Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն. Արցախը Մնայուն Ներկայութիւն` ՀՄԸՄ-ի Աշխատանքներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 23, 2023
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

2-7 հոկտեմբեր 2023-ին Հայաստանի մէջ գումարուած ՀՄԸՄ-ի Պատգամաւորական 13-րդ ընդհանուր ժողովը, իր ընկալեալ օրակարգին կողքին, կարեւորութեամբ քննեց Արցախը ՀՄԸՄ-ի աշխատանքներուն մէջ մնայուն ներկայութիւն դարձնելու հրամայականը եւ որոշեց.

Ա.- Պահպանել Արցախի Հանրապետութեան Անկախութեան Խորհրդանիշները

ՀՄԸՄ ազգային արժէքներու եւ խորհրդանիշներու աւանդապահ միութիւն է: Եռագոյն դրօշը, 1918-ի Հանրապետութեան զինանշանը, քայլերգը եւ անկախութեան խորհուրդը ան պահպանած է 70 տարի, երբ Հայաստան կորսնցուցած է իր անկախութիւնը: Այսօր, երբ դէմ յանդիման կը գտնուինք Արցախի Հանրապետութեան կորուստի իրականութեան դիմաց, ՀՄԸՄ իր պարտքն ու պարտաւորութիւնը կը նկատէ տէր կանգնիլ ու պահպանել Արցախի Հանրապետութեան խորհրդանիշները, այդ խորհրդանիշներուն ընդմէջէն վառ պահելու համար Արցախի վերատիրացման խորհուրդը: Առ այդ, Պատգամաւորական ժողովը առաջադրեց`

1) ՀՄԸՄ-ի բոլոր ակումբներուն մէջ այսուհետեւ Եռագոյնի կողքին պատուել Արցախի Հանրապետութեան դրօշը:

2) ՀՄԸՄ-ի հրապարակային թէ ներքին բոլոր հանդիսութիւններուն, սկաուտական հաւաքներուն եւ մարզական հանդիպումներուն ծածանել նաեւ Արցախի դրօշը:

3) ՀՄԸՄ-ի աշխարհասփիւռ մարզական խումբերը եւ սկաուտական միաւորները իրենց տարազներուն վրայ կրեն Արցախը խորհրդանշող պէճեր:

4) ՀՄԸՄ-ի դաստիարակչական-քարոզչական ծրագիրներուն մէջ հիմնական եւ մնայուն տեղ տրամադրել Արցախին:

Բ.- Հաստատել «ՀՄԸՄ Արցախ Հիմնադրամ–ը

«ՀՄԸՄ Արցախ հիմնադրամ»-ը պիտի հոգայ Արցախէն բռնի տեղահանուած ընտանիքներու կենցաղային անմիջական կարիքները:

Հիմնադրամին եկամուտները պիտի գոյանան.

– ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղերու եւ շրջաններու տարեկան հասութաբեր ձեռնարկներու եկամուտներու որոշ տոկոսէն փոխանցուած գումարներէն:

– ՀՄԸՄ-ականներու անդամատուրքերուն վրայ այս նպատակին համար կատարուած յաւելումներէն:

– ՀՄԸՄ-ի համակիր շրջանակին մօտ կատարուելիք ժողովրդային հանգանակութիւններէն:

Գ.- Մշակել Արցախէն Բռնի Տեղահանուած Փոքրիկներու Համար Ծրագիրներ

ՀՄԸՄ յատուկ ուշադրութեան պիտի արժանացնէ Արցախէն բռնի տեղահանուած ընտանիքներու փոքրիկները, անոնց համար մշակելով դաստիարակչական-սկաուտական յատուկ ծրագիրներ, ինչպէս միութիւնը իր հիմնադրութեան օրերուն կատարած էր Արեւմտահայաստանէն Պոլիս ապաստանած գաղթականներու զաւակներուն եւ որբերուն:

ՀՄԸՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

 

Նախորդը

Հարաւային Լիբանանի Մէջ Բախումները Կ՛ընդարձակուին. Նեթանիահու Կը Սպառնայ Քանդել Լիբանանը, Եթէ Հըզպալլա Որոշէ Պատերազմին Մաս Կազմել

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն` ՀՕՄ-ի Համահայկական 73-րդ Պատգամաւորական Ժողովի

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?