Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարաւային Լիբանանի Սահմանագիծը Կը Շարունակէ Ենթակայ Մնալ Բախումներու

October 24, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի Մէջ 20 Հազար Բնակիչ
Ներքին Տեղահանութեան Մատնուած Է

Հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ փոխադարձ ռմբակոծումները կը շարունակուին:

Գնդակոծութիւնը մերթ «աշխուժ» թափ կը ստանայ եւ մերթ աւելի «մեղմ» թափ` ամէնօրեայ դրութեամբ արձանագրելով անակնկալներ:

Երէկուան անակնկալը այն էր, որ յետմիջօրէին Դիմադրութեան մարտիկները հարաւային Լիբանանէն անօդաչու թռչող սարք մը ուղարկեցին Իսրայէլ:

Անօդաչու թռչող սարքը հասաւ Աքքայի վերեւ, ուրկէ վար առնուեցաւ իսրայէլեան ուժերուն կողմէ:

Սակայն հիմնական անակնկալը, որուն կը սպասեն բոլորը եւ որ իր լռութեամբ վերածուած է մարտավարական հանելուկի մը, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի որոտացող լռութիւնն է: Բայց եւ այնպէս երեկոյեան բացայայտուեցաւ, որ այդ լռութեան մէջ արձանագրուած է խզում մը, երբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կեդրոնական խորհուրդն ու Հըզպալլայի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեցին միացեալ հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ սէյիտ Նասրալլա ապահով միջոցով մը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ստացած է Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլէն:

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ անոնք քննարկած են շարք մը հարցեր, լիբանանեան եւ շրջանային ապահովական զարգացումները, եւ յատկապէս Լիբանանը պաշտպանելու եւ անոր ազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու միտող քայլերը:

«Համաձայնութիւն գոյացաւ միշտ շարունակել խորհրդակցութիւնները` երաշխաւորելով, որ անոնք ծառայեն Լիբանանին եւ լիբանանցիներու շահերուն», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

Ամբողջ օրուան ընթացքին հարաւային սահմանագիծին վրայ բախումները շարունակուեցան:

Հըզպալլայի մարտիկներ ռմբակոծեցին իսրայէլեան Ասի զինուորական դիրքը, որ կը գտնուի Մէյսէլ Ժապալի հիւսիսային կողմը:

Դիմադրութիւնը «Քոռնեթ» հրթիռով ռմբակոծեց Գալիլիոյ Եաֆթահ բնակեցման վայրին մէջ գտնուող թիրախ մը:

Հըզպալլա ռմբակոծեց նաեւ Քըրիաթ Շմոնա բնակեցման վայրը եւ վնաս պատճառեց կարգ մը շէնքերու:

Իսրայէլեան ուժեր լուսաւորող ռումբերով գնդակոծեցին Հուլան եւ Հըլթան, ուր զոհուեցան երկու քաղաքայիններ:

Աւելի ուշ Լիբանանեան Կարմիր խաչը յայտնեց, որ Հըլթայի մէջ գտնուած են երեք քաղաքայիններու դիակներ, որոնք զոհուած են իսրայէլեան ռմբակոծումին պատճառով:

Լիբանանեան Կարմիր խաչը ընդգծեց նաեւ, որ Քֆարհամամի մէջ կրցած է դուրս բերել քաղաքայինի մը դիակը եւ 4 վիրաւորներ` իսրայէլեան ռմբակոծումին պատճառով:

Իսրայէլեան ուժեր հրետակոծեցին նաեւ Ռըմէյշը, Թլուսա, Մարքապա եւ Պանի Հայյան գիւղաքաղաքները:

Երեկոյեան իսրայէլեան ուժեր ֆոսֆորային հրթիռներով թիրախ դարձուցին Նաքուրայի քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը, որոնց հրշէջները Ժալ Օլամ շրջանին մէջ բռնկած հրդեհ մը կը փորձէին յանգեցնել: Վիրաւորներ չարձանագրուեցան:

Միւս կողմէ, Հըզպալլա երէկ յայտնեց, որ ժիհատի ուղիին վրայ նահատակուած են Պիլալ Ապտալլա Այյուպ, Մոհամետ Հասան Մանսուր եւ Մուսթաֆա Ապու Հուտա:

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ կացութիւնը հակակշիռի տակ է` աւելցնելով սակայն, որ բոլորին մտավախութեան մղողը այն իրականութիւնն է, թէ խնդրոյ առարկայ ուժերը կարողութիւն ունին սեղանը շրջելու:

Միքաթի յայտնեց նաեւ, որ շրջանին մէջ մթնոլորտը խիստ լարուած է` աւելցնելով սակայն, որ տարբեր կողմերուն մօտ կայ գիտակցութիւն` Լիբանանը զերծ կացուցելու ներկայ պատերազմէն:

Նշենք, որ ՄԱԿ-ի գաղթականութեան հարցերու կազմակերպութիւնը հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ 20 հազար բնակիչ ներքին տեղահանութեան մատնուած է:

Ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Հեքթոր Հաժժար երէկ ուղղուեցաւ Սուր, ուր այցելեց եւ ստուգեց այն կեդրոնները, ուր ապաստանած են հարաւային Լիբանանէն ներքին տեղահանութեան ենթարկուած ընտանիքները:

Հաժժար հաստատեց, որ իրենք կարելի եղածին չափ կը փորձեն ընդառաջել շտապ պարագաներուն:

Նախորդը

Պըրրի. «Լիբանան Յանձնառու Կը Մնայ Միջազգային Օրինականութեան»

Յաջորդը

Սկսած Են Ազրպէյճանի Եւ Թուրքիոյ Պաքուի, Նախիջեւանի Եւ Բռնագրաւեալ Արցախի Մէջ Միացեալ Ռազմափորձերը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.