Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սէրը Աստուծոյ Ճառագայթն Է Մարդկային Կեանքին Մէջ` Մեր Կեանքն Ու Շրջապատը Լուսաւորող» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Մարտ 30, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի, 29 մարտ 2018-ի երեկոյեան ժամը 4:00-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Ոտնլուայի հոգեպարար արարողութիւն, որուն հանդիսապետեց Արամ Ա. կաթողիկոսը: Հետեւելով Յիսուս Քրիստոսի օրինակին, վեհափառ հայրապետը լուաց միաբան հայրերուն եւ դպրեվանքի սաներուն ոտքերը, ապա տուաւ իր հայրապետական պատգամը:

Իր պատգամին մէջ վեհափառ հայրապետը ընդգծեց Քրիստոսի սէրը եւ յայտնեց, որ Ոտնլուայի արարողութեամբ կը շեշտուի սիրոյ հրամայականը: Ան ըսաւ, թէ Քրիստոս ո՛չ միայն զանազան առիթներով խօսեցաւ սիրոյ անհրաժեշտութեան մասին, այլեւ իր աշակերտներուն ոտքերը լուալով ցոյց տուաւ մարդուն, թէ սէրը կեանքին մէջ պէտք է մշտական ներկայութիւն դառնայ: Սէրը մտածում չէ, այլ կեանքի որակ է: Աստուած մարդուն Ինքզինք ճանաչելի դարձուց սիրոյ ճամբով. այլապէս մենք չենք կրնար զԱստուած տեսնել մեր մտքին կամ գիտութեան ճամբով, Աստուած Ի՛նքն է, որ Ինքզինք տեսանելի կը դարձնէ ու դարձուց` Իր սէրը յայտնելով մարդուն նկատմամբ, ըսաւ վեհափառ հայրապետը:

Վեհափառ հայրապետը վերյիշեցուց, որ Աստուած Որդիին մարդեղացումով կամուրջ մը նետեց երկրին ու երկինքին միջեւ, որպէսզի մարդը սիրոյ երկխօսութեան ճամբով երկինք բարձրանայ: Մենք նեղ հասկացողութեամբ պէտք չէ հասկնանք Քրիստոսի պատուէրը, որ կ՛ըսէ` «սիրեցէք զիրար»: Քրիստոս ի՛նք սիրեց մեզ ու իր արիւնով մեզ Աստուծոյ որդեգիր զաւակները դարձուց, իսկ Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութիւնը դարձաւ Հօր եւ զաւակի յարաբերութիւն: Այդ յարաբերութեան խորքը, իմաստն ու նպատակը սէրն է եւ այդ սէրը գիտակի՛ց սէր է, ըսաւ վեհափառ հայրապետը:

Նշենք, որ երեկոյեան ժամը 7:30-ին տեղի ունեցաւ Քրիստոսի մատնութիւնը, չարչարանքները եւ խաչելութիւնը խորհրդանշող «Խաւարման գիշեր»-ը:

Աւագ Հինգշաբթին`
Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ

Երէկ` Աւագ հինգշաբթի, 29 մարտին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ոտնլուայի հանդիսաւոր արարողութիւն, զոր կատարեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան:

Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր պատգամին մէջ առաջնորդ սրբազան հայրը նկատել տուաւ, որ Ոտնլուայի արարողութեամբ Քրիստոս իբրեւ սիրոյ պատուիրան թելադրեց իր աշակերտներուն, որ իրարու հետ նոյն ձեւով վարուին, իրար ոտքերը լուան եւ աշխարհին մէջ զիրար սիրեն, յարգեն եւ պատուեն, որպէսզի աշխարհ զիրենք ճանչնայ իբրեւ Աստուծոյ զաւակներ: «Քրիստոնէական կրօնը գիտութիւն չէ պարզ հասկացողութեամբ: Այս բոլորը գիտնալը բաւարար չէ: Քրիստոնեան պէտք է այս բոլորը գործադրէ: Իր արտայայտութիւններուն ընդմէջէն նոր կեանք տայ Քրիստոսին, որ խոնարհութեան իբրեւ գերագոյն արտայայտութիւն, երկինքէն երկիր իջաւ, որպէսզի մարդուն ծառայէ» հաստատեց սրբազան հայրը` նկատել տալով, որ Ոտնլուայի կարգի արարողութիւնը կը կատարենք ոչ թէ պարզապէս աւանդութիւն մը յարգելու հասկացողութեամբ, այլ որպէսզի մեր մէջ քրիստոնէական սիրոյ հասկացողութիւնը վերակենդանացնենք, այնպէս ինչպէս զայն Յիսուս Քրիստոս մեզի կը յանձնարարէ: Սրբազան հայրը ըսաւ, թէ Տէրը կը պատգամէր զիրար սիրել եւ այդ պատգամով յիշեցուցած կ՛ըլլար, որ կեանքին մէջ իրարօգնութեամբ զիրար բարձրացնելով պարտինք ապրիլ, նաեւ ան բոլոր ժամանակներուն սիրոյ պատուէրը կը փոխանցէր համայն մարդկութեան: Շահէ եպս. Փանոսեան ըսաւ, թէ սիրոյ պատուէրը գերագոյնն է Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած բոլոր պատուիրաններուն` աւելցնելով, որ սիրոյ մէջ բոլոր հարցերը կը լուծուին ու կը վերանան եւ սիրով պարուրուած բոլորս կը մեծնանք, դառնալով Աստուծոյ ճշմարիտ զաւակները երկինքի մէջ ժառանգելով անմահական եւ յաւիտենական այն բոլոր պարգեւները, որոնք Աստուած կը խոստանայ իր բոլոր զաւակներուն հաւասարապէս: «Քրիստոս իր սիրոյ պատգամով այսօր մեզի կը թելադրէ խոնարհիլ, սիրով վերաբերիլ, եղբայրաբար կիսել կեանքը, որպէսզի մեր երկրաւոր կեանքի պայմանները  իսկապէս մեզ առաջնորդեն յաւիտենականութեան, փառաւորելու համար զԱստուած», եզրափակեց սրբազան հայրը:

Այնուհետեւ սրբազան հայրը կատարեց Ոտնլուայի կարգը:

 

 

 

Նախորդը

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւն. Երկրորդական Կարգերու Աշակերտներ Այցելեցին Հայ Ազգային Ծերանոց

Յաջորդը

Ընտրական Քրոնիկ. Պիտանին Ու Անպիտանը, Կարելին Ու Անկարելին

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?