«Թատրոնի միջազգային օր»-ուան առիթով` հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Թատրոնի, շարժապատկերի, ձայնասփիւռի, պատկերասփիւռի դերասաններու սենտիքային, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան, երեքշաբթի, 27 մարտի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի հանդիսութիւն` նուիրուած թատրոնի նուիրեալներ Նուպար Մանուկեանի, Յովսէփ Գափլանեանի, Զաւէն Պաաքլինիի, Յակոբ Գալայճեանի եւ Կարօ Քիրիաքոյի:
Սրահի մուտքին ցուցադրուած էին մեծարեալներու զանազան տարիներու նկարները` առնուած տարբեր թատերախաղերու մէջ իրենց խաղարկութեան ժամանակ: Իսկ հանդիսութեան բեմայարդարումի ձեւաւորումը կատարած էր բեմադրիչ Վարդան Մկրտիչեան:
Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը հայերէնով եւ արաբերէնով արտասանեց Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան անդամ Արազ Գոճայեան: Ան նախ եւ առաջ հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու լիբանանեան թատրոնի մեծ դէմքերէն Ժալալ Խուրիի յիշատակը: Ապա Գոճայեան բարի գալուստ մաղթեց բոլորին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, որուն բեմը լիբանանահայ գաղութի թատերական կեանքին, ինչպէս նաեւ հայկական միւս գաղութներու թատերական կեանքին տուաւ թատրոնի նուիրեալներ, որոնք իրենց տաղանդով եւ թատերական դաստիարակութեամբ իրենց բեմադրիչներուն, յատկապէս Ժորժ Սարգիսեանի եւ աւելի ուշ Վարուժան Խտշեանի հետ ապրեցան, շնչեցին, տագնապեցան թատրոնով: Ան ըսաւ, թէ «Թատրոնի միջազգային օր»-ը առիթ մըն է «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին համար, որ անգամ մը եւս յիշէ թատրոնի նուիրեալները, որոնց նուիրումին շնորհիւ «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը կը շարունակէ բեմ բարձրանալ ամէն տարի:
«Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութիւնը «Թատրոնի միջազգային օր»-ը նշելով չ՛առանձնացներ քանի մը անուններ, այլ երկրորդ տարին ըլլալով այս տօնը կը նուիրէ նաեւ թատրոնի բոլոր նուիրեալներուն, հայ թէ՛ օտար, պատմութեան մէջ յիշուած անուններուն թէ՛ քուլիսներու ետին աշխատողներուն: «Թատրոնի միջազգային օր»-ը առիթ մըն է յարգելու անցեալի նուաճումները, գնահատելու ներկան եւ ըստ այնմ ծրագրելու ապագան», հաստատեց Գոճայեան` աւելցնելով, որ այս առաջադրանքով, վարչութիւնը իր ծրագիրներուն մէջ կը նախատեսէ` ա) վերաորակաւորել լիբանանահայ թատրոնի դաշտը, որուն համար արդէն իսկ աւելի քան մէկ ամիսէ ի վեր նախաձեռնած է թատրոնի վարժանիստերու, բ) գործակցիլ լիբանանահայ, լիբանանեան, սփիւռքի եւ Հայաստանի թատերախումբերու հետ:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ Սուրէն Խտըշեանի պատրաստութեամբ տեսերիզի ցուցադրութիւն: Տեսերիզին մէջ օրուան մեծարեալները խօսեցան իրենց թատերական փորձառութեան մասին, նաեւ դրուագներ ներկայացուցին իրենց թատերական կեանքէն: Թատերական կեանքի եւ թատրոնի նկատմամբ նուիրումի մասին վկայութիւններ ներկայացուցին նաեւ բեմադրիչներ Վաչէ Ատրունի, Յարութ Գնդունի, Յակոբ Տէր Ղուկասեան, Սուրէն Խտըշեան, ինչպէս նաեւ Մարտիկ Տեմիրճեան, Սեդա Ունճեան-Խտըշեան եւ Մարալ Հայիթեան:
Օրուան բանախօս արուեստաբան դոկտ. Մովսէս Հերկելեան գնահատական խօսք ուղղեց Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին, որ նման աւանդական բնոյթ ունեցող նմանօրինակ ձեռնարկներ կը կազմակերպէ: Ան նկատել տուաւ, որ օրուան մեծարեալները` Նուպար Մանուկեան, Յովսէփ Գափլանեան, Զաւէն Պաաքլինի, Յակոբ Գալայճեան եւ Կարօ Քիրիաքօ, ընդհանրապէս առնչուած են «Թատրոն 67»-ի եւ Վարուժան Խտըշեանի հետ: Խօսելով թատրոնի բնոյթին մասին` դոկտ. Հերկելեան ըսաւ, թէ երկու տեսակ դերասանական արուեստ կայ` ցուցադրումի ու վերապրումի արուեստ` բացատրելով իւրաքանչիւրին բնոյթը: Ցուցադրումի արուեստը այն է, որ դերասանը նախապէս կը սորվի, կ՛իւրացնէ, կը ներշնչուի եւ իր մէջ կ՛ամբարէ իր դերին մանրամասնութիւնները եւ երբ բեմ բարձրանայ, ինքնաբերաբար անոնք կը քակուին եւ իր դերը կը կատարէ ըլլալով համոզիչ եւ վարակիչ, մինչ վերապրումի արուեստի պարագային ներշնչումը պարտադիր է դերասանին համար, ան բեմ չբարձրացած պէտք է կերպարը ընդունի իր մէջ, ապա բեմին վրայ ապրի իր ստանձնած կերպարին կեանքը: Բանախօսը նկատել տուաւ, որ այս երկու պարագաներուն ալ ճիշդի կամ սխալի հարց չկայ, նաեւ լաւի եւ վատի հարց ալ չկայ, այլ` ամէն ինչ կախում ունի դերասանին կարողութենէն, տաղանդէն եւ հմտութենէն` աւելցնելով, որ Վահրամ Փափազեան ցուցադրումի ներկայացուցիչ էր, իսկ Հրաչեայ Ներսիսեանը` վերապրումի: Անդրադառնալով Վարուժան Խտըշեանին` դոկտ. Հերկելեան ըսաւ, թէ ան վերապրումի դերասան էր, եւ երբ դուրս կու գար բեմէն, երկար ժամանակ տակաւին իր կերպարին մէջ կը մնար, որովհետեւ ընդունած եւ ապրած էր զայն, սակայն իբրեւ բեմադրիչ ան ցուցադրումի բեմադրիչ էր, որովհետեւ իրեն հետ գործակցողները բոլորը սիրողական էին, եւ ինք պէտք էր անոնցմէ դերասան պատրաստէր, եւ այդ մէկը կախեալ էր նաեւ դերասանին ընդունակութենէն եւ տաղանդէն: Ակնարկելով մեծարեալներուն` բանախօսը ըսաւ, թէ անոնք սկսան այդ ձեւով, սակայն հասան տեղ մը, ուր արդէն մասնագիտացած էին եւ կարելիութիւնը ունէին նաեւ վերապրումի դեր խաղալու` աւելցնելով, որ անոնք նաեւ յանկարծաբանութիւն կ՛ընէին, որ կարեւոր մասնիկն է դերասանի մը ունեցած տաղանդին:
Այնուհետեւ ան ներկայացուց իր վկայութիւնները Նուպար Մանուկեանի, Յովսէփ Գափլանեանի, Զաւէն Պաաքլինիի, Յակոբ Գալայճեանի եւ Կարօ Քիրիաքոյի մասին` պատմելով դէպքեր իւրաքանչիւրին մասին: Եզրափակելով իր խօսքը` դոկտ. Մովսէս Հերկելեան հաստատեց, որ ունինք երկու հազարամեայ պատմութիւն թատրոնի, որ տարածուած եղած է մեր մէջ, եւ հայ ազգը ո՛ւր որ երթայ, եկեղեցիի եւ դպրոցի կողքին թատերախումբ կը հիմնէ:
Անգլերէնով արտասանած իր խօսքին մէջ դոկտ. Հերկելեան անդրադարձաւ հայ-լիբանանեան թատերական փոխադարձ յարաբերութիւններուն` տալով օրինակներ այն հայ դերասաններէն, որոնք գործակցած են լիբանանցի բեմադրիչներուն հետ:
Բեմադրիչ-դերասան Մունիր Քեսրուանի իր խօսքը ուղղելով մեծարեալներուն ըսաւ. «Հաւաքուած ենք միասին վերյիշելու փայլուն յաջողութիւնները, զորս իրագործեցիք վաստակաւոր բեմադրիչներ Վարուժան Խտըշեանի, Ժորժ Սարգիսեանի, Պերճ Ֆազլեանի եւ այլոց հետ: Ձեզի հետ ապրեցանք լաւագոյն վայրկեանները եւ ձեր կատարումներուն մէջ տեսանք Վարուժան Խտըշեանի դրոշմը»: Քեսրուանի նկատել տուաւ, որ մեծարեալները իւրայատուկ էին իրենց խաղարկութեամբ եւ թատրոնին նկատմամբ նուիրումով: Ան յայտնեց, որ մեծարանքի սոյն հանդիսութիւնը իւրաքանչիւր դերասանի համար է, որ անսակարկ նուիրուեցաւ մշակոյթի պահպանման գործին: Ան իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ Համազգայինը տակաւին անխոնջ աշխատանք կը տանի, որպէսզի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահը մնայ հայկական փարոս, որ կը լուսաւորէ թէ՛ Լիբանանի, թէ՛ աշխարհի եւ թէ՛ հայ ժողովուրդի մթութիւնը: «Դուք թագաւոր էիք: Ձեր թատերական անմահ կատարումներով մեր սիրտերը գրաւեցիք եւ տակաւին թագաւոր կը մնաք ձեր նուիրումին մէջ: Մենք` դերասաններս, շատ բան սորվեցանք ձեզմէ եւ տակաւին պիտի սորվինք, որովհետեւ հրաշալի թատերական վայրկեաններ նուիրեցիք մեզի այս սուրբ բեմին վրայէն», եզրափակեց Մունիր Քեսրուանի:
Այնուհետեւ դերասան Նժդեհ Մկրտիչեան ուղղեց իր սրտի խօսքը: Ան ըսաւ, թէ մեծարեալները ո՛չ միայն պատասխանատուութեամբ մօտեցած են իրենց տաղանդին, այլեւ` ամբողջովին նուիրուած եղած են անոր` թատրոնի ճամբով դառնալով լիբանանահայ թատրոնի նուիրեալներ: Ան նկատել տուաւ, որ խօսք առած է երիտասարդ դերասաններու անունով, որոնք առիթը ունեցած են բեմ բարձրանալու մեծարեալներուն հետ` աւելցնելով, որ վեց տարիէ ի վեր կ՛աշխատի անոնց հետ, եւ ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց իր տպաւորութիւնները եւ անձնական փորձառութիւնը` յիշելով դրուագներ թատերական հաճելի առօրեայէն: Ան անդրադարձաւ անոնց պատրաստակամ, կայտառ եւ աշխուժ ըլլալուն` շեշտելով, որ անոնց աշխատելաձեւը յատկանշական է: «Տարբեր մօտեցում եւ լրջութիւն ունին: Կը վերլուծեն, կը սրբագրեն, հարցադրումներ կ՛ընեն, առաջարկներ կը ներկայացնեն, կը մտածեն, կ՛օգնեն դերասաններուն եւ թատերական գործին կը մօտենան ամենայն բծախնդրութեամբ», հաստատեց Մկրտիչեան եւ եզրափակելով իր խօսքը շնորհակալութիւն յայտնեց մեծարեալներուն իրենց փոխանցած փորձառութեան, գիտելիքներուն, խորհուրդներուն եւ թելադրանքներուն համար, նաեւ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան, որուն միջոցով առիթը ունեցած էր ծանօթանալու եւ աշխատելու մեծարեալներուն հետ:
Ձեռնարկը հովանաւորող Լիբանանի մէջ Թատրոնի, շարժապատկերի, ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի դերասաններու սենտիքայի քարտուղար Ալի Քալաշ յարգանք մատուցեց իւրաքանչիւր դերասանի եւ արուեստագէտի, որ իր ներդրումը բերաւ թատերական ոլորտին: Ան ըսաւ, թէ արուեստը կեանքի լեզուն է, իսկ թատրոնը միջոց մըն է, որ կը բուժէ մեր հոգիները, սիրտն է, որ կը բաբախէ իւրաքանչիւր տրոփումի հետ: «Դուք մեր վրայ լոյս սփռեցիք: Դուք երկինքի աստղեր էք, որ յատուկ առաքելութեամբ ծառայած էք հայրենիքին: Կը խոնարհինք ձեր առջեւ եւ կը խնդրենք Աստուծմէ, որ ձեր կեանքը երկարէ», ըսաւ Ալի Քալաշ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան սոյն նախաձեռնութեան համար` մաղթելով, որ մեծարեալները շարունակեն իրենց նուիրումի երթը:
Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցան օրուան մեծարեալները` Նուպար Մանուկեան, Յովսէփ Գափլանեան, Զաւէն Պաաքլինի, Յակոբ Գալայճեան եւ Կարօ Քիրիաքօ: Լիբանանի մէջ Թատրոնի, շարժապատկերի, ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի դերասաններու սենտիքայի քարտուղար Ալի Քալաշ, Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան ատենապետ Մարտիկ Տեմիրճեան եւ բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեան անոնց յանձնեցին յուշանուէրները:
Աւարտին մեծարեալներուն անունով խօսք առաւ Զաւէն Պաաքլինի, որ շնորհակալական խօսք ուղղեց հանդիսութիւնը հովանաւորող Լիբանանի մէջ Թատրոնի, շարժապատկերի, ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի դերասաններու սենտիքային, Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան, նաեւ բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին երեկոյի յաջողութեան: