Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն երկու տարի անց այսօրուան իրավիճակին մասին որոշ երեւոյթներու ընդգծումներ կարելի է կատարել: Ապրիլեան պատերազմը ըստ էութեան զերօ կէտ վերադարձուց արցախեան բանակցային գործընթացը: Նման յարձակողապաշտութիւն դրսեւորելով եւ իր առջեւ դրած ռազմական առաջադրանքը իրականացնել չկարենալով Պաքուն այս ձեւով նուազ արձանագրեց նաեւ դիւանագիտական հարթութեան վրայ:
Բանակցութիւններու թեման թէ՛ Վիեննայի, թէ՛ Փեթերսպուրկի եւ թէ՛ Ժընեւի մէջ ըստ էութեան կազմեցին ոչ թէ հակամարտութեան լուծման տարբերակային մօտեցումները, այլ հրադադարի ամրակայման որդեգրելի մեքենականութիւններու ճշդումը: Մշտադիտարկում, հետաքննութիւն եւ նաեւ այդ բոլորին համար ԵԱՀԿ-ի անձնական ներկայացուցիչի լիազօրութիւններու ընդլայնման հրամայականը:
Բանակցութեան փիլիսոփայութիւնը հիմնովին եւ կտրուկ շրջադարձ ըրաւ այս ձեւով: Պաքուն խորքին մէջ ներքաշուած է իր լարած ծուղակին մէջ: Նման բանակցային նիւթերու ճշդում միջնորդական առաքելութեան կողմէ, թէեւ առանց հասցէականութեան, ըստ էութեան սակայն թիրախաւորած են Պաքուի ռազմաքաղաքական համակարգը: Հրադադար խախտողին, ներթափանցման գործողութիւն իրականացնողին եւ արձակազէններու գործողութիւններու շարք հրամցնող կողմին ուղղուած են այս բոլոր միջոցներու որդեգրման որոշումները:
Միջնորդական առաքելութիւնը անվերջ կը խօսի ազրպէյճանաարցախեան շփման գիծը արդիական գործիքակազմով յագեցնելու մասին, նախ յայտնաբերելու համար յարձակողապաշտ նախաձեռնողականութիւն ցոյց տուողը, ապա նաեւ հետաքննելու այդ կողմը: Այս տրամաբանութեամբ ալ կը հետեւի երրորդ հրամայականի շեշտումը` ընդլայնել ԵԱՀԿ-ի ներկայացուցիչին լիազօրութիւնները, դիտորդներու թիւի բազմապատկումով եւ շփման գիծը վերահսկելի դարձնելու ուղղութեամբ: Վիեննայէն Ժընեւ, անցնելով Փեթերսպուրկէն` այս գիծն է, որ կարմիր թելի նման կը շեշտէ միջնորդական առաքելութիւնը, որուն կողմ է Երեւանը եւ յայտնաբար իր արգելակիչ պահուածքով դէմ է Պաքուն:
Հայկական կողմը, չէզոքացնելով ապրիլեան մեծածաւալ պատերազմի նախադրեալները, յաջողեցաւ դիւանագիտական հարթութեան վրայ համատեղել հայկական եւ միջազգային պահանջները ներկայ պահուն: Մինչ Ազրպէյճանի նախագահը աւելի խորացուց իր ներքաշումը իր իսկ լարած ծուղակին մէջ, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ տարածքային տիրացման նկրտումներ դրսեւորեց ձեւով զառանցումային, էութեամբ` ներքին շուկայի համար գրաւիչ արտադրութիւն սպասարկելով: Ազրպէյճանի բարձրագոյն դիրքերէն կատարուած այս յայտարարութիւնը հզօր հարուած էր բանակցային գործընթացի փոխզիջումային տրամաբանութեան` ակներեւ ո՛չ միայն հայկական կողմին, այլեւ միջազգային ընտանիքին: Համոզելով բոլորը, որ յարձակողապաշտին, ո՛չ միայն արցախեան, այլ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան ուղղութիւններով տարածքներու գրաւման ծրագիրներ բարձրաձայնող, իր ժողովուրդին մէջ հայատեացութեան գաղափարախօսութիւն տարածող կողմին նկատմամբ միայն զսպիչ-պատժիչ գործողութիւններու ընտրանք կը պարտադրուի այս ձեւով: Իսկ միջազգային ընտանիքին համար հրամայական կը դառնայ շփման գիծի վերահսկողութիւնը` այդ ձեւով կանխարգիլելու համար Պաքուի կողմէ հրապարակուող ծրագիրները:
Այս բոլորին մէջ հայկական կողմի եւ միջազգային ընտանիքի մօտեցումներուն միջեւ կ՛ընդգծուի մօտեցումներու համատեղելիութեամբ նկատուող այլ իրականութիւն մը: Շփման գիծը, որուն երկայնքին գործիքակազմ, մշտադիտարկում, հետաքննութիւն եւ յագեցած արհեստագիտութիւն կ՛ուզէ տեղադրել եւ համապատասխան վերահսկող գործողութիւններ իրականացնել ԵԱՀԿ-ը, ըստ էութեան այսօրուան փաստացի (տէ ֆաքթօ) սահմաններն են: Այդ փաստացի սահմաններուն միջազգային ամրագրման կը միտին միջնորդական առաքելութեան կողմէ իբրեւ հրամայական շեշտուող իրականանալի գործողութիւնները:



