Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ցեղասպանութեան Զոհերու Ոգեկոչման Բանաձեւը Ներկայացուեցաւ Քալիֆորնիոյ Օրէնսդիր Մարմինին

March 29, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկուշաբթի, 26 մարտին, Քալիֆորնիոյ Նահանգային խորհրդարանի անդամ Լորա Ֆրիտմըն նահանգային օրէնսդիր մարմինին ներկայացուց թիւ 37 միացեալ բանաձեւը, որ 24 ապրիլ 2018-ն կը հռչակէ «Քալիֆորնիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 103-ամեակի ոգեկոչման օր»: Ֆրիտմընին զօրակցեցան Քալիֆորնիոյ Օրէնսդիր մարմինի հայկական համախմբումի անդամներ Ատրին Նազարեան (խորհրդարանական) եւ ծերակուտականներ Սքաթ Ուիլք ու Էնթընի Փորթանթինօ:

Ֆրիտմըն յիշեցուց, որ հայաշատ Կլենտէյլի եւ Քալիֆորնիոյ տարածքին հայերը ապրիլ 24-ին կ՛ոգեկոչեն հայ ժողովուրդին դէմ տեղի ունեցած ահաւոր ոճիրները` միաժամանակ խոստանալով նորոգել ատելութեան եւ անհանդուրժողութեան դէմ պայքարը աշխարհի տարածքին:

«Այս բանաձեւը առիթ մըն է Քալիֆորնիոյ ժողովուրդին, որ յարգանքի իր տուրքը մատուցէ միլիոնաւոր հայ զոհերուն եւ պահանջէ իր ղեկավարներէն, որ դատապարտեն Հայոց ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը ուրանալու իւրաքանչիւր փորձ», աւելցուց Ֆրիտմըն:

Բանաձեւը նաեւ նշում կը կատարէ Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրած փոքրամասնութեանց օժանդակութեան հասած Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյցին բարեսիրական ջանքերուն եւ կը դրուատէ ու կը քաջալերէ Ցեղասպանութեան իրականութիւնը իրենց համայնքներուն փոխանցողները եւ դասաւանդողները:

Ֆրիտմըն սոյն բանաձեւը պիտի կարդայ ապրիլ 23-ին, խորհրդարանին մէջ նախատեսուած քուէարկութեան ընթացքին:

 

Նախորդը

Թրամփ Նեցուկ Կը Կանգնի Թարխանեանի Ընտրապայքարին

Յաջորդը

«Անհրաժեշտ Է Աջակցիլ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Խաղաղ Լուծման` Միջազգային Սկզբունքներու Հիման Վրայ» Կ՛ըսէ Սեքութա

RelatedPosts

Լիբանանահայութիւնը Արժանի Տօնակատարութեամբ Նշեց ՀՅԴ-ի 136-Ամեակը
Գաղութային

Լիբանանահայութիւնը Արժանի Տօնակատարութեամբ Նշեց ՀՅԴ-ի 136-Ամեակը

November 28, 2026
9 Նորագիրներ Միացան ՀՅ Դաշնակցութեան Շարքերուն
Գաղութային

47 Նորագիրներ Միացան Դաշնակցութեան Շարքերուն` Կոչուելով «Արարատ»-ի Սերունդ

November 28, 2026
Սիպիհա. «Ուքրանիան Չի Պատրաստուիր  Ռուսիոյ Սկսած Պատերազմը  Լիպիա Տեղափոխելու»
Գլխաւոր լուրեր

Սիպիհա. «Ուքրանիան Չի Պատրաստուիր Ռուսիոյ Սկսած Պատերազմը Լիպիա Տեղափոխելու»

November 28, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։