Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաքու Դատ Կը Բանայ Արցախի Մէջ Հանքային Արդիւնաբերութեամբ Զբաղող Ընկերութեանց Դէմ

April 4, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի գլխաւոր դատախազութիւնը դատ բացած է Հայաստանի եւ շարք մը այլ երկիրներու մէջ արձանագրուած այն ընկերութիւններուն դէմ, որոնք Արցախի Հանրապետութեան տարածքին մէջ հանքային արդիւնաբերութեամբ կը զբաղին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

Պաքուի կողմէ թիրախ դարձած ընկերութիւններն են` «Վալեքս Կրուփ», «Պէյս Մեթըլզ», «Էյ.Սի.Փի.», «Թեղուտ»-ը, ինչպէս նաեւ «Լեռնամետալուրգիայի հիմնարկ»-ը եւ շարք մը անհատներ:

Դիմումին մէջ Պաքու կը պնդէ, թէ նշեալ ընկերութիւններու ներկայացուցիչները եւ պաշտօնեաները, ինչպէս նաեւ շարք մը անհատներ Հայաստանի տարածքէն, «բազմիցս, անօրինականօրէն հատած են Ազրպէյճանի պետական սահմանը եւ գրաւեալ տարածքներուն մէջ, առանց պատշաճ արտօնութեան, ձեռնարկութիւններ ստեղծած ու անօրինական շահ ապահոված են` մեծ քանակութեամբ ոսկիի եւ այլ գունաւոր մետաղներու արդիւնահանման շնորհիւ»:

Դատախազութեան բացած դատին մէջ նշուած են Քելբաջարի, Զանգելանի եւ Թարթառի շրջաններուն մէջ գտնուող առնուազն վեց հանքավայրեր` պնդելով, որ անոնց օգտագործման մասին փաստերը կարելի եղած է հաւաքել «Ազերսքի» արբանեակէն կատարուած նկարահանումներու միջոցով:

«Դիմումներ պիտի ուղարկուին միջազգային դատարան եւ այն պետութիւններու իրաւապահ կառոյցներուն, որոնց տարածքներուն մէջ արձանագրուած են անօրինական գործունէութեամբ զբաղող նշեալ ընկերութիւնները», ազդարարած է Ազրպէյճանի գլխաւոր դատախազութիւնը:

Վերջին տասնամեակին հանքարդիւնաբերութիւնը եղած է Արցախի տնտեսութեան առանցքային ճիւղերէն մէկը: Արցախի Հանրապետութեան վիճակագրական ծառայութեան կողմէ անցեալ տարի ներկայացուած տուեալներուն համաձայն, 2016-2017 տարիներուն հանքարդիւնաբերութեան եւ բաց հանքերու շահագործման ծաւալները 189 տոկոսով աճած են Արցախի տարածքին:

 

 

Նախորդը

Թել Աւիւ-Անգարա Բանավէճի Ծիրին Մէջ. Իսրայէլի Ներքին Գործոց Նախարարը Կոչ Ուղղած Է Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Յաջորդը

«Ազրպէյճանի Հետ Լաւ Յարաբերութիւնները Մեզի Համար Աւելի Կարեւոր Են, Քան Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը» Կ՛ըսէ Լիպըրման

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.