաստներ տրամադրելու կարգը, անոր կատարման ընթացքը,...

Միլզ. «Միացեալ Նահանգներու Ազգային  Անվտանգութեան Ռազմավարութեամբ Սահմանուած  Նպատակները Այս Կամ Այն Ձեւով  Կ՛առնչուին Նաեւ Հայաստանին»

Միլզ. «Միացեալ Նահանգներու Ազգային Անվտանգութեան Ռազմավարութեամբ Սահմանուած Նպատակները Այս Կամ Այն Ձեւով Կ՛առնչուին Նաեւ Հայաստանին»

Հայաստանի Ազգային ժողովի Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ  բարեկամական խումբի անդամները Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ, բարեկամական խումբի ղեկավար Արփինէ Յովհաննիսեանի գլխաւորութեամբ 30 յունուարին հանդիպում ունեցած են Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ռիչըրտ Միլզի հետ: Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահը կարեւոր նկատած է Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւններու շարունակական զարգացումը եւ տարբեր մարզերու մէջ համագործակցութեան հետագայ խորացումը` այս շրջագիծին մէջ ընդգծելով միջխորհրդարանական յարաբերութիւններու...

Ակնարկ. Սահմանափակող-Սահմանափակուող Գլխաւոր Խաղցողն Ու Գործիքը

Ակնարկ. Սահմանափակող-Սահմանափակուող Գլխաւոր Խաղցողն Ու Գործիքը

Թուրքիոյ նախագահը միայն օրեր առաջ բացատրելով «Ձիթենիի ճիւղ» զինուորական ներխուժման նպատակը` կը յայտարարէր. «Մընպեժը պիտի ձերբազատենք ահաբեկիչներէն... որովհետեւ անոնք անոր իսկական տէրերը չեն, այլ անոր իսկական տէրերը մեր արաբ եղբայրներն են: Մեր գործողութիւնները պիտի շարունակենք հասնելով մինչեւ իրաքեան սահման` վնասազերծելու համար բոլոր ահաբեկիչները»: Միայն օրեր ետք` երէկ, Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը հաղորդէր, որ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնը սահմանափակ է, եւ անոր թիրախը...

Արմէն Սարգսեանը Հանդիպում Ունեցած Է  ՀՅԴ Ներկայացուցիչներուն Հետ

Արմէն Սարգսեանը Հանդիպում Ունեցած Է ՀՅԴ Ներկայացուցիչներուն Հետ

Երէկ ՀՅԴ Բիւրոյի գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) կողմէ  առաջադրուած նախագահի թեկնածու Արմէն Սարգսեանի եւ ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչներուն միջեւ հանդիպումը: Նախքան հանդիպումին սկսիլը Սարգսեան  լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին չյստակացուց` կ՛ընդունի՞ արդեօք նախագահ Սերժ Սարգսեանի առաջարկը: «Պիտի հանդիպիմ բոլոր կուսակցութիւններուն հետ, որոնք ներկայացուած են Ազգային ժողովին մէջ, նաեւ Ազգային ժողովէն դուրս բոլոր կուսակցութիւններու,...

Ռուստամեան` Սարգսեան – Ալիեւ  Հանդիպումին Մասին. «Հայաստանի Նախագահը  Յստակօրէն Ներկայացուցած Է Մեր Մօտեցումները»

Ռուստամեան. «Արմէն Սարգսեանի Թեկնածութեան Չսատարելու Պատճառ Չենք Տեսներ»

Նախագահի թեկնածու Արմէն Սարգսեանի եւ ՀՅԴ Բիւրոյի ու Գերագոյն Մարմինի անդամներու հանդիպումէն ետք ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ Սարգսեանի առաջադրման հարցը քննարկած են, խօսած են իրենց պատկերացումներուն եւ այն նոր էջին մասին, որ պիտի բացուի Հայաստանի համար: «Խորհրդարանական համակարգին մէջ բոլոր կառոյցները նորովի ձեւաւորելու խնդիր կայ, եւ...

Նախագահ Սարգսեան Այցելած Է Հայրենիքի  Պաշտպանի Վերականգնողական Կեդրոն

Նախագահ Սարգսեան Այցելած Է Հայրենիքի Պաշտպանի Վերականգնողական Կեդրոն

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ այցելած է «Հերացի» թիւ 1 հիւանդանոցային համալիրի մասնաշէնք` Երեւանի առաջին քաղաքային հիւանդանոցին մէջ տեղակայուած Հայրենիքի պաշտպանի վերականգնողական կեդրոն, որ ստեղծուած է Երեւանի պետական բժշկական համալսարանի (ԵՊԲՀ) եւ պաշտպանութեան նախարարութեան համագործակցութեամբ` երկրի նախագահին աջակցութեամբ եւ բազմաթիւ բարերարներու ու անհատ քաղաքացիներու կողմէ տրամադրուած միջոցներու շնորհիւ: Նախագահը պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի, ԵՊԲՀ-ի նախագահ Արմէն Մուրադեանի եւ շարք մը բարերարներու...

Խմբագրական.  Ազգը Պաշտպանողը, Տարածաշրջանի  Խաղաղապահը, Անվտանգութիւն Հայթայթողը  (Հայոց Բանակի Տօնին Առիթով)

Խմբագրական. Ազգը Պաշտպանողը, Տարածաշրջանի Խաղաղապահը, Անվտանգութիւն Հայթայթողը (Հայոց Բանակի Տօնին Առիթով)

Հայոց բանակի օրուան նշումները գաղափարախօսական հիմնաւորումներով հետզհետէ դուրս կու գան Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն եւ կը տարածուին հայկական աշխարհի տարբեր միջավայրերու մէջ: Հայոց բանակը պաշտպանելով այսօրուան պետական սահմանները, ըստ էութեան կը պահպանէ ամբողջ հայկական աշխարհը: Առանց անկախ հայրենիքի եւ առանց այդ անկախութիւնը երաշխաւորող հայոց բանակի այսօր դժուար պիտի ըլլար պատկերացնել աշխարհատարած հայութեան կազմակերպուածութեան եւ հայրենակեդրոն զարգացման հետագայ հոլովոյթը: Աշխարհը ամբողջ ականատես...

Բանակի Օրուան Առիթով`  Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահը,  Վարչապետն Ու Բարձրաստիճան Պաշտօնեաները  Հաստատեցին Ուժեղ Եւ Արդիական Բանակ  Ունենալու Կարեւորութիւնը

Բանակի Օրուան Առիթով` Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահը, Վարչապետն Ու Բարձրաստիճան Պաշտօնեաները Հաստատեցին Ուժեղ Եւ Արդիական Բանակ Ունենալու Կարեւորութիւնը

Հայոց բանակի օրուան առիթով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի անդամներու, պաշտպանութեան նախարարութեան եւ զինուած ուժերու ղեկավար կազմին ընկերակցութեամբ  երէկ` կիրակի, 28 յունուար 2018-ին այցելած է «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն` յարգանքի տուրք մատուցելու  իրենց կեանքը հայրենիքի անկախութեան համար զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին: Ներկաներու շարքին էին վարչապետ Կարէն Կարապետեան, պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան, արտաքին գործոց...

«Լիբանանի Մէջ Մեր Հիմնական Խնդիրն Է Հայութիւնը Եւ Լիբանանի Հայութեան Հայկականութիւնը», Հաստատեց Յակոբ Բագրատունի

«Լիբանանի Մէջ Մեր Հիմնական Խնդիրն Է Հայութիւնը Եւ Լիբանանի Հայութեան Հայկականութիւնը», Հաստատեց Յակոբ Բագրատունի

Հարցազրոյցը վարեց` ՀՈՒՐԻ ՓԱՓԱԶԵԱՆ-ԷՄՄԻԵԱՆ ՀՅԴ 126-ամեակին առիթով ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէն յայտարարեց  Ազգային ինքնութեան ֆոնտերու ստեղծման մասին, եւ անոնք սկսան գործել նախորդ տարուան ամբողջ տեւողութեան: «Օ. Թի. Վի.»-ին այս առիթով ընդհանրապէս լիբանանահայութեան դիմաց ծառացող մարտահրաւէրները դիմակալելու ձեւերուն եւ հայկական ազգային դիմագիծի պահպանման անհրաժեշտութեան վերաբերող հարցազրոյց մը ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին հետ: ՀԱՐՑՈՒՄ.- ՀՅԴ 126-ամեակին առիթով կազմակերպուած...

Նոր Սիսի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ  Անուանակոչութեան Տօն.  Ս. Սարգիս Զօրավարի Սրբապատկերի Օծում  Եւ Նոր Սիս Թաղամասի Հայկական  Դիմագիծի Ամրապնդման Շեշտադրում

Նոր Սիսի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօն. Ս. Սարգիս Զօրավարի Սրբապատկերի Օծում Եւ Նոր Սիս Թաղամասի Հայկական Դիմագիծի Ամրապնդման Շեշտադրում

Անցնող շաբաթավերջին նշուեցաւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը: Արդարեւ շաբաթ, 27 յունուարին տեղի ունեցաւ տօնախմբութիւն եւ մատաղի պատրաստութիւն, որ տեւեց մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամեր: Կիրակի, 28 յունուարին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին, «Արագած» ակումբին կից տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն` ի պատիւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, ապա թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Ս. Սարգիս եկեղեցի, ուր սրբազան հայրը մատուցեց  Ս. պատարագ: Պատարագի ընթացքին...

Շատ Ժամանակ Չէ Մնացած. Նախագահին  Զեկուցած Են Սպասուող 3 Մեծ Նախաձեռնութիւններու  Կազմակերպման Մասին

Շատ Ժամանակ Չէ Մնացած. Նախագահին Զեկուցած Են Սպասուող 3 Մեծ Նախաձեռնութիւններու Կազմակերպման Մասին

Երէկ նախագահական նստավայրին մէջ 26 յունուարին տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն, որուն ընթացքին պատասխանատուները զեկուցած են 2018 թուականին Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք կարեւորագոյն պետական երեք մեծ նախաձեռնութիւններու` Ֆրանսախօսութեան վեհաժողովին, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն եւ Երեւանի հիմնադրութեան 2800-ամեակին նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին: Զեկուցումները ներառած են նաեւ նախորդ 21 հոկտեմբերին տեղի ունեցած խորհրդակցութեան ընթացքին հանրապետութեան նախագահին կողմէ տրուած յանձնարարականներու կատարման...

Քառասնօրեայ Պահեցողութեան  Արարողութիւնները` Անթիլիասի Մայր Տաճարին Մէջ

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Ուրբաթ, 26 յունուար 2018-ի առաւօտուն, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, ընկերակցութեամբ Բիւրոյի անդամ Բենիամին Պչաքճեանի, այցելութիւն մը տուաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին: Հանդիպումի ընթացքին արծարծուեցան Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող վերջին զարգացումներն ու Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան հետ առնչութիւն ունեցող հարցեր:  

Նախարար Վիգէն Սարգսեան Ներկայացուց  Պաշտպանութեան Մարզի Նոր Ծրագիրները

Նախարար Վիգէն Սարգսեան Ներկայացուց Պաշտպանութեան Մարզի Նոր Ծրագիրները

26 յունուարին Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ  պաշտպանութեան նախարարին կից անձնակազմի նիստ, որուն  ընթացքին ամփոփուած են 2017-ի արդիւնքներն ու նախանշուած են ընթացիկ տարուան հիմնական ընելիքները: Հայկական երկու հանրապետութիւներու զինուած ուժերու փոխադարձ գործակցութեան եւ գործողութիւններու համադրման շրջագիծին մէջ նիստին մասնակցած են նաեւ պաշտպանութեան բանակի հրամանատարութեան  ներկայացուցիչները: Նիստի ընթացքին 2017 ուսումնական տարուան մարտական եւ զօրահաւաքային պատրաստակամութեան, մարտական հերթապահութեան...

Հայ – Սուրիական Կրթական  Համագործակցութեան Քննարկում

Հայ – Սուրիական Կրթական Համագործակցութեան Քննարկում

Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան 26 յունուարին ընդունած է Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Մոհամետ Հաժ Իպրահիմին: Ողջունելով հիւրը` նախարար Լեւոն Մկրտչեան կարեւոր նկատած է երկու բարեկամ պետութիւններուն միջեւ առկայ համագործակցութեան ամրապնդման ու զարգացման վերաբերող իւրաքանչիւր գործնական նախաձեռնութիւն: Այդ պարունակին մէջ Լեւոն Մկրտչեան կարեւոր նկատած է Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան եւ Սուրիոյ բարձրագոյն կրթութեան նախարարութեան միջեւ յառաջիկային ստորագրուելիք ...

Լրագրութեան Վարժողական Ծրագիր (16).  Ելեկտրոնային Տեղեկատուութեան Դաշտը,  Հանրային Ու Առցանց Կապերը Դարձան  «Ապագայ Լրագրողներ»-ուն Ուշադրութեան Առարկան

Լրագրութեան Վարժողական Ծրագիր (16). Ելեկտրոնային Տեղեկատուութեան Դաշտը, Հանրային Ու Առցանց Կապերը Դարձան «Ապագայ Լրագրողներ»-ուն Ուշադրութեան Առարկան

Տպագիր մամուլին, ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի կայաններուն, լրատուութեան տարբեր ձեւերուն, թղթակցութեան օրէնքներուն եւ տարբեր ոճի գրութիւններուն ու աւանդական լրագրութեան ծանօթացման մասին ամիսներ երկարող դասընթացքներէն ետք, «Ազդակ»-ի իրագործած Լրագրութեան վարժողական ծրագիրը երէկ տարբեր ձեւով եւ արհեստագիտութեամբ ներկայացաւ իր «Ապագայ լրագրողներ»-ուն: «Ազդակ»-ի խմբագրատունէն առցանց կապով միացանք ՀՅԴ Բիւրոյի հանրային կապերու գրասենեակի պատասխանատու Արտակ Սարգսեանի հետ, որ Երեւանի իր գրասենեակէն «Ապագայ լրագրողներ»-ը ողջունեց ու...

Page 581 of 796 1 … 580 581 582 … 796

Արխիւներ