ՀՅԴ Հայաստանի 21-րդ Գերագոյն ժողովի ընտրած Գերագոյն մարմինի անդամներէն Արսէն Համբարձումեանը, Արթուր Եղիազարեանը, Արթուր Ղազարեանը եւ Իշխան Սաղաթելեանը երէկ տուին մամլոյ ասուլիս մը: Անոնք լրագրողներու հետ հանդիպումը սկսան` անոնց նուիրելով Սիմոն Վրացեանի «Հայաստանի Հանրապետութիւն» գիրքը:
ՀՅԴ Հայաստանի նորընտիր Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան նշեց, որ վերջերս գումարուած է Գերագոյն ժողովը, որուն մասնակցած են աւելի քան 100 պատգամաւոր, ինչպէս նաեւ հրաւիրեալներ Իրանի, Քանատայի եւ ՀՅԴ այլ կառոյցներէ:
«Գերագոյն ժողովը քննարկած է Հայաստանի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութիւնը, առկայ մարտահրաւէրները, քաղաքական մարտահրաւէրները, անդրադարձած կուսակցութեան գործունէութեան, ընդունուած են համապատասխան բանաձեւեր», տեղեկացուց ան:
Համբարձումեանի համաձայն, այդ բանաձեւերը ուղենիշ պիտի ըլլան Գերագոյն մարմինի յառաջիկայ գործունէութեան համար: «Գերագոյն ժողովը վերահաստատած է կուսակցութեան որդեգրած ուղեգիծը` իրականացնել աշխուժ քաղաքականութիւն ընկերային մարզին մէջ, յատկապէս` աշխատատեղերու բացում, ժողովրդագրական աշխուժ քաղաքականութեան իրականացման ուղղուած աշխատանքներ, պետութիւն-հասարակութիւն վստահութեան քայլերու կատարում եւ այլ կարեւոր խնդիրներ», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով նորընտիր Գերագոյն մարմինի կազմին` Համբարձումեան նշեց, որ անիկա կ՛ընտրուի երկամեայ ժամանակահատուածով: «Նոր Գերագոյն մարմինը բաղկացած է 9 հոգիէ որոնցմէ 6-ն նոր անդամներ են, որոնք տարբեր ժամանակահատուածներու ընթացքին աշխուժ դերակատարութիւն ունեցած են կուսակցութեան մէջ», ըսաւ ան:
Ինչ կը վերաբերի Գերագոյն մարմինի կազմի լուրջ փոփոխութեան, Համբարձումեան նշեց, որ անիկա պայմանաւորուած է շարք մը հանգամանքներով: «Դաշնակցական նախարարներն ու պատգամաւորները, որոնք Գերագոյն մարմինի անդամներ էին, բազմազբաղ են: Գերագոյն ժողովը կարեւոր նկատած է կազմակերպչական հարցերու կազմաւորումը. թէ՛ նախարարները, թէ՛ խորհրդարանականները երկու ճամբարով ծանրաբեռնուած կ՛ըլլան, կարելիութիւն չըլլար աշխատանքները լիարժէք կատարելու: Որոշած ենք, որ այս ժամանակահատուածին աշխատանքներու վերակազմակերպման համար աւելի նպատակայարմար կ՛ըլլայ այս կազմը: Այսինքն` այսպէս աւելի արդիւնաւէտ կ՛ըլլայ Գերագոյն մարմինի աշխատանքը: Միեւնոյն ժամանակ չենք կաշկանդեր մեր ընկերները պաշտօնական պարտականութիւններու կատարումով», ըսաւ ան:
Ըստ Համբարձումեանի, Գերագոյն մարմինը ընտրուած է համախոհութեամբ` վստահութեան մեծ քուէով, ինչ որ յոյս կու տայ, որ յառաջիկայ երկու տարիներուն բոլոր առաջադրանքները կարենայ պատուով կատարել: «Գերագոյն մարմինի անդամներէն 6-ն Դաշնակցութեան ուսանողական միութեան նախկին անդամներ են, այսինքն` նոր սերունդի ներկայացուցիչներ», ըսաւ ան:
Նման օրակարգ ՀՅԴ-ն չունի, յայտարարեց ՀՅԴ նորընտիր Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան` անդրադառնալով այն հարցումին, թէ արդեօք կը համապատասխանե՞ն իրականութեան մամուլին մէջ շրջանառուող այն լուրերը, թէ դաշնակցական պատգամաւոր Աղուան Վարդանեանը պիտի նշանակուի նախարար, եւ այդ հանգամանքով պայմանաւորուած է Գերագոյն մարմինի կազմի փոփոխութիւնը:
«Ծանօթ եմ վերջին օրերուն տարբեր լրատուամիջոցներու մէջ կատարուած հրապարակումներուն: Շատ դիւրութեամբ մարդիկը կը նշանակէք պաշտօններու վրայ: Չկայ նման օրակարգ, ընկերներուն չընտրուիլը նոր կազմին մէջ նման հանգամանքներով պայմանաւորուած չէ: Անոնք իբրեւ թեկնածու ալ առաջադրուած չեն եղած», ըսաւ ան:
Ինչ կը վերաբերի այն դիտարկման, թէ Գերագոյն ժողովը գոհ չէ՞ մնացած նախկին Գերագոյն մարմինի աշխատանքներէն, Համբարձումեան ըսաւ, որ Գերագոյն ժողովը նախորդ Գերագոյն մարմինի աշխատանքը գնահատած է բաւարար: «Ատիկա դժգոհութեան հետ պէտք չէ կապել», ըսաւ ան:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք Գերագոյն մարմինի կազմի փոփոխութիւնը պայմանաւորուա՞ծ է այն հանգամանքով, որ ՀՅԴ-ն կաշկանդուած չըլլայ խորհրդարանին մէջ քննադատելու իշխանութիւնը, Համբարձումեան պատասխանեց. «ՀՅԴ-ն կաշկանդուող կուսակցութիւններէն չէ: ՀՅԴ-ն երբեք չէ կաշկանդուած, յառաջիկային ալ պիտի չկաշկանդուինք: Համաձայնական կառավարութեան մէջ ըլլալով հանդերձ` ՀՅԴ-ն ազատ է իր կարծիքը արտայայտելու այն հարցերուն շուրջ, որոնք նախատեսուած չեն համաձայնական դաշինքի յուշագիրով, եւ որոնց շուրջ քննարկումներ ու որոշումներ չեն կայացած»:
Ան յորդորեց` կատու չփնտռել մութ սենեակի մէջ, նման խնդիր չկայ: «Գերագոյն մարմինը ընտրուած է համախոհութեամբ, իսկ քաղաքական ուղղութիւնը մնացած է նոյնը: Զուտ ներքին կազմակերպչական իմաստով նպատակայարմար նկատուած է, որ կազմը ենթարկուի փոփոխութեան, իսկ սերնդափոխութիւնը այս իմաստով խրախուսելի է: Եթէ կ՛ուզենք երբեւէ ինչ որ բան փոխել, ատիկա պէտք է ընենք դէմքերու փոփոխութեամբ, եւ այս առումով բաւական համարձակ որոշում տուած է Գերագոյն ժողովը», ըսաւ Համբարձումեան:
Ան միեւնոյն ժամանակ յայտարարեց, որ ՀՅԴ-ի` համաձայնական դաշինքին մաս կազմելը չի նշանակեր, որ ՀՅԴ-ի գործողութիւնները պայմանաւորուած են ՀՀԿ-ի գործողութիւններով: «Գերագոյն մարմինը միշտ ենթարկուած է փոփոխութիւններու: Դուք չէք կրնար տեսնել դէպք մը, երբ Գերագոյն մարմինին մէջ փոփոխութիւն եղած չըլլայ: Կը վստահեցնեմ, որ ներկուսակցական որեւէ խնդիր չկայ: Ատոր համոզուելու առիթը կ՛ունենաք: ՀՅԴ-ն կը շարունակէ մնալ մէկ խումբ, ՀՅԴ-ն մէկ անձի կուսակցութիւն չէ եղած, պիտի չըլլայ: Այս առումով ՀՅԴ-ն շահեկանօրէն կը տարբերի միւս կուսակցութիւններէն», յայտարարեց Համբարձումեան:
«Ձեր տեղեկատուութեան աղբիւրները հաստատ չեն», ըսաւ Արսէն Համբարձումեան` անդրադառնալով այն հարցումին, թէ արդեօք դաշնակցական նախարարական պաշտօններու փոփոխութեան հարց կա՞յ:
«Դաշնակցութեան պարագային միակ հաստատ տեղեկատուութեան աղբիւրը կրնայ Գերագոյն մարմինը ըլլալ եւ ես` իբրեւ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, ձեզի կը վստահեցնեմ, որ նման փոփոխութիւններու հարց մեր օրակարգին վրայ չունինք», ըսաւ ան, ապա նշեց, որ սակայն քաղաքականութեան մէջ որեւէ բան բացառուած չէ, եւ եթէ ըլլայ նման փոփոխութիւններու անհրաժեշտութիւն, ապա անոր մասին իրենք կը տեղեկացնեն», ըսաւ ան:
Ան նշեց, որ այս պահուն նման օրակարգ չունին եւ ըսաւ. «Մենք գործադիր իշխանութեան բարձրագոյն օղակին մէջ աշխատող մեր երեք ընկերներու աշխատանքէն գոհ ենք եւ այստեղ որեւէ խնդիր չենք տեսներ, հետեւաբար նաեւ փոփոխութեան անհրաժեշտութիւն չենք տեսներ»:
Համբարձումեան նաեւ անդրադարձաւ 2022 թուականի ընտրութիւններուն ՀՅԴ-ի մասնակցելու ձեւաչափին: «Դաշնակցութիւնը միշտ ալ ինքնավստահ գացած է ընտրութիւններուն, գացած է առանձին` իր յստակ օրակարգով: Կը կարծեմ` յաջորդ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ժամանակ մենք աւելի լաւ արդիւնքներ արձանագրելու կարելիութիւններ պիտի ունենանք», ընդգծեց ան:
Անոր համաձայն, ճիշդ է, Դաշնակցութիւնը երբեք չէ եղած զանգուածային կուսակցութիւն եւ չեն ալ ակնկալեր, որ մօտ ապագային կրնայ դառնալ այդպիսին, բայց կազմակերպական կառոյցը զօրացնելու համար եւ աւելի պատրաստ երթալու համար ընտրութիւններու, հսկայական ընելիք ունին, որուն ուղղութեամբ ալ աշխատանքներ կ՛իրականացնեն:
Սահմանադրական բարեփոխումներու ջատագովը ըլալով` ՀՅԴ-ն երբեք քաղաքական զարգացումները անձերով չէ պայմանաւորած, ըսաւ Արսէն Համբարձումեան` անդրադառնալով վարչապետի պաշտօնին նախագահ Սերժ Սարգսեանը թեկնածութիւնը առաջադրելուն:
«Մեզի համար կարեւոր են համակարգային փոփոխութիւնները, եւ իշխանութեան խնդիրը լուծուած է Ազգային ժողովի ընտրութիւններով: Կեղծ քաղաքական օրակարգ է վարչապետի թեկնածուի հարցին արծարծումը, քանի որ անիկա վերապահուած է քաղաքական մեծամասնութեան, եւ իբրեւ համաձայնական դաշինքի կողմ` մենք յարգանքով կը վերաբերինք քաղաքական գործընկերոջ կողմէ կայացած որոշումին»:
Անոր համաձայն, եթէ Սերժ Սարգսեան քաղաքական գործիչի մասին չունենային դրական մօտեցում` ամենայն հաւանականութեամբ դաշինքին մաս չէին կազմեր:



