Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սպանիոյ Խորհրդարանականները Յայտարարութեամբ Դատապարտած Են Արցախի Մէջ Ազրպէյճանի Գործողութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սպանիոյ խորհրդարանի 7 խմբակցութիւններ 17 հոկտեմբերին որդեգրած են յայտարարութիւն մը Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի վրայ գործուած յարձակումին վերաբերեալ, որուն հետեւանքով հազարաւոր հայեր բռնի տեղահանուեցան:

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ յայտարարութեան մէջ խմբակցութիւնները խստօրէն դատապարտած են «Ազրպէյճանի` արդարացում չունեցող յարձակումը, որ սպառնալիք կը ստեղծէ շրջանային անվտանգութեան ու կայունութեան համար»:

Խմբակցութիւնները իրենց դժգոհութիւնը յայտնած են այն փաստին առնչութեամբ, որ Ազրպէյճանը կը հրաժարի կատարել 9 նոյեմբեր 2020-ի զինադադարի մասին համաձայնութիւնը, ինչպէս նաեւ կեանքի չի կոչեր Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումները:

Սպանիոյ օրէնսդիրները պահանջած են Ազրպէյճանէն անյապաղ դադրեցնել թշնամական գործողութիւնները` յիշեցնելով, որ այդ պետութիւնը ժամանակին վաւերացուցած է Ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման եւ պատիժի մասին ՄԱԿ-ի հռչակագիրը:

Անոնք դատապարտած են ազրպէյճանական գործողութիւններուն հետեւանքով հայկական կողմին մէջ արձանագրուած մարդկային կորուստները` իրենց համերաշխութիւնը յայտնելով Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան:

Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ Եւրոպական Միութիւնը կրնայ եւ պէտք է նպաստէ տագնապի բանակցային ու տեւական լուծման որոշումներուն:

Ազրպէյճանի Խորհրդարանը Դատապարտած Է
Սպանիոյ Ծերակոյտի Յայտարարութիւնը

Ազրպէյճանի խորհրդարանը դատապարտած է Սպանիոյ Ծերակոյտի յայտարարութիւնը: «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ խորհրդարանի Ազրպէյճանի եւ Սպանիոյ միջխորհրդարանական յարաբերութիւններու աշխատանքային խումբը յայտարարութիւն մը հրապարակած է:

«Ցաւալի է 17 հոկտեմբերին Սպանիոյ Ծերակոյտի լիագումար նիստին հակաազրպէյճանական յայտարարութեան որդեգրումը: Մենք խստօրէն կը մերժենք եւ կը դատապարտենք այդ միակողմանի յայտարարութիւնը», կը նշուի փաստաթուղթին մէջ:

Ազրպէյճանի խորհրդարանը կը նշէ, որ Սպանիոյ Ծերակոյտը տարիներու ընթացքին չէ արտայայտած իր վերաբերմունքը «ազրպէյճանական հողերու 30-ամեայ բռնագրաւման եւ աւելի քան 1 միլիոն մարդոց արտաքսման առնչութեամբ», նման յայտարարութեամբ «անյարգալից վերաբերմունք ցուցաբերած է տարածքային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան սկզբունքներուն նկատմամբ», ինչպէս նաեւ «կը խոչընդոտէ շրջանին մէջ երկարատեւ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու ջանքերուն»:

«Մենք մեր խիստ բողոքը կը յայտնենք Սպանիոյ Ծերակոյտի այս յայտարարութեան դէմ», նշուած է Ազրպէյճանի խորհրդարանի յայտարարութեան մէջ:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Բիւրոյի Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Եւրոպական Խորհուրդի Նախարարներու Յանձնախումբ. «Ազրպէյճան Պէտք Է Ապահովէ Լեռնային Ղարաբաղի Հայերու Իրենց Տուներուն Մէջ Արժանապատիւ Ապրելու Իրաւունքը»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?