Գլխաւոր լուրեր

Քըրըմ. «Յանձնառու Կը Մնանք Քաղաքացիները Համացանցի Ծառայութենէ Չզրկելու»

Քըրըմ. «Յանձնառու Կը Մնանք Քաղաքացիները Համացանցի Ծառայութենէ Չզրկելու»

Հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Ճոնի Քըրըմ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ հեռաձայնային հաղորդակցութեան իմաստով ճշդուած նոր սակը ուղղակիօրէն կապուած է նախարարութեան ծախսերուն, որոնք ամբողջութեամբ ամերիկեան տոլարով են: Ան նկատել տուաւ, որ սովորական հեռաձայնային հաղորդակցութիւններու սակի բարձրացումը պիտի չներառէ բջիջային հեռաձայնի հաղորդակցութիւնները: Քըրըմ յայտնեց, որ լիբանանեան պետութեան մօտ կան համացանցի ծառայութիւն բաշխող 107 ընկերութիւններ, որոնք պաշտօնական արտօնագիրով կը գործեն, ինչպէս նաեւ...

Տեղի Պիտի Ունենայ Հոգեւոր Պետերու Եւ Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներու Խորհրդակցութիւն՝ Արցախի Զօրակցութեան Օրակարգով

Տեղի Պիտի Ունենայ Հոգեւոր Պետերու Եւ Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներու Խորհրդակցութիւն՝ Արցախի Զօրակցութեան Օրակարգով

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա․ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին հրաւէրով, մասնակցութեամբ հայ հոգեւոր պետերու եւ երեք հայ քաղաքական կուսակցութիւններու բարձրագոյն մարմիններու ներկայացուցիչներուն, վաղը՝ Չորեքշաբթի, 6 Սեպտեմբեր 2023-ին, տեղի պիտի ունենայ խորհրդակցական յատուկ նիստ, միակ օրակարգ ունենալով Արցախի ժողովուրդին զօրակցելու հրամայականը։ Նիստին պիտի մասնակցին Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ․Տ․ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Հոգեւոր Տէրը, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան նախագահ Վերապատուելի Փօլ Հայտոսթեան,...

Մինչ Ժողովրդային Ցոյցերը  Կը Շարունակուին,  Երկխօսութեան Նիստը Այսօր  Կը Կատարէ Իր Մեկնարկը

Ակնարկ. Յորդորներէն Դէպի Պատուէրնե՞ր

Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի պաշտօնակատարին յայտարարութիւնը ահազանգային է: Կեդրոնական դրամատունը կ՛որոշէ դադրեցնել պետութեան ֆինանսաւորումը: Այս որոշումէն առաջ կար ուղղուածութիւն եւ այդ մասին նաեւ յայտարարութիւն, որ ֆինանսաւորումը պիտի ըլլայ ամերիկեան դրամանիշով: Օտար դրամանիշով պետական ծառայութիւններու ֆինանսաւորումը պետութեան Կեդրոնական դրամատան կողմէ բնական պայմաններու մէջ անօրինաչափ քայլ է: Լիբանանեան դրամանիշի տատանուող կայունացման միտող գործողութիւններու շարքին մաս կը կազմէ, ժամանակաւոր ելքեր որդեգրելու ընդհանուր ֆինանսական քաղաքականութեան...

Ազրպէյճանցիները Դարձեալ Կրակած Են Կապանի Օդակայանին Վրայ

Ազրպէյճանցիները Դարձեալ Կրակած Են Կապանի Օդակայանին Վրայ

Ազրպէյճանցիները դարձեալ հրազէնով կրակած են Կապանի օդակայանին վրայ` վնասելով օդակայանի շինութիւններուն պատերը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին տեղեկութիւններով` վնասուած են նաեւ օդակայանի պատուհանները: Անձնակազմէն ոչ ոք տուժած է: Կրակոցները արձակուած են հակառակորդին կողմէ վերահսկուող տարածքներէն: Քննչական կոմիտէի բանբեր Գոռ Աբրահամեան «Ազատութիւն» կայանին յայտնեց, որ դէպքին առիթով յարուցուած է քրէական վարոյթ` Քրէական օրէնսգիրքի 2 յօդուածներով` սպանութեան փորձ, որ կատարուած է անձերու կեանքին համար...

Մհեր Գրիգորեան. «Պաքուն Տակաւին Չէ Արձագանգած Խաղաղութեան Պայմանագիրին Վերաբերեալ Երեւանի Նոր Առաջարկներուն»

Մհեր Գրիգորեան. «Պաքուն Տակաւին Չէ Արձագանգած Խաղաղութեան Պայմանագիրին Վերաբերեալ Երեւանի Նոր Առաջարկներուն»

Պաքուն տակաւին չէ արձագանգած խաղաղութեան պայմանագիրին վերաբերեալ հայկական կողմի նոր առաջարկներուն, լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին երէկ ըսած է փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան: «Իմ ունեցած տեղեկութիւններովս, տակաւին արձագանգ չկայ վերջին առաջարկին վերաբերեալ», նշած է Գրիգորեան: Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը օգոստոսի վերջին, կառավարութեան նիստի ժամանակ, յայտարարեց, որ Երեւանը ազրպէյճանական կողմին փոխանցած է խաղաղութեան պայմանագիրի նոր առաջարկները` այլ մանրամասնութիւններ չհրապարակելով: Ասիկա երկու երկիրներու արտաքին...

Ռուսիան Բրիտանիայէն  Կը Պահանջէ Ներում Հայցել

«Ռուսիան, Իբրեւ Հայաստանի Ամէնէն Մօտ Բարեկամ Եւ Դրացի, Չի Պատրաստուիր Լքել Հայաստանի Կովկասը» Կ՛ըսէ Դիւանագիտական Աղբիւր Մը

Ռուսիան, իբրեւ Հայաստանի ամէնէն մօտ բարեկամ եւ դրացի, չի պատրաստուիր լքել Հարաւային Կովկասը, սակայն Երեւանը պէտք չէ Արեւմուտքի գործիքը դառնայ Ռուսիան դուրս մղելու համար: Այս մասին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնած է դիւանագիտական աղբիւր մը` մեկնաբանելով Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի իտալական «Լա Ռեփուպլիքա» օրաթերթին հետ հարցազրոյցը: «Փաստօրէն, անոնք կը փորձեն արհեստականօրէն դուրս մղել Ռուսիան Հարաւային Կովկասէն` Երեւանը օգտագործելով իբրեւ այդ...

Քոնկրեսի Մարդու Իրաւունքներու Յանձնախումբը 6 Սեպտեմբերին Պիտի Քննարկէ Արցախի Կացութիւնը

Քոնկրեսի Մարդու Իրաւունքներու Յանձնախումբը 6 Սեպտեմբերին Պիտի Քննարկէ Արցախի Կացութիւնը

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Մարդու Իրաւունքներու յանձնախումբը 6 սեպտեմբերին պիտի քննարկէ Բերձորի միջանցքի փակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող կացութիւնը: Լսումներուն հրաւիրուած է Միջազգային քրէական դատարանի նախկին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփոն, որուն զեկուցումը մէջբերած է Ներկայացուցիչներու տան յանձնախումբը: «Ողջմիտ հիմք կայ պնդելու, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բնակող հայերուն դէմ այժմ ցեղասպանութիւն կը գործուի», ըսած է Օքամփօ: Լսումներու երկրորդ բանախօսն է Քոլոմպիա...

Երեւանի Մէջ Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Պաշտպանութիւն Արցախի

Երեւանի Մէջ Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Պաշտպանութիւն Արցախի

Շաբաթ, 2 սեպտեմբերին, Ազատութեան հրապարակին վրայ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան 32-ամեակին առիթով տեղի ունեցաւ ընդդիմութեան հանրահաւաքը, որ կը կրէր «Էս. Օ. Էս. Արցախ» կարգախօսը: Հանրահաւաքի նպատակն էր Հայաստանի ու սփիւռքի միասնական ձայնը հնչեցնել Արցախի ու համայն հայութեան համար այս ծանր ու վճռական փուլին: Հանրահաւաքի մեկնարկին` Հայաստանի ու Արցախի պետական օրհներգերէն ետք Շուշան Պետրոսեան կատարեց «Երազի իմ երկիր հայրենի» երգը: Տէրունական աղօթք...

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Նախագահը Մասնակցած Է Հանրապետութեան Օրուան Նուիրուած Մաղթանքին Եւ Հոգեհանգստեան Կարգին

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Նախագահը Մասնակցած Է Հանրապետութեան Օրուան Նուիրուած Մաղթանքին Եւ Հոգեհանգստեան Կարգին

2 սեպտեմբերին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեան պետական այրերի ուղեկցութեամբ մասնակցած է Արցախի Հանրապետութեան Անկախութեան տօնին առիթով Ստեփանակերտի Ս. Աստուածածին առաջնորդանիստ եկեղեցիին մէջ կատարուած Հանրապետական մաղթանքին: Արարողութեան աւարտին պաշտօնեաները այցելած են Եղբայրական գերեզման-յուշահամալիր, ծաղկեպսակներ դրած եւ մասնակցած հոգեհանգստեան կարգին:    

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը` Արցախի Ժողովուրդին Կողքին

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը` Արցախի Ժողովուրդին Կողքին

Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան 32-ամեակին առիթով, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր հայրապետական պատգամը ուղղեց ամբողջ հայութեան, շեշտելով Արցախի Հանրապետութեան անյապաղ ապաշրջափակումը եւ անոր ինքնորոշման իրաւունքին ամրապնդումը: Վեհափառ հայրապետը իր պատգամին մէջ յատկապէս ըսաւ. «Անկախութիւնը աստուածատուր իրաւունք է: Անկախութիւնը նաեւ միջազգային օրէնքի հիմնական սկզբունքներէն մէկն է: Արդ, ո՛չ մէկ ազգ իրաւունք ունի բռնաբարելու ուրիշ ազգին անկախութիւնը: 32 տարիներ առաջ Արցախի ժողովուրդը իր...

Այնճարի Հայութիւնը Եւս Զօրակցեցաւ Արցախի Ինքնորոշման Իրաւունքին

Այնճարի Հայութիւնը Եւս Զօրակցեցաւ Արցախի Ինքնորոշման Իրաւունքին

1 սեպտեմբեր 2023-ի ամբողջ օրուան ընթացքին եւ յատկապէս երեկոյեան ժամերուն ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղի անդամները ազգային-  յեղափոխական երգերու ձայնասփռումով եւ  յատուկ կոչերով շրջեցան Այնճարի փողոցներուն  մէջ եւ ոգեւորեցին գիւղացիները` առ ի  պատրաստութիւն երեկոյեան տեղի ունենալիք  Արցախի զօրակցական համախմբումին, որ տեղի  պիտի ունենար «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան շրջափակին մէջ: Մինչ այդ նոյն վայրին մէջ զետեղուած Արցախի  Հանրապետութեան դրօշակը իր շուրջ ստեղծած էր  եռուզեռ այն իմաստով, որ Այնճարի մեր  հայրենակիցները իրենց ստորագրութիւնը  դրոշմելով դրօշակին վրայ կ՛արտայայտէին իրենց  յանձնառութիւնը` կանգնելու արցախահայութեան  կողքին: Երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ներկայութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ  կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ, Պեքաայի հոգեւոր տեսուչ Անանիա ծ. վրդ.   Գուճանեանի, քոյր համայնքներու հոգեւոր հայրերու,  ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» եւ «Արամ» կոմիտէներու անդամներու,  Այնճարի քաղաքապետին եւ հոծ բազմութեան մը տեղի ունեցաւ պաշտօնական զօրակցական...

«Մտահոգիչ Է Այն, Որ Արտաքին Կողմեր Լիբանանի Իրավիճակը Չարաշահեն Եւ Ստեղծեն Ամբողջական Փլուզում Պատճառող Անբնական Կացութիւն Մը»   Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Մտահոգիչ Է Այն, Որ Արտաքին Կողմեր Լիբանանի Իրավիճակը Չարաշահեն Եւ Ստեղծեն Ամբողջական Փլուզում Պատճառող Անբնական Կացութիւն Մը» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ կատարած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ երկրին մէջ կան որոշ քայլեր, որոնք կրնան դրական ըլլալ, եթէ յետին նպատակները վերանան եւ քաղաքական տարբեր ուժերուն միջեւ երկխօսութեան դռները բացուին: «Մնայուն կերպով կը շեշտենք հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան կարեւորութիւնը, եւ յոյսով ենք, որ սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին կրնան պատահիլ որոշ...

Կոչ

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան օրուայ նախօրէին կարեւոր է համահայկական միասնականութեամբ փաստել, որ տէր ենք Ազատ, Անկախ Արցախ ունենալու, Արցախն, ի վերջոյ, Մայր Հայաստանին միացած տեսնելու մեր նուիրական երազանքին։ Արցախում այսօր որոշւում է հայութեան արժանապատւութեան ու հայկական պետականութեան լինելիութեան հարցը։ Արցախեան շարժումով սկսուած մեր նորօրեայ պատմութեան ամենաճակատագրական հանգրուանում ենք, մարտահրաւէրները շատ են, լուծումները ոչ դիւրին։ Առաւել քան երբեւէ մեր ուժերը լարելու, մեր...

Բանակի Հրամանատարութիւնը Կը Վերահաստատէ  Իր Դիրքորոշումը` Յորդորելով  «Դադրեցնել Անհիմն Մեղադրանքները»

Ազրպէյճանական Նոր Սադրանք՝ Սոթքի եւ Նորաբակի ուղղութեամբ. Հայ Երեք Նահատակներ եւ Երեք Վիրաւորներ

Վարդենիսի սահմանին վրայ 1 սեպտեմբերին ազրպէյճանական զօրքերու արձակած թէժ կրակոցներուն պատճառով զոհուեցան 3 հայ զինուորներ` Անդրանիկ Արշակի Անտոնեան, Արսէն Ալեքսանդրի Մկրտչեան եւ Վաչագան Սարոյի Վարդանեան: Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը զոհերուն կարգին հրապարակեց Նարեկ Կարէնի Պօղոսեանի անունը, սակայն աւելի ուշ տեղեկացուց, որ  նոր զեկուցում ստացած է բժիշկներէն, որոնք տեղեկացուցած են, թէ Նարեկի սիրտի զարկը վերականգնած է, սակայն ան կը գտնուի ծայրայեղ...

Արցախի Հանրապետութեան Նախագահը Իր հրաժարականի Դիմումը Ներկայացուց Ազգային Ժողովին

Արցախի Հանրապետութեան Նախագահը Իր հրաժարականի Դիմումը Ներկայացուց Ազգային Ժողովին

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան երէկ իր հրաժարականի դիմումը ներկայացուց Ազգային ժողովին: «Ղեկավարուելով Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 98-րդ յօդուածով՝ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին կը ներկայացնեմ հանրապետութեան նախագահի պաշտօնէն իմ հրաժարականս», դիմումինն մէջ գրած է Յարութիւնեան։ Արայիկ Յարութիւնեան նախանցեալ օր խոստացաւ 1 սեպտեմբերին հրաժարական տալ՝ նշելով, որ հեռանալու որոշումը բացառապէս իրենն է։ Հաւանական զարգացումներու պայմաններուն մէջ, Յարութիւնեանի ձեւակերպումով, մօտեցումներու փոփոխութեան կարիք կայ, իսկ...

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Զօրակցի Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Կեցուածքին՝ Մերժելով Արցախը Ազրպէյճանի Հողային Ամբողջականութեան Մաս Նկատելու Բոլոր Տեսակի Փորձերը

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Պատգամը Արցախի Հանրապետութեան 32-րդ Տարեդարձին Առիթով. Անյապաղ Ապաշրջափակում, Բայց Ոչ Ի Հեճուկս Արցախի Ինքնորոշման

Այսօր Արցախի անկախութեան տօնն է: Տխուր ու անորոշ պայմաններու մէջ կը նշենք Արցախի անկախութեան 32-րդ տարեդարձը: Ահա շուրջ ինը ամիսներէ ի վեր շրջափակումի ենթարկուած է Արցախը Ազրպէյճանի կողմէ եւ ենթակայ է սովամահ դառնալու վտանգին: Սակայն, Արցախի ժողովուրդին հաւատքը, վճռականութիւնն ու յոյսը ո՛չ մէկ ուժ կրնայ շրջափակումի ենթարկել: Անկախութիւնը աստուածատուր իրաւունք է: Անկախութիւնը նաեւ միջազգային օրէնքի հիմնական սկզբունքներէն մէկն է: Արդ,...

«Մենակ Չէք, Միասին Ենք, Մէկ Ենք» Խորագիրով Նախաձեռնութիւններով Լիբանանահայութիւնը Իր Ամբողջական Զօրակցութիւնը Յայտնեց Մարտնչող Ու Խիզախ Արցախահայութեան

«Մենակ Չէք, Միասին Ենք, Մէկ Ենք» Խորագիրով Նախաձեռնութիւններով Լիբանանահայութիւնը Իր Ամբողջական Զօրակցութիւնը Յայտնեց Մարտնչող Ու Խիզախ Արցախահայութեան

Լիբանանահայութիւնը 1 սեպտեմբեր 2023-ին լրիւ օրուան մը ստորագրահաւաքով, երեկոյեան համախմբումով եւ գիշերուան մոմավառութեամբ եկաւ իր զօրակցութիւնը յայտնելու Արցախի հողին իրաւատէր ու պաշտպան արցախահայութեան, որ, հակառակ Ազրպէյճանի կողմէ պարտադրուած շրջափակումին, մարդասիրական ծանր ճգնաժամին, հացի, դեղորայքի եւ կենսական նշանակութեան պայմաններու բացակայութեան, կը շարունակէ ապրիլ իր հարազատ տարածքին վրայ, կառչած է իր զաւակներուն արեամբ եւ բիւրաւոր նահատակներուն շնորհիւ ձեռքբերուած հողին, կը մերժէ ազրպէյճանական...

Խմբագրական.  Հռչակագրային Իրաւադրոյթներ  (Արցախի Հանրապետութեան Հռչակման 32-Ամեակ)

Խմբագրական. Հռչակագրային Իրաւադրոյթներ (Արցախի Հանրապետութեան Հռչակման 32-Ամեակ)

Արցախի Հանրապետութեան հռչակման օրը կը նշուի ծանրագոյն պայմաններու մէջ: Արցախը կորսնցուցած է տարածքներ. 9-րդ ամիսը ըլլալով կը շարունակուի պաշարումը: Կ՛իրականացուի, մարդասիրական աղէտի ստեղծումով, ցեղային զտման քաղաքականութիւն` ամբողջական հայաթափման նպատակով: Յղում կատարենք Արցախի Հանրապետութեան հռչակման փաստաթուղթին եւ տեսնենք, թէ ի՛նչ տարածքներու կը վերաբերի անկախութիւնը: «Ժողովրդական պատգամաւորների Լեռնային Ղարաբաղի մարզային եւ Շահումեանի շրջանային խորհուրդների` բոլոր մակարդակների խորհուրդների պատգամաւորների մասնակցութեամբ համատեղ նստաշրջանը, արտայայտելով...

Արցախի Նախագահը Հրատապ Ուղերձ  Կը Յղէ Միջազգային Հանրութեան.  «Անյապաղ Գործե՛լ Ու Կասեցնե՛լ Արցախի  Ժողովուրդի Ցեղասպանութիւնը»

Արցախի Հանրապետութեան Նախագահը Այսօր Հրաժարական Պիտի Տայ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան այսօր Ազգային ժողովին պիտի ներկայացնէ Արցախի նախագահի պաշտօնէն հրաժարելու իր դիմումը: Այս մասին Յարութիւնեան գրած է Դիմատետրի իր էջին մէջ: Ան նշած է, որ որոշումը վերջնական է եւ զայն կայացուցած է երկու օր առաջ` հաշուի առնելով վերջին շաբաթներու իր շփումները բոլոր ներքին ու արտաքին դերակատարներուն եւ լայն հանրութեան հետ: «Սա իմ ունեցած տուեալներուս վերլուծութեան արդիւնքներուն...

Պերպոք. «Մենք Վճռական Կոչով Կը Դիմենք Ազրպէյճանին Եւ Ռուսիոյ` Լեռնային Ղարաբաղի Ժողովուրդը Պէտք Է Ստանայ Այն, Ինչ Որ Անհրաժեշտ Է»

Պերպոք. «Մենք Վճռական Կոչով Կը Դիմենք Ազրպէյճանին Եւ Ռուսիոյ` Լեռնային Ղարաբաղի Ժողովուրդը Պէտք Է Ստանայ Այն, Ինչ Որ Անհրաժեշտ Է»

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Անալենա Պերպոք ընդգծած է Բերձորի միջանցքի բացման կարեւորութիւնը եւ յայտարարած, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող կացութիւնը ներառուած է 31 օգոստոսին Սպանիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումի օրակարգին վրայ: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: «Ես եւ ֆրանսացի պաշտօնակիցս օրակարգին վրայ նաեւ ներառած ենք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կացութիւնը: Այնտեղ մարդոց վիճակը աղէտալի...

Page 216 of 796 1 … 215 216 217 … 796

Արխիւներ