Իսրայէլի նախկին պաշտպանութեան նախարար, ներկայիս պատերազմական կառավարութեան անդամ Պենի Կանց յայտարարած է, որ Իսրայէլ-Համաս շարունակուող պատերազմը հաւանաբար ամիսներ պիտի տեւէ եւ կրնայ ներառել նաեւ հիւսիսային ճակատը: Այս մասին հաղորդեց «Թայմզ աֆ Իզրայէլ»:
«Ատիկա երկար ժամանակ պիտի պահանջէ: Պատերազմը հարաւի, եւ անհրաժեշտութեան պարագային նաեւ հիւսիսի կամ որեւէ այլ վայրի մէջ, կրնայ ամիսներ տեւել, իսկ վերակառուցումը տարիներ պիտի տեւէ: Միայն այն ժամանակ, երբ վերակառուցումը աւարտի, մենք պիտի յաղթենք», ըսած է Կանց:
«Մեր նպատակը ոչ միայն Համասին յաղթելն է, այլ խոստանալը, որ հարաւը 100 առ հարիւրով դրախտ պիտի ըլլայ», աւելցուցած է ան:
Պաղեստինեան Համաս շարժումը երէկ յայտարարեց. «Աքսայի ջրհեղեղ»-ը ազատագրման ժամանակաշրջանի յառաջադէմ փուլ է, եւ բազմաթիւ անակնկալներ ունինք»:
Ուաշինկթընի մէջ հարիւրաւոր ցուցարարներ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մօտ բողոքի ցոյց կատարած են, ապա որոշ ցուցարարներ ներխուժած են Քափիթոլի շէնք` պահանջելով Կազայի մէջ կրակոցը անյապաղ դադրեցնել եւ Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ զինադադար հաստատել: Այս մասին հաղորդեց «Տէյլի Մէյլ»-ը:
Օրաթերթին հաղորդումով` Քոնկրեսի շէնք ներխուժումէն ետք ոստիկանութիւնը սկսած է բերման ենթարկել ցուցարարները: Աղբիւրին տուեալներով` բերման ենթարկուած է շուրջ 100 մարդ: Կը նշուի նաեւ, որ ոստիկաններու եւ ցուցարարներու միջեւ բախումներ սկսած են:
«Մենք նախազգուշացուցած ենք ցուցարարները, որպէսզի անոնք դադրեցնեն բողոքի ցոյցը, իսկ երբ անոնք չենթարկուեցան, մենք սկսանք բերման ենթարկել զանոնք», յայտնած են Քափիթոլի ոստիկանութենէն:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը մասնաւոր կերպով Իսրայէլին կոչ ուղղած է զինուորական գործողութեան չսկսելու Հըզպալլայի դէմ, որովհետեւ Ուաշինկթըն աշխատանք կը տանի, որպէսզի ներկայ պատերազմը չտարածուի Կազայի սահմաններէն դուրս: Այս մասին «Թայմզ աֆ Իզրայէլ»-ին ըսած են հարցին ծանօթ երկու պաշտօնատարներ:
Անոնք բացատրած են, որ Միացեալ Նահանգներ միեւնոյն ժամանակ կ՛ընդունին, որ Իսրայէլ պէտք է արձագանգէ Հըզպալլայի կողմէ իր հիւսիսային սահմանի ուժեղացուած թիրախաւորման, ինչ որ սկսած է 7 հոկտեմբերին Համասի` Իսրայէլի վրայ յարձակումէն ետք:
Պաշտօնատարները աւելցուցած են, որ Միացեալ Նահանգներ Իսրայէլը զգուշացուցած են զգուշ ըլլալ Հըզպալլայի արձակած կրակոցին իր զինուորական պատասխաններուն մէջ` բացատրելով, որ Իսրայէլի բանակի Լիբանանի մէջ սխալը կրնայ շատ աւելի մեծ պատերազմի պատճառ դառնալ:
Իսրայէլացի եւ ամերիկացի պաշտօնատարներ «Աքսիոս»-ին յայտնեցին. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ հանդիպումի ընթացքին մտահոգ էր Հըզպալլայի` պատերազմին միանալով»:
Պաշտօնատարները ըսած են, որ Իսրայէլի պատերազմական խորհուրդը Պայտընին յայտնած է, թէ յետպատերազմեան ծրագիր գոյութիւն չունի, եւ կեդրոնացումը հակայարձակումին վրայ է:
Իսրայէլացի պաշտօնատար մը «Աքսիոս»-ին յայտնած է, թէ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախկին նախարար Պենի Կանց Պայտընին յայտնած է, թէ Համասի կազմալուծման ջանքերը կրնան տարիներ տեւել:
«ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ Փիոնկիանկի մէջ յայտարարած է, թէ Ռուսիան եւ Թուրքիան կապ կը պահեն Միջին Արեւելքի կացութեան սրման առնչուած: Մեկնաբանելով պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապին մէջ Թուրքիոյ երաշխաւոր երկիրներու համակարգ ստեղծելու նախաձեռնութիւնը` Լաւրով յայտնած է. «Մենք պատրաստ ենք քննարկելու որեւէ կառուցողական առաջարկ: Այդ նախաձեռնութիւնը թելադրուած է ապամագլցումի հասնելու, կացութիւնը կարգաւորելու ձգտումով: Մենք, ի հարկէ, պիտի ուզենք մեր թուրք գործընկերներէն լսել, թէ ճիշդ ի՛նչ նկատի ունին»:
«Կողմնակից ենք, որ որեւէ մօտեցում հիմնուի կողմերու շահերու հաւասարակշռութեան վրայ, եւ ոչ թէ ոեւէ մէկու շահերը միւսներուն պարտադրելու: Ինծի կը թուի, թէ թրքական նախաձեռնութիւնը թելադրուած է նման հաւասարակշռութեան ապահովումով: Պատրաստ պիտի ըլլանք համագործակցելու», աւելցուցած է նախարարը:
«Ես կը մեկնիմ այն բանէն, որ շարունակուին շահագրգիռ կողմերու խորհրդակցութիւնները: Եգիպտոսը նախաձեռնութիւն կը ցուցաբերէ: Մենք բոլորս կ՛ուզենք Կազայի հատուածին մէջ ապամագլցում տեսնել: Յառաջիկայ օրերուն պիտի ըլլան հաղորդակցութիւններ, որոնց ընթացքին հասկնալի պիտի դառնայ, թէ որքանո՛վ իրատեսական է ակնկալել այդ», ըսած է ան:
Լաւրովի համաձայն, «իրական գործիքակազմը կրնայ ըլլալ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումը` որեւէ բռնի գործողութիւն դադրեցնելու եւ մարդասիրական խնդիրներու լուծման կոչով` հաշուի առնելով այն իսկական աղէտը, որ կը սպառնայ Կազայի հատուածին եւ այնտեղ ապրող միլիոնաւոր մարդոց»:
«Սակայն, ցաւօք, այդ բանաձեւը չէ որդեգրուած: Հակառակ անոր որ վստահ չեմ, որ եթէ այդ բանաձեւը որդեգրուէր, դադար պիտի յայտարարուէր, պիտի լուծուէին մարդասիրական խնդիրները: Սակայն կոչերն ալ չեղան», ընդգծած է Լաւրով:
«Ինչ կը վերաբերի Կազային, ապա ճգնաժամի` համաշրջանային տագնապի վերածուելու վտանգը բաւական լուրջ է: Մենք ամէն ինչ Իրանի վրայ բարդելը կը նկատենք եւ զայն կը նկատենք բաւական սադրիչ: Իրանի ղեկավարութիւնը, ես կը կարծեմ, բաւական պատասխանատու դիրք գրաւած է եւ կոչ կ՛ուղղէ, որպէսզի չարտօնուի, որ տագնապը տարածուի ամբողջ շրջանի եւ սահմանակից երկիրներուն մէջ», ըսած է Լաւրով:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն հերքեց այն տեղեկութիւնը, թէ Հըզպալլայի յարձակման պարագային ամերիկեան զօրքերը պիտի միանան Իսրայէլին:
Անդրադառնալով լրագրողներուն այն դիտարկումին, թէ ամերիկեան վարչակազմը Իսրայէլին ըսած է, թէ ամերիկեան զօրքերը իսրայէլեան ուժերու կողքին պիտի կռուին, եթէ Հըզպալլան Իսրայէլի վրայ յարձակի, Պայտըն արձագանգած է, որ ատիկա «ճիշդ չէ»:
Ան միեւնոյն ժամանակ նշած է. «Մեր զինուորները կը քննարկեն այլընտրանքային տարբերակներ Հըզպալլայի յարձակման պարագային»:
Իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իրանի զինեալ ուժերու պետ զօր. Մոհամետ Պաքերի Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի եւ Քաթարի պաշտպանութեան նախարար Հալիտ պըն Մոհամետ Ալ Աթիայի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտնած է. «Իսրայէլի յանցագործութիւններուն շարունակումը կրնայ յանգեցնել ասպարէզի մէջ այլ դերակատարներու յայտնուելուն»:
Պաքերի միջազգային ընտանիքին Իսրայէլի յանցագործութիւնները դադրեցնելու քայլերու դիմելու կոչ ուղղելով ըսած է. «Մենք մտահոգ ենք քաղաքային բնակչութեան դէմ դաժան յանցագործութիւններու շարունակութեամբ: Անկախ կառավարութիւնները պէտք է լրջօրէն արձագանգեն ատոր»:
Անոր համաձայն, Իսրայէլի յանցագործութիւններուն շարունակութիւնը կրնայ ասպարէզ հանել այլ դերակատարներ:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարը ըսած է, որ այս հարցին մէջ Ռուսիոյ դիրքորոշումը յստակ է, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի մէջ Ռուսիոյ նախաձեռնութիւնը չէ իրականացած արեւմտեան որոշ երկիրներու ընդդիմութեան պատճառով:
Պաքերի, խօսելով Միացեալ Նահանգներու մասին, երկիրներէն պահանջած է կանխարգիլել շրջան զէնքի մատակարարումը:
Անոր համաձայն, «պաղեստինեան դիմադրութեան խումբերու պաշտպանական գործողութիւնները դարձած են սիոնական վարչակարգի` իսլամ սրբատեղիներու վրայ յարձակումին պատասխանը»:
«Իսլամները չեն կրնար արդարացնել լռութիւնը, իսկ այդ բարբարոսութիւններու շարունակութիւնը կրնայ յառաջ բերել դիմադրութեան խումբերու արձագանգը», ըսած է Պաքերի:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընէն եւ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցէն ետք, երէկ իր կարգին Իսրայէլ այցելեց Բրիտանիոյ վարչապետ Ռիշի Սունաք, որ հանդիպում ունեցաւ Իսրայէլի նախագահ Իցհաք Հերցոկի, վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի եւ Համասի կողմէ գերեվարուածներու ընտանիքներու անդամներուն հետ:
ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու յանձնախումբի նիստի ընթացքին Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշել Թէյլըրի խօսք արտասանելու ընթացքին օտարերկրեայ բազմաթիւ պատուիրակութիւններու անդամները ոտքի կանգնած են եւ կռնակ դարձուցած` ի նշան բողոքի:
Լրագրող Սուլէյման Ահմետի կողմէ «Էքս»-ի վրայ հրապարակուած տեսանիւթը ցոյց կու տայ, որ ներկաներուն գրեթէ կէսը մերժած է լսել Թէյլըրի խօսքը:
«Մեծ թիւով մասնակիցներ երես թեքեցին ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու յանձնախումբին մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշել Թէյլըրին», գրած է լրագրողը:
Մինչ այդ, Միացեալ Նահանգներու 5-րդ նաւատորմիղը յայտարարեց, որ «Եու.Էս.Էս. Քառնի» խորտընկեցը, որ հեռակառավարուող հրթիռներով օժտուած է, հասած է Միջին Արեւելք: «Խորտընկեցի գործուղումը շրջանային ջուրերու մէջ ծովային անվտանգութեան ու կայունութեան երաշխաւորման օգնելու համար է», նշեց 5-րդ նաւատորմիղը: