Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն մտադիր է այսօր Իսրայէլ այցելել: Այս մասին հաղորդեց ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Էլիզէի պալատին մէջ իր աղբիւրին: Մէկ օր առաջ յայտնի դարձած էր, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է Ֆրանսայի նախագահին, Նետերլանտներու վարչապետ Մարք Ռիւթէի եւ Սպանիոյ վարչապետ Փետրօ Սանչեսի հետ:
Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիս երէկ այցելեց Իսրայէլ: Ան շաբաթ օր Գահիրէի խաղաղութեան վեհաժողովի ընթացքին յայտնած էր. «Զինուորական միջամտութեան որեւէ ձեւ չի կրնար փոխարինել կիրարկելի քաղաքական լուծման կարիքը»:
«Թայմզ աֆ Իզրայէլ» հաղորդեց, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ յայտարարած է, թէ Կազայի մէջ իսրայէլեան բանակի ցամաքային գործողութիւնը կրնայ մինչեւ երեք ամիս տեւել եւ պիտի դառնայ վերջինը, եթէ Համասը պարտուի:
«Ասիկա պէտք է ըլլայ վերջին ցամաքային գործողութիւնը Կազայի մէջ այն պարզ պատճառով, որ ատկէ ետք Համասը պէտք է գոյութիւն չունենայ: Ատիկա պիտի տեւէ մէկ, երկու, երեք ամիս, սակայն ի վերջոյ Համասը պիտի վերանայ», ըսած է Կալանթ` Թել Աւիւի մէջ Իսրայէլի օդուժի բարձրաստիճան զինուորականներու հետ հանդիպումի ընթացքին:
«Նախքան որ թշնամին բախի զրահապատ մեքենաներուն եւ հետեւակին, ան պիտի տեսնէ օդուժի ռումբերը», աւելցուցած է Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարը:
Իսրայէլեան «Քան» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց. «Իսրայէլեան բանակը պատրաստ է Կազայի մէջ ցամաքային գործողութեան սկսելու, սակայն Նեթանիահուն է, որ զայն քաղաքական պատճառներով կը յետաձգէ»: Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը իր կարգին հաղորդեց. «Միացեալ Նահանգներ Իսրայէլէն խնդրեցին յետաձգել Կազայի իր ներխուժումը, մինչեւ ամբողջացնեն իրենց ուժերու շրջան ուղարկումը»: Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլ ընդառաջացած է իր ցամաքային գործողութիւնը մինչեւ ամերիկեան յաւելեալ ուժերու շրջան ժամանումը յետաձգելու Ուաշինկթընի խնդրանքին:
Իսրայէլեան բանակի բանբեր Ճոնըթըն Քոնրիքուս յայտնեց, որ Կազայի դէմ ցամաքային գործողութիւնը չեղեալ պիտի նկատուի, «եթէ Համաս ազատ արձակէ պատանդները եւ առանց նախապայմանի անձնատուր ըլլայ»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանի թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է. «Կը կարծեմ` մենք կը հասկնանք, որ չենք կրնար վերադառնալ սթաթիւս քոյին, ուր Համաս պիտի կարենայ կրկնել այն, ինչ որ ըրած է: Պէտք է նոր բան մը գտնել»:
Անոր կարծիքով` Իսրայէլ մտադիր չէ վերահսկողութեան տակ առնել Կազան, եւ այժմ պէտք է աշխատանքի սկսիլ եւ ճշդել, թէ Կազան ինչպէ՛ս պիտի կառավարուի տագնապէն ետք:
«Պլումպըրկ», յղում կատարելով իր աղբիւրներուն, կը նշէ, որ Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլը քննարկած են ՄԱԿ-ի օգնութեամբ եւ արաբական երկիրներու ներգրաւումով Կազայի մէջ ժամանակաւոր կառավարութիւն ստեղծելու կարելիութիւնը: Քննարկումները սկզբնական փուլի մէջ են, եւ ելքը կախեալ պիտի ըլլայ տագնապի զարգացումէն` ներառեալ իսրայէլեան զօրքերու ցամաքային գործողութիւնը:
«Սի.Էն.Էն.» նախապէս յայտնած էր, որ Միացեալ Նահանգները եւ դաշնակիցները իսրայէլացիներու հետ զրոյցներու ընթացքին Իսրայէլը ետ կը պահեն Կազայի մէջ ցամաքային գործողութիւն կատարելու գաղափարէն: Անոնք իսրայէլացիներուն կոչ կ՛ուղղեն քննարկելու Կազայի վերաբերեալ երկարաժամկէտ ռազմավարութիւն, խուսափիլ այդ տարածքի երկարաժամկէտ բռնագրաւումէն եւ ամէն բան ընել խաղաղ մարդոց կեանքը խնայելու համար:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարը զգուշացուցած է Իսրայէլն ու Միացեալ Նահանգները, որ Միջին Արեւելքը կրնայ դուրս գալ վերահսկողութենէն, եթէ Իսրայէլ անյապաղ չդադրեցնէ իր զինուորական գործողութիւնները:
Ապտոլլահեանի կարծիքով` այսօր շրջանը նման է վառօդի տակառի: Ան աւելցուցած է, որ յառաջիկայ օրերուն արաբական եւ իսլամական երկիրները աւելի համակարգուած դիրքորոշում պիտի որդեգրեն «իսրայէլեան զինուորական յանցագործութեան դիմակայելու վերաբերեալ»:
Սպիտակ տունը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկած է պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապին շուրջ ստեղծուած կացութիւնը:
Հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ Պայտըն ողջունած է ուղարկումը մարդասիրական օգնութեան երկու շարասիւններու, որոնք մուտք գործած են Կազա. պարէնը պիտի բաշխուի կարիքաւոր պաղեստինցիներուն: «Ղեկավարները հաստատած են, որ այս կարեւոր օգնութեան Կազա առաքումը պիտի շարունակուի», աւելցուցած է Սպիտակ տունը:
Կը նշուի, որ Պայտըն երախտագիտութիւն յայտնած է Իսրայէլին երկու ամերիկացի պատանդներու ազատ արձակման հարցին մէջ ցուցաբերած աջակցութեան համար: Ղեկավարները քննարկած են Համասի կողմէ գերեվարուած մարդոց, ներառեալ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիները ազատելու շարունակական ջանքերը:
Պայտըն եւ Նեթանիահու համաձայնած են պահպանել սերտ հաղորդակցութիւնները:
Համասի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Իսմայիլ Հանիէ եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեան իրենց կարգին քննարկած են Կազայի կացութիւնը: Այս մասին նշուած է Համասի «Թելեկրամ» ալիքին վրայ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ:
Ըստ հաղորդագրութեան, կողմերը քննարկած են Կազայի հատուածին մէջ Իսրայէլի գործողութիւնները եւ այն գործելաոճերը, որոնց միջոցով կարելի է դադրեցնել զինեալ տագնապը:
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին «Էյ.Պի.Սի.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է. «Մեզ կը մտահոգէ հաւանական մագլցումը: Փաստօրէն, մենք կը քննենք ամբողջ շրջանին մէջ մեր զօրքերուն եւ մեր ժողովուրդին վրայ յարձակումներու զգալի սրման հեռանկարը, եւ, հետեւաբար, մենք կը պատրաստուինք ընել ամէն ինչ, որպէսզի համոզուինք, որ մեր զօրքերը լաւ դիրքաւորուած եւ պաշտպանուած են, եւ որ մենք արձագանգելու կարողութիւն ունինք»:
Ան ըսած է, որ «Միացեալ Նահանգները համապատասխան քայլերու պիտի ձեռնարկեն»` ի պատասխան Միջին Արեւելքի մէջ որեւէ մագլցումի: «Եթէ որեւէ խումբ կամ երկիր կը ձգտի ընդլայնել այս տագնապը եւ օգտուիլ այս կացութենէն, որ մենք կը տեսնենք, մեր խորհուրդն է` ատիկա մի՛ ընէք», ըսած է ան:
Անդրադառնալով Կազա իսրայէլեան ցամաքային ներխուժման` Օսթին ըսած է, որ իսրայէլացի պաշտօնատարներուն եւ մասնաւորաբար Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթին կոչ ուղղած է «իրենց գործողութիւնները կատարելու պատերազմի օրէնքներուն համապատասխան»:
Ան ըսած է, որ երկու պետութիւններու ստեղծումը տակաւին «շատ, շատ ընդունելի է»:
«Տը Կարտիըն» հաղորդեց, որ Քայիտան եւ ՏԱՀԵՇ-ը իրենց հետեւորդներուն կոչ ուղղած են յարձակելու Իսրայէլի, Միացեալ Նահանգներու եւ հրեաներու թիրախներուն վրայ: Անցեալ շաբթուան ընթացքին շարք մը յայտարարութիւններու մէջ Քայիտայի մասնաճիւղերը շնորհաւորած են Համասը «Իսրայէլ ներխուժելուն» համար:
Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի փոխհրամանատար Ալի Ֆատաւի յայտնած է, որ Իրանը «առանց վարանելու» կրնայ հրթիռ արձակել Հայֆա քաղաքին ուղղութեամբ:
«Ոմանք Հայֆայի վրայ ուղիղ հրթիռային յարձակումը կը նկատեն ամէնէն գործնական գործողութիւնը: Մենք առանց վարանելու կ՛իրականացնենք այդ խնդիրը, եթէ ատիկա անհրաժեշտ ըլլայ եւ եթէ ատոր պահանջը ըլլայ», ըսած է պահակագունդի փոխհրամանատարը` աւելցնելով. «Սակայն ես չեմ յանձնարարութիւնը որոշողը»:
«Ռանինթել» կը հաղորդէ, որ իրանցի զինուորականը այս մասին յայտարարած է Թեհրանի համալսարանի մզկիթին մէջ Կազային աջակցող ուսանողներու հաւաքի ընթացքին:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Իսրայէլ հիւսիսէն եւ հարաւէն բնակիչներու այս տարողութեամբ հեռացումներուն պատրաստ չէ:
Միջին Արեւելքի հարցերով Չինաստանի կառավարութեան յատուկ բանագնաց Չժայ Ծիու ՄԱԿ-ին կոչ ուղղեց խաղաղութեան խորհրդաժողով հրաւիրելու պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապի լուծման համար:
«Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը պէտք է նպաստէ խաղաղութեան միջազգային աւելի հեղինակաւոր, աւելի ազդեցիկ եւ աւելի տարողունակ խորհրդաժողովի շուտափոյթ գումարման», ըսաւ ան:
Չինացի դիւանագէտը նշեց, որ տագնապի մագլցումը պաղեստինեան հարցի անտեսման անթոյլատրելիութեան ապացոյցն է: Ան ընդգծած է, որ պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապի փակ շրջանակէն ելք կրնայ դառնալ վերադարձը «երկու պետութիւն երկու ժողովուրդներու համար» ծրագիրին եւ անկախ պաղեստինեան պետութեան ստեղծումը:
ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ երէկ Ռաֆահի անցքին ճամբով Եգիպտոսէն Կազա մուտք գործած է իր տեսակին մէջ երրորդը եղող մարդասիրական օժանդակութեամբ բեռնաւորուած 14 բեռնակառքերու շարասիւնը: Շաբաթ եւ կիրակի օրերուն ընթացքին մարդասիրական օժանդակութեամբ բեռնաւորուած 34 բեռնակառքեր Եգիպտոսէն մուտք գործած էին Կազա:
Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան իշխանը հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին իր սուրիացի պաշտօնակից Ֆայսալ Մըքտատի հետ քննարկեց Կազայի եւ անոր մերձակայքին մէջ զինուորական մագլցումի շարունակման զարգացումները:
Երկու կողմերը շեշտեցին, թէ պէտք է լարուածութեան վերջ տալու եւ շրջանին մէջ ընթացող տագնապին մագլցումը կասեցնելու պէտք եղած միջոցներ գտնելու ուղղութեամբ աշխատանք տանիլ, ինչպէս նաեւ ընդգծեցին կարեւորութիւնը գտնելու պաղեստինցի ժողովուրդին ձգտումները բաւարարող եւ ներկայ տագնապի հետեւանքները մեղմացնող արդար եւ իրաւացի լուծում մը, ինչ որ կը նպաստէ քաղաքայիններու պաշտպանութեան: