Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւն. Երկրորդական Կարգերու Աշակերտներ Այցելեցին Հայ Ազգային Ծերանոց

March 30, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հաւատալով, որ տօներուն առիթով պէտք է նաեւ յիշել մեր ծերունիները եւ փորձել տօնական օրերու ուրախութիւնը հասանելի դարձնել անոնց, Ս. Զատկուան տօնին առիթով Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան Երիտասարդական կեդրոնի աշակերտները` Քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Նելլի Վէքիլեանի գլխաւորութեամբ, 29 մարտին այցելեցին Հայ ազգային ծերանոց, որպէսզի կեդրոնին մէջ պատսպարուած ծերերուն հետ բաժնեկցին տօնական մթնոլորտը:

Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ աշակերտներէն մէկը շեշտեց, որ հայ ընտանիքին հիմքն ու սիւնը կը հանդիսանան հայ մամիկներն ու պապիկները, որոնց աշխատանքին շնորհիւ տարբեր սերունդներ նուաճումներ արձանագրեցին եւ յաջողութիւններու հասան:

Աշակերտները այս առիթով պատրաստած էին գեղարուեստական յատուկ յայտագիր մը, որ ներկայացուցին ծերունիներուն, որոնք ուրախութեան ու յուզումի արտայայտութիւններով, նաեւ ծափերով ողջունեցին երիտասարդներն ու անոնց նախաձեռնութիւնը` տօնական օրերուն զիրենք եւս յիշելու: Աշակերտները իրենց հետ տարած էին Զատկուան չէօրեկ, տուրմ եւ այլ խմորեղէններ պարունակող ծրարներ, որոնք մէկիկ- մէկիկ յանձնեցին ծերերուն, զրուցեցին իւրաքանչիւրին հետ, շնորհաւորեցին անոնց Ս. Զատիկը` մաղթելով առողջութիւն եւ համբերութիւն:

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւն

Յաջորդը

«Սէրը Աստուծոյ Ճառագայթն Է Մարդկային Կեանքին Մէջ` Մեր Կեանքն Ու Շրջապատը Լուսաւորող» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.