Կիրակի, 1 ապրիլ 2018-ին, Անթիլիասի մայրավանքը անգամ մը եւս ողողուած էր հաւատացեալներու հոծ բազմութեամբ, որ եկած էր տօնելու Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնը: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ զատկական հայրապետական Ս. եւ անմահ պատարագ, որուն ընթացքին իր հայրապետական պատգամը ուղղեց Արամ Ա. կաթողիկոս: Սուրբ պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» երգչախումբը: Հաւատացեալներու կողքին պատարագին ներկայ էին նաեւ համայնքներու հոգեւոր եւ քաղաքական ներկայացուցիչներ:
Վեհափառ հայրապետը իր պատգամին իբրեւ բնաբան ընտրած էր Քրիստոսի այն խօսքը, թէ` «ես յաղթեցի աշխարհին»: Վեհափառ հայրապետը Քրիստոսի այս խօսքէն մեկնելով ըսաւ. «Աստուծոյ Որդին երկիր եկած էր երկինքէն հեռացած երկիրը մօտեցնելու երկինքին, Աստուծմէ հեռացած մարդը մօտեցնելու Աստուծոյ, բարիէն հեռացած մարդը մօտեցնելու բարիին. այլ խօսքով` տիեզերքի ու մարդու Ստեղծիչին, բարութեան աղբիւր Աստուծոյ: Իր այս նպատակը իրագործելու համար Քրիստոս քարոզեց, հրաշագործեց, չարչարուեցաւ, խաչուեցաւ, թաղուեցաւ եւ յարութիւն առաւ: Յարութիւնը խաչի զօրութեամբ տարուած յաղթանակն է: Յաղթանակ` չարով տիրապետուած աշխարհին դէմ, մեղքով գերուած մարդուն դէմ: Քրիստոսի յարութեան յաղթանակը մարդուն վերականգնումն էր, Պօղոս առաքեալին բացատրութեամբ` մարդուն ու տիեզերքին վերստեղծումն էր: Ահա թէ ինչու Քրիստոս ըսաւ` «ես յաղթեցի աշխարհին»: Աշխարհին իր չարով ու չարիքով, մեղքով ու ապականութեամբ յաղթելու իր առաքելութիւնը Քրիստոս իրագործեց յարութեամբ: Հետեւաբար, յարութիւնը յաղթանակի օր է: Երբ քրիստոնեաներ զիրար կ՛ողջունեն ըսելով` «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց», կը նշանակէ, թէ Քրիստոսի յարութեամբ քրիստոնեաներ չարին ու մեղքին դէմ տարուած յաղթանակը կ՛ողջունեն»: Շարունակելով իր պատգամը` Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ. «Ո՛չ միայն Յարութեան տօնի նշումով Քրիստոսի յաղթանակը պէտք է ողջունենք, այլ յարութեան զօրութեամբ պէտք է վերանորոգենք մեր հաւատքը եւ հաւատարմութիւնը Քրիստոսի ճամբով աշխարհին յայտնուած արժէքներուն ու սկզբունքներուն»:
Նշենք, որ վեհափառ հայրապետը իր պատգամին սկիզբը ողջունեց Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանը, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը, Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը եւ Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեանը, թեմակալ առաջնորդներն ու ազգային իշխանութիւնները եւ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները:
Յայտնենք նաեւ, որ Ս. եւ անմահ պատարագի աւարտին, Ս. Զատկուան տօնին առիթով Արամ Ա. կաթողիկոս շնորհաւորանքներ ընդունեց հոգեւոր պետերու, քաղաքական ու ազգային ներկայացուցիչներու եւ բարձրաստիճան պատասխանատուներու կողմէ:
Զատկուան Ս. Եւ Անմահ Պատարագ`
Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ
Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնին առիթով, կիրակի, 1 ապրիլ 2018-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ: Պատարագը մատուցեց եւ իր հայրական պատգամը ուղղեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեան:
Իր քարոզին սկիզբը սրբազան հայրը անդրադառնալով Յիսուսի խաչելութեան եւ յարութեան ըսաւ, որ երբ Յիսուս Զատկուան տօնի նախօրեակին իր հաւատաւոր աշակերտներուն հետ հաւաքուած էր վերնատան մէջ իր վերջին ընթրիքը միատեղ անցընելու համար, այնտեղ անակնկալօրէն սկսաւ խօսիլ շուտափոյթ իր մահուան մասին եւ այդ զրոյցը փակեց իր աշակերտներուն ըսելով. «Աշխարհի մէջ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին»: Առաջնորդ սրբազան հայրը նկատել տուաւ, որ Յիսուս կը գիտակցէր, թէ առանց իր առաջնորդութեան, իր խնամքին յանձնուած աշակերտները անկասկած դժուարութիւններ պիտի ունենային իրենց առօրեային մէջ եւ մանաւանդ պիտի դժուարանային յարատեւել իրենց ստացած արժէքներով հրէական այն միջավայրին մէջ, որ կը հալածէր Յիսուսը եւ Անոր հետեւորդները: Առ այդ, Յիսուս կը խրախուսէ իր աշակերտները, որպէսզի գիտակցին, թէ քրիստոնէութիւնը նոյնիսկ մահուան վրայ յաղթանակ տանող կրօն է: Շարունակելով իր խօսքը` առաջնորդ սրբազան հայրը ըսաւ, թէ Ս. Յարութեան տօնին առիթով հայ եկեղեցին մեզի կը յիշեցնէ, որ չընկրկինք եւ չտկարանանք տագնապներու եւ դժուարութիւններու դիմաց, այլ` նայինք մեզ կանխող սերունդներու օրինակին եւ անկէ ուժ քաղելով անդրադառնանք, թէ հաւատքով կարելի է յաղթանակ տանիլ բոլոր տագնապներուն եւ դժուարութիւններուն վրայ, ինչպէս նաեւ տեսնենք, թէ ինչպէս անոնք ապրելու կամքով եւ հաւատքով գործեցին` առանց հրաժարելու սրբութիւններէն եւ ազգային աւանդներէն:
«Ազատ ու անկախ Հայաստանով եւ ազատ ու անկախ Արցախով մուտք կը գործենք 21-րդ դար: Պէտք է առաւել եւս խիզախանանք ու քաջալերուինք, որովհետեւ պատմութիւնը մեզ դէմ յանդիման կը դնէ կացութեան մը, որուն դիմաց հայ ժողովուրդը դարեր շարունակ չէր կրցած գտնուիլ: Սերունդներ երազեցին, անկախութեան տեսլականով ապրեցան, զոհաբերեցին, նաեւ իրենք զիրենք նուիրաբերեցին, որպէսզի պատմութիւնը մեզ այս վիճակին առաջնորդէ», շեշտեց սրբազան հայրը` աւելցնելով, որ պէտք է քաջալերուինք եւ արիանանք, որպէսզի հաւատքի ուժականութեամբ մեր դիմաց յարուցուած հարցերը յաղթահարելով նաեւ հասնինք մեր դարաւոր երազներուն, ամբողջական Հայաստանի իրականացման եւ ամբողջական Հայաստանի մէջ հայ ժողովուրդի մէկտեղումի իտէալին: Սրբազան հայրը նաեւ յայտնեց, որ մենք իբրեւ զաւակները ժողովուրդի մը, որ մեռելներէն յարութիւն առնելու տեսլականով կրցաւ իր կեանքը վերականգնել, պէտք է գիտակցինք, որ քրիստոնէական աւանդներով ամրացած մեր ժողովուրդի կամքը պէտք է յարատեւէ մեր արարքներով, մեր ինքնամատուցման ճամբով: Ան ըսաւ, թէ պէտք է ապրինք այն կեանքով, որ կը պատկանի հարազատօրէն մեր ժողովուրդին եւ պէտք է յարատեւենք ի խնդիր բոլոր այն իրաւունքներուն, որոնք կը պատկանին մեր ազգին, նաեւ յաղթանակ տանելով եւ մեր շրջապատին մէջ արտայայտելով այն հաւատքը, որ մեզ պահեց պատուանդանի վրայ դարեր շարունակ: «Թող որ կրկին ծաղկին մեր եկեղեցիները, մեր վարժարանները, մեր բոլոր կառոյցները` հոգեւոր եւ ազգային նոր ջերմեռանդութիւն սերմանելու համար մեր իրականութեան մէջ եւ թող որ յարուցեալը իր օրհնութիւնը առատացնէ բոլորին կեանքին մէջ», եզրափակեց Շահէ եպս. Փանոսեան:
Յայտնենք, որ Ս. Յարութեան տօնին առիթով առաջնորդ սրբազան հայրը եւ Ազգային վարչութիւնը շնորհաւորութիւններ ընդունեցին Պէյրութի Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ` Ս. պատարագէն ետք մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 2:00, իսկ Պուրճ Համուտի Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, յետմիջօրէի ժամը 2:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00: