Գլխաւոր լուրեր

Իմամ Մուսա Սատըրի Անյայտ Կորսուելուն 45-րդ Տարելիցին Առիթով`   Պըրրի Կը Վերահաստատէ Ազգային Երկխօսութեան Իր Կոչը

Իմամ Մուսա Սատըրի Անյայտ Կորսուելուն 45-րդ Տարելիցին Առիթով` Պըրրի Կը Վերահաստատէ Ազգային Երկխօսութեան Իր Կոչը

Իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն` շէյխ Մոհամետ Եաագուպի եւ լրագրող Ապպաս Պատրէտտինի անյայտ կորսուելուն 45-րդ տարելիցին առիթով, երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ամալ շարժումը Ժնահի մէջ կազմակերպեց ժողովրդային հաւաք մը, որուն ընթացքին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ուղղեց օրուան պատգամը: Ան շեշտեց, որ իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն թղթածրարը պատգամ երկիր Լիբանանի անյայտ կորսուելուն հարցն է` ընդգծելով, որ իրենք կառչած...

Դաւիթ Իշխանեան. «Մենք Ունինք Մէկ Ճանապարհ, Որ Կը Կոչուի Բերձորի Միջանցք»

Դաւիթ Իշխանեան. «Մենք Ունինք Մէկ Ճանապարհ, Որ Կը Կոչուի Բերձորի Միջանցք»

«Արցախի մէջ որոշակի հարցերու շուրջ տեսակէտներու տարբերութիւն կայ, բայց կայ նաեւ այդ դիրքորոշումները մերձեցնելու ցանկութիւն», այս մասին 30 օգոստոսին մամլոյ ասուլիսի ժամանակ ըսած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեան: «Ե՛ւ իմ կողմէս, ե՛ւ խորհրդարանին կողմէ ամէն ինչ պիտի կատարուի միասնական մթնոլորտ ստեղծելու` ե՛ւ քաղաքական, ե՛ւ հասարակական դաշտին մէջ, քանի որ իշխանութիւն-հասարակութիւն յարաբերութիւններու առումով կայ ջրբաժան...

Ազրպէյճան Տեղեկատուութիւն Տրամադրած Է  Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանին  Առեւանգուած 2 Հայ Զինուորի Վերաբերեալ

Բերձորի Միջանցքէն Առեւանգուած Երիտասարդներու Իրաւունքներու Պաշտպանութեան Վերաբերեալ ՄԻԵԴ-ին Դիմում Ներկայացուած Է

Բերձորի միջանցքէն առեւանգուած երեք քաղաքային անձերու իրաւունքներու պաշտպանութեան վերաբերեալ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան դիմում ներկայացուած է Ազրպէյճանի նկատմամբ միջանկեալ միջոց կիրարկելու պահանջով: Այս մասին յայտնած է Միջազգային իրաւական հարցերով Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչը` աւելցնելով, որ հետագայ զարգացումներուն վերաբերեալ լրացուցիչ տեղեկութիւն պիտի հաղորդուի: Յիշեցնենք, որ 28 օգոստոսին ազրպէյճանցի սահմանապահները Հակարիի կամուրջին մօտ տեղակայուած ազրպէյճանական անօրինական անցակէտէն առեւանգած են արցախցի երեք երիտասարդներ` Ալեն...

Ռուս Խաղաղապահները Փշալարեր Տեղադրած Են Ակնա-Ստեփանակերտ Ճամբուն Վրայ

Ռուս Խաղաղապահները Փշալարեր Տեղադրած Են Ակնա-Ստեփանակերտ Ճամբուն Վրայ

Ռուս խաղաղապահները փշալարեր տեղադրած են Ակնա-Ստեփանակերտ ճամբուն վրայ, որպէսզի խոչընդոտեն ազրպէյճանական Կարմիր մահիկին կողմէ Պաքուէն ուղարկուած բեռնակառքերու երթեւեկը: Այս մասին կը հաղորդեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները: Յիշեցնենք, որ երեքշաբթի օր Ազրպէյճանի Կարմիր մահիկը Պաքուէն Ստեփանակերտ ուղարկած էր 40 թոն ալիւրով բեռնաւորուած երկու բեռնակառքեր:  

Ցասում` Թրքական Բեռնակառքի Մը Պուրճ Համուտի Թաղերէն Անցնելուն Դէմ

Ցասում` Թրքական Բեռնակառքի Մը Պուրճ Համուտի Թաղերէն Անցնելուն Դէմ

Նախանցեալ երեկոյեան Պուրճ Համուտի բնակիչներ դէմ դրին շրջան մուտք գործած թրքական մեծ բեռնակառքի մը: Անոնք իրենց զայրոյթը արտայայտելով բեռնակառքի` հայահոծ շրջաններէն անցնելու երեւոյթին դէմ, արգիլեցին, որ անիկա շարունակէ իր ճամբան:

Պէյրութի Մէջ.   Հոքշթայն Պըրրիի Եւ Միքաթիի Հետ Քննարկեց Հարաւային Լիբանանի Իրադարձութիւնները

Պէյրութի Մէջ. Հոքշթայն Պըրրիի Եւ Միքաթիի Հետ Քննարկեց Հարաւային Լիբանանի Իրադարձութիւնները

Հարաւային Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւններուն հսկող ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայն երէկ երկօրեայ այցելութեամբ մը հասաւ Պէյրութ: Հոքշթայն, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիայի, այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ քննարկեց թիւ 9 նաւթահորի հորատման աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի իրադարձութիւններուն մասին հարցեր: Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի շնորհակալութիւն յայտնեց Հոքշթայնի, որուն ջանքերով կարելի եղաւ լիբանանեան...

Ընդլայնուած Խորհրդակցութիւն` Արցախի Լիակատար Պաշարման Պայմաններուն Մէջ Ընելիքներու Շուրջ

Ընդլայնուած Խորհրդակցութիւն` Արցախի Լիակատար Պաշարման Պայմաններուն Մէջ Ընելիքներու Շուրջ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի նախաձեռնութեամբ` 28 օգոստոսին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի դահլիճին մէջ կատարուած է ընդլայնուած խորհրդակցութիւն, որուն մասնակցած են Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւորները, կառավարութեան անդամներ, Արցախի Հանրապետութեան նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեանը եւ Բակօ Սահակեանը, խորհրդարանին մէջ ներկայացուած քաղաքական կուսակցութիւններու ղեկավարները, հասարակական խումբ մը գործիչներ, քաղաքացիական հանրութեան ներկայացուցիչներ: Ինչպէս «Արմենփրես»-ին տեղեկացուցին Արցախի նախագահի աշխատակազմէն, օրակարգին մէջ Բերձորի (Լաչինի)...

Բագրատունի Կը Շնորհաւորէ Դաւիթ Իշխանեանի Ընտրութիւնը Արցախի Խորհրդարանի Նախագահ

Դաւիթ Իշխանեանի Շնորհակալական Նամակը` Երեսփոխան Բագրատունիին

Երէկ Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ստացաւ հետեւեալ շնորհակալական նամակը` Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նորընտիր նախագահ Դաւիթ Իշխանեանէն. Լիբանանի խորհրդարանի ներկայացուցիչ պրն. Յակոբ Բագրատունուն Յարգելի՛ պրն. Յակոբ Բագրատունի Իմ երախտիքն եմ յայտնում Արցախի Հանրապետութեան այս ծանր օրերին մեր ժողովրդի ազատութեան պայքարի կողքին լինելու համար: Ձեր ուշադրութիւնը Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահի պաշտօնին անցնելու առիթով պարտաւորեցնող է եւ զգացնել է տալիս, որ աշխարհով...

Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Ընդունելու Ընթացքին.  «Հայ Ժողովուրդը Մտահոգ Է Ու Պահանջատէր Արցախի Գծով»  Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Ընդունելու Ընթացքին. «Հայ Ժողովուրդը Մտահոգ Է Ու Պահանջատէր Արցախի Գծով» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Երեքշաբթի, 29 օգոստոս 2023-ին, աւելի քան ժամ մը Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու  դեսպան Տորըթի Շիային հետ: Վեհափառ հայրապետը լայնօրէն անդրադարձաւ Արցախի պարզած ներկայ վիճակին` յայտնելով, որ «Արցախի տագնապը սոսկ մարդասիրական տագնապ ըլլալէ անդին իր էութեամբ քաղաքական խնդիր է Արցախի հայութեան ինքնորոշման իրաւունքին առնչուած»: Ապա, վեհափառ հայրապետը ըսաւ, թէ «Ազրպէյճան մարդասիրական տագնապ ստեղծեց աւելի քան...

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Այցելեց Խորհրդարանի Նախագահ Նեպիհ Պըրրիի

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Այցելեց Խորհրդարանի Նախագահ Նեպիհ Պըրրիի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երէկ` երեքշաբթի, 29 օգոստոսին այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի` անոր Այն Թինէի գրասենեակին մէջ: Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան երկրի ընդհանուր իրավիճակին, քաղաքական նորագոյն զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ` օրէնսդրական հարցերու վրայ:

Դաշնակցական Երիտասարդներու Ինքնաբուխ Բողոքի Ցոյցը` Ազրպէյճանի Դեսպանատան Առջեւ

Դաշնակցական Երիտասարդներու Ինքնաբուխ Բողոքի Ցոյցը` Ազրպէյճանի Դեսպանատան Առջեւ

Այսօր երեկոյեան խումբ մը դաշնակցական երիտասարդներ ինքնաբուխ կերպով մեկնեցան Լիբանանի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատուն եւ այնտեղ կարգախօսներով, ցուցապաստառներով եւ վանկարկումներով բողոքեցին Արցախի նկատմամբ Ազրպէյճանի վարած ցեղասպանական քաղաքականութեան դէմ: Անոնք յայտարարեցին, որ մարդասիրական աղէտ ստեղծելով եւ ամբողջ ժողովուրդ մը սովամահ դարձնելով Ազրպէյճան կը փորձէ ցեղասպանութեան ենթարկել Արցախի 120.000 ժողովուրդը: Անոնք միաժամանակ կարմիր գոյնով ներկեցին դեսպանատան մայր մուտքի պատը` իբրեւ խորհրդանիշ Ազրպէյճանի վարած...

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ազրպէյճանական կողմը Բերձորի միջանցքին մէջ գտնուող ապօրինի անցակէտին վրայ երէկ առեւանգած է ռուս խաղաղապահներուն ուղեկցութեամբ Արցախէն Հայաստան գացող 22-ամեայ Ալեն Նելսոնի Սարգսեանը, կը յայտնէ Արցախի տեղեկատուական շտապը: Ըստ հաղորդագրութեան, Ալեն Սարգսեանը կը մեկնէր Երեւան` ուսումը շարունակելու: Առեւանգման պատճառներուն մասին որեւէ հաւաստի տեղեկութիւն տակաւին յայտնի չէ: «Ազրպէյճան կը շարունակէ Արցախի ժողովուրդին հանդէպ ցեղասպանական քաղաքականութիւնը` անգամ մը եւս խախտելով միջազգային մարդասիրական իրաւունքի...

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 28 օգոստոսին հրաւիրած է Անվտանգութեան խորհուրդի նիստի, որուն ընթացքին քննարկուած են 28 օգոստոսին առեւանգուած Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացիներու ճակատագիրներու պարզման, զանոնք հայրենիք վերադարձնելու ուղղութեամբ կատարուող քայլերը, Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակը, հաւանական զարգացումները եւ իշխանութիւններուն ընելիքները: «Արմէնփրես»-ը այս մասին տեղեկացաւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան տարածած հաղորդագրութենէն: «Նախագահ Յարութիւնեան նիստի մասնակիցներուն տեղեկացուցած է Ազրպէյճանի կողմէ...

«Թուրքիան Ձգած Է Ցեղասպանութեան Դրոշմ».   Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Արձագանգը Ազրպէյճանին Աջակցելու Յայտարարութիւններուն

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Բերձորի ապօրինի տեղադրուած անցակէտէն արցախցի երեք երիտասարդներու առեւանգումը 9 նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան, ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումներու կոպտագոյն խախտում է եւ բացայայտ արհամարհանք միջազգային հանրութեան, այդ շարքին` ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդի անդամներու աներկբայ եւ հասցէական կոչերուն, յայտարարած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Երէկ անցակէտին վրայ Ազրպէյճանի իրաւապահ մարմիններուն կողմէ առեւանգուած են Արցախի բնակիչներ Ալեն Սարգսեանը, Վահէ Յովսէփեանը եւ Լեւոն Գրիգորեանը: Անոնք...

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն դեսպաններու խորհրդաժողովի ընթացքին ըսած է, որ այս շաբաթ բանակցութիւններ պիտի վարէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն հետ եւ հանդէս պիտի գայ նոր դիւանագիտական նախաձեռնութեամբ` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տագնապը լուծելու համար: «Այս շաբաթ ես պիտի խօսիմ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հետ: Մենք պիտի պահանջենք Լաչինի մարդասիրական միջանցքի վերաբերեալ համաձայնութիւններու լիարժէք պահպանում: «Ինչպէս նաեւ նոր դիւանագիտական նախաձեռնութեան պիտի...

Արցախի Ազգային Ժողովի Նախագահը Հանդիպած Է Հանրապետութեան Լրագրողական Համայնքի Ներկայացուցիչներուն Հետ

Արցախի Ազգային Ժողովի Նախագահը Հանդիպած Է Հանրապետութեան Լրագրողական Համայնքի Ներկայացուցիչներուն Հետ

26 օգոստոսին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանը հանդիպած է հանրապետութեան լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ: Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է Արցախի Ազգային ժողովը: Խորհրդարանի ղեկավարը ներկայացուցած է պաշտօնավարման 20-օրեայ գործունէութիւնը, անդրադարձած է արտաքին ու ներքին մարտահրաւէրներուն: «Երկրին մէջ ստեղծուած բարդ իրավիճակի մեղմացման ուղղուած ջանքերուն զուգահեռ աշխատանքներ տարուած են խորհրդարանական դիւանագիտութեան աշխուժացման, Հայաստանի հետ միջխորհրդարանական կապերու վերագործարկման, բարեկամական խումբերու եւ շրջանակներու...

Մաքրոն. «Մեր Դիւանագիտութիւնը Պարզ Է, Սակայն Այժմ Դիւանագիտութեան Ժամանակը Չէ: Մենք Միշտ Ըսած Ենք, Որ Կանգնած Ենք Ժողովուրդներու Գերիշխանութեան Կողքին»

Մաքրոն. «Մեր Դիւանագիտութիւնը Պարզ Է, Սակայն Այժմ Դիւանագիտութեան Ժամանակը Չէ: Մենք Միշտ Ըսած Ենք, Որ Կանգնած Ենք Ժողովուրդներու Գերիշխանութեան Կողքին»

Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմանուել Մաքրոն ֆրանսական «Լը Փուան» ամսագիրին հետ հարցազրոյցի ընթացքին խօսած է Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակման մասին: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ ան ընդգծած է Ֆրանսայի դերը, որ ճնշում կը գործադրէ մարդասիրական հասանելիութիւնը երաշխաւորելու համար: Պատասխանելով Արցախի մէջ ստեղծուած կացութեան վերաբերեալ իր ձեռնարկելիք քայլերուն մասին հարցումի մը` Մաքրոն յայտարարած է. «Մեր դիւանագիտութիւնը պարզ է, սակայն այժմ...

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Կը Հերքէ Դիրքային Յառաջխաղացման Փորձի Մասին Ազրպէյճանական Կողմի Հաղորդագրութիւնը

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Կը Հերքէ Դիրքային Յառաջխաղացման Փորձի Մասին Ազրպէյճանական Կողմի Հաղորդագրութիւնը

Հայկական կողմը կը հերքէ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնը այն մասին, թէ իբրեւ թէ 26 օգոստոսին` ժամը 13:30-ի սահմաններուն մէջ, Հայաստանի զինուած ուժերը սահմանագօտիի հարաւարեւմտեան ուղղութեամբ փորձած են դիրքային յառաջխաղացում եւ բարելաւում իրականացնել: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութենէն կը նշեն, որ ատիկա բացարձակ սուտ է: Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը մասնաւորապէս յայտարարած էր, թէ հայկական զինուած ուժերու ստորաբաժանումները փորձած են «շահեկան դիրքեր զբաղեցնել» Նախիջեւանի...

«Սնունդը Իբրեւ Զէնք Օգտագործելը Հռոմի Կանոնադրութեան 7-րդ Յօդուածը Կը Խախտէ, Ինչ Որ Մարդկութեան Դէմ Յանցագործութիւն Է» Կ՛ըսէ Ծերակուտական Քասըտի

«Սնունդը Իբրեւ Զէնք Օգտագործելը Հռոմի Կանոնադրութեան 7-րդ Յօդուածը Կը Խախտէ, Ինչ Որ Մարդկութեան Դէմ Յանցագործութիւն Է» Կ՛ըսէ Ծերակուտական Քասըտի

Ամերիկացի ծերակուտական Պիլ Քասըտի «Էքս»-ի վրայ Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ Պաքուի գործողութիւնները որակած է իբրեւ մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւն: «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական կացութիւնը օրէ օր հետզհետէ աւելի կը բարդանայ: Եթէ Ազրպէյճանը չվերցնէ շրջափակումը, մարդիկ սովամահ պիտի ըլլան: Սնունդը իբրեւ զէնք օգտագործելը Հռոմի կանոնադրութեան 7-րդ յօդուածը կը խախտէ, ինչ որ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն է», գրած է Քասըտի:  

Ընդհանուր Ապահովութեան Ուժերու Հիմնադրութեան Տօնին Առիթով Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի Համացանցային Գրառումը

Ընդհանուր Ապահովութեան Ուժերու Հիմնադրութեան Տօնին Առիթով Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի Համացանցային Գրառումը

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու հիմնադրութեան 78-ամեակին առիթով, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրեց հետեւեալ գրառումը. «78 տարի հայրենիքի ծառայութեան ուղիին վրայ: Ողջոյն` ձեր արհեստավարժութեան եւ ի խնդիր Լիբանանի` ձեր տրամադրած բազում զոհողութիւններուն»: Երեսփոխան Բագրատունի իր գրառումին կցեց Ընդհանուր ապահովութեան ուժերէն լուսանկար մը, որուն վրայ նշուեցաւ «78 տարի հայրենիքի ծառայութեան ուղիին վրայ»...

Page 217 of 796 1 … 216 217 218 … 796

Արխիւներ