Նախապէս Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի ընտրութեանց իր թեկնածութիւնը դրած Տենի Թարխանեան, անսալով նախագահ Տանըլտ Թրամփի կոչին, որոշած է կասեցնել իր այդ ընտրապայքարը եւ նոր ընտրապայքարի մը սկսած է, այս անգամ` Նեւատայի քոնկրեսական երրորդ ընտրատարածքին մէջ Ներկայացուցիչներու տան անդամ ընտրուելու նպատակով:
Յիշեցնենք, որ 2016-ին, նոյն այս ընտրատարածքին մէջ, Թարխանեան նախնական ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրած էր` դառնալով Հանրապետական կուսակցութեան պաշտօնական թեկնածուն, սակայն նոյեմբերի ընտրութիւններուն տեղի տուած էր դեմոկրատական թեկնածուին դիմաց:
Յաջողակ գործարար եւ պասքեթպոլի հանրայայտ մարզիչ Ճերի Թարխանեանի զաւակը` Տենին, միշտ պաշտպանած է ամերիկահայութիւնը յուզող հարցեր:
Լաս Վեկասի Հայ դատի յանձնախումբը որոշած է նեցուկ կանգնիլ Թարխանեանի ընտրապայքարին: