19 հոկտեմբերին Աւստրիոյ խորհրդարանը միաձայնութեամբ որդեգրած է Արցախի ժողովուրդին դէմ Ազրպէյճանի կողմէ գործուած ցեղային զտումը դատապարտող բանաձեւ: Այս մասին հաղորդած է Աւստրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը:
«Ազգային խորհուրդի նիստին պատուաւոր հիւրի կարգավիճակով կը մասնակցէր Աւստրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արմէն Պապիկեանը:
«Բազմաթիւ երեսփոխաններ Ազրպէյճանը դատապարտող խօսքեր արտասանեցին` Աւստրիոյ դաշնակցային կառավարութեան կոչ ուղղելով սատարելու Հայաստանին եւ Լեռնային Ղարաբաղի բռնի տեղահանուած ժողովուրդին:
«Օրէնսդիր մարմինին մէջ ներկայացուած բոլոր հինգ խմբակցութիւններու աջակցութիւնը ստացած բանաձեւը դաշնակցային կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ` միջազգային «բոլոր հարթակներուն վրայ եւ երկկողմանի քննարկումներուն մէջ դատապարտելու Ազրպէյճանի զինուորական գործողութիւնները, որոնք յանգեցուցած են Լեռնային Ղարաբաղէն աւելի քան 100.000 հայերու զանգուածային արտագաղթին»:
«Բանաձեւը կ՛ընդգծէ Լեռնային Ղարաբաղ մնացած հայերու եւ Լեռնային Ղարաբաղ վերադառնալ ուզողներու իրաւունքներու պաշտպանութեան, Լաչինի միջանցքով ազատ տեղաշարժի վերաբերեալ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումներու կատարման կարեւորութիւնը:
Աւստրիոյ դաշնակցային կառավարութեան նաեւ կոչ կ՛ուղղուի` ներգրաւուելու միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւններու Լեռնային Ղարաբաղ ազատ եւ անխոչընդոտ, երկարատեւ մուտքը ապահովելու, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մշակութային արժէքներու եւ եկեղեցիներու համապարփակ պաշտպանութեան համար: Բանաձեւը նաեւ հանդէս կու գայ Հայաստանին` իբրեւ Աւստրիական զարգացման համագործակցութեան առաջնահերթ երկիր, անհրաժեշտ միջոցներու տրամադրման օգտին` մարդասիրական կացութեան հետագայ կայունացման համար», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: