Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարաւային Լիբանանի Ճակատը Կը Շարունակէ Մնալ Փոխադարձ Ռմբակոծումներու Թատերաբեմ

Հոկտեմբեր 20, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարաւային Լիբանանի սահմանագիծը երէկ դարձեալ վկայեց փոխադարձ ռմբակոծումներ եւ հրթիռարձակումի գործողութիւններ` Իսրայէլի ու Դիմադրութեան միջեւ:

Նախանցեալ գիշեր ժամը 10:00-ին, Հըզպալլայի հակաօդայիններ ռմբակոծեցին իսրայէլեան հետախուզական օդանաւ մը, որ թռիչքներ կը գործէր Իքլիմ Թուֆֆահի վերեւ:

Ժամ մը ետք Դիմադրութիւնը հակահրասայլային հրթիռով մը թիրախ դարձուց իսրայէլեան Շուշան շրջանին մէջ գտնուող հրասայլեր` զանոնք քանդելով:

Իսրայէլեան ուժերը այս հարուածին պատասխանեցին ռմբակոծելով Հըզպալլայի ենթակառոյցները:

Երէկ կէսօրուան ժամը 12:00-ին Դիմադրութիւնը հակահրասայլային հրթիռներով թիրախ դարձուց իսրայէլեան Մանարա դիրքին վրայ գտնուող հրասայլեր, որոնց իբրեւ պատասխան իսրայէլեան հրետանին ռմբակոծեց Մէյս էլ Ժապալն ու Հուլան:

Յետմիջօրէին Դիմադրութիւնը ռմբակոծեց արեւմտեան Գալիլիան, ինչպէս նաեւ հակահրասայլային երեք հրթիռով թիրախ դարձուց իսրայէլեան Զարհիթ բնակեցման վայրը:

Իբրեւ պատասխան իսրայէլեան ուժեր ռմբակոծեցին Մըրուահին գիւղաքաղաքը, Նաքուրայի մօտակայքն ու Լապպունէի բարձունքները:

Երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Հըզպալլա յայտարարեց, որ թիրախահար հրթիռներով ռմբակոծած է Մանարա սիոնական դիրքը, ինչպէս նաեւ ռմբակոծած է Ժալ Օլամը, Զըրհիթը, Շումիրանը եւ Հապատ Պուսթանի հսկողութեան աշտարակը: Դիմադրութիւնը հաստատեց, որ քանդած է մեծ թիւով լրտեսական սարքեր:

Երեկոյեան ժամը 7:00-7:40-ին, իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքեր թիրախ դարձուցին Մէյս էլ Ժապալ գիւղաքաղաքն ու Ատայսէի մօտակայքը:

Իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքեր թիրախ դարձուցին Ուազզանիի պարտէզները, իսկ Դիմադրութիւնը երեք հրթիռներ արձակեց Քըրիաթ Շմոնա բնակեցման վայրին ուղղութեամբ:

Միւս կողմէ, Բրիտանիոյ դեսպանատունը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Լիբանան այցելութիւնը յանձնարարելի չէ, իսկ Լիբանանի մէջ ապրող բրիտանացիներուն կոչ կ՛ուղղէ արձանագրուելու դեսպանատան մօտ:

Աւստրալիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր քաղաքացիներուն խորհուրդ տուաւ Լիբանան ճամբորդելէ զգուշանալու` աւելցնելով նաեւ, որ Լիբանան գտնուող իր քաղաքացիներէն կը պահանջուի դուրս գալ երկրէն:

Քանատայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը վերստին կոչ ուղղեց խուսափելու Լիբանան ուղղուելէ:

Պահրէյնի դեսպանատունը իր կարգին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ իր քաղաքացիները բնաւ պէտք չէ այցելեն Լիբանան:

Երէկ յետմիջօրէին «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Պէյրութի ամերիկեան դեսպանատունը կոչ ուղղած է Լիբանանի մէջ իր քաղաքացիներուն` ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին հեռանալու Լիբանանէն:

Նշենք, որ երեկոյեան Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ուղղեց իր քաղաքացիներուն մեկնելու Լիբանանէն:

Պէտք է աւելցնել նաեւ, որ Գերմանիոյ պաշտպանութեան նախարար Պորիս Փիսթորիուս երէկ հասաւ Լիբանան, ուր ան կատարեց յայտարարութիւն մը, որ այս ժամանակաշրջանին ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մէջ գերմանական ուժերուն թիւի նուազեցումը կամ ՖԻՆԻՒԼ-էն հեռանալը սխալ ցուցանիշ մը պիտի նկատուի:

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք գումարեց նիստ մը` նախագահութեամբ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի:

Նիստին ընթացքին կառավարութիւնը մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեց հարաւային Լիբանանի եւ Կազայի մէջ արձանագրուած զոհերուն յիշատակը:

Նիստին ընթացքին Միքաթի յայտնեց, որ ինք դիւանագիտական ըմբռնում առթող մթնոլորտ մը շօշափած է լիբանանցիներուն մտավախութիւններուն հանդէպ, ինչպէս նաեւ ստացած է խոստումներ` իսրայէլեան բռնարարքները կասեցնելու նպատակով ճիգ չխնայելու իմաստով:

Միւս կողմէ, Միքաթի մաղթեց, որ լիբանանեան միացեալ կեցուածք մը գոյանայ` աւելցնելով, որ Լիբանանի շահերը կ՛ենթադրեն, որ քաղաքական բոլոր ուժերը մէկտեղուին եւ հանրապետութեան նախագահը ընտրեն:

Կարգ մը լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ կառավարութեան նիստին ընթացքին քննարկուած է բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու եւ սպայակոյտի պետ նշանակելու կարելիութիւնը, սակայն այս իմաստով յստակ որոշում մը չէ տրուած` ընդգծելով, որ նման որոշումներ յաւելեալ քննարկումի կարիք ունին:

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ գործող արաբական երկիրներու դեսպանները, որոնց շարքին էին Յորդանանի, Սէուտական Արաբիոյ, Եգիպտոսի, Մարոքի, Իրաքի, Օմանի, Ալճերիոյ, Քուէյթի, Եմէնի, Սուտանի, Պաղեստինեան իշխանութեան դեսպանները եւ Սուրիոյ դեսպանի գործակատարը:

Հանդիպումէն ետք Պու Հապիպ յայտնեց, որ համաձայնութիւն գոյացած է Կազայի եւ Իսրայէլի միջեւ զինեալ բախումները անմիջապէս կասեցնելու կարեւորութեան եւ պաղեստինցիներուն օժանդակելու անհրաժեշտութեան:

Պու Հապիպ ընդգծեց, որ դեսպանները մերժած են պաղեստինցիներուն տեղահանումն ու տարբեր երկիրներու մէջ անոնց բնակեցումը` շեշտելով, որ այս հարցը կարելի է լուծել իսրայէլեան բռնագրաւումին վերջ դնելով եւ պաղեստինեան պետութիւն մը հաստատելով:

Այս շրջագիծին մէջ Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա յայտնեց, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնա Պէյրութ այցելութեան ընթացքին լիբանանցի պատասխանատուներուն փոխանցեց խիստ զգուշացումներ` շեշտելով, որ հարաւային Լիբանանէն պատերազմ բռնկելու պարագային Իսրայէլ Լիբանանը պիտի չխնայէ:

Ապի Ռամիա շեշտեց, որ Քոլոնա շատ լուրջ էր իր փոխանցած զգուշացումներուն իմաստով:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որմէ բխած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ ամերիկեան վարչակազմը մարդկային իրաւունքներուն դէմ ոճրային յանցանքներ կը գործէ:

Պլոքը ընդգծեց, որ Կազայի դէմ իսրայէլեան պատերազմը շարունակելը շրջանային սպառնալիք է, որովհետեւ անիկա կրնայ ամբողջ շրջանը քաոսի մատնել:

«Դիմադրութիւնը չի կրնար ձեռնածալ մնալ սպառնալիք նկատուող կամ հաստատուած տարազները խախտող սիոնական որեւէ գործարքի դիմաց», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

Այստեղ պէտք է աւելցնել, որ Լիբանանի մէջ Համասի տեղեկատուական հարցերու պատասխանատու Ուալիտ Քիլանի շեշտեց, որ Համաս չի պնդեր, որ Լիբանան պէտք է անպայման ներքաշուի Իսրայէլի դէմ պատերազմին մէջ: Ան կոչ ուղղեց արաբական երկիրներու ղեկավարներուն զօրակցելու պաղեստինցի ժողովուրդին, այնպէս ինչպէս Միացեալ Նահանգներ ամէն իմաստով կը զօրակցին Իսրայէլի:

Նախորդը

Իտալիոյ Մէջ. «Լիբանանի Նախագահական Դատարկութեան Փուլը Պատճառ Դարձած Է Քաոսային Մթնոլորտի Ստեղծման» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

Յաջորդը

Եւրոպական Միութեան Արտաքին Գործոց Նախարարները Յաջորդ Շաբաթ Պիտի Քննարկեն Հայ-Ազրպէյճանական Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հարցը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?