Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Նախագահութեամբ` Արցախեան Հարցին Յատկացուած Նիստեր

Հոկտեմբեր 21, 2023
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին նախաձեռնութեամբ` յաջորդական երկու հեռավար նիստեր տեղի ունեցան, արցախեան նոր իրավիճակին լոյսին տակ իրադարձութիւններուն ընդհանուր գնահատականը կատարելու եւ յառաջիկայ աշխատանքներուն ուղենիշերը ճշդելու նպատակով:

Նիստերուն կը մասնակցին` Հայաստանէն, Արցախէն, Միացեալ Նահանգներէն, Եւրոպայէն, Հարաւային Ամերիկայէն եւ Միջին Արեւելքէն պատմաբաններ, միջազգային իրաւունքի մասնագէտներ եւ քաղաքագէտներ. Աշոտ Մելքոնեան, Ռուբէն Սաֆրաստեան, Արմէն Մարուքեան, Վահրամ Բալայեան, Վիգէն Չթըրեան, Սիմոն Փայասլեան, Վահրամ Շամմասեան, Խաչիկ Տէր Ղուկասեան, Նորա Պայրագտարեան, Շահան Գանտահարեան եւ խորհրդակցական նիստերու քարտուղար Ահարոն Շխրտըմեան:

Առաջին նիստը կայացաւ հինգշաբթի, 12 հոկտեմբեր 2023-ին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 19:00-ին, իսկ երկրորդը` ուրբաթ, 20 հոկտեմբերին, ժամը 20:00-ին:

Առաջին նիստը յատկացուած էր արցախեան իրադարձութիւններու պատճառահետեւանքային կացութիւններուն: Քննարկումներուն ներառուած են`

Ա) տարածաշրջանային իրադարձութիւններ եւ աշխարհաքաղաքականութիւն,

Բ) բռնատեղահանուածներու իրավիճակ եւ տարբեր պետութիւններու մօտեցումներ եւ մարդասիրական օժանդակութիւններ,

Գ) ռազմագերիներու ու պետական անձնաւորութիւններու ազատ արձակման պահանջներու իրաւական հիմունքներ,

Դ) Արցախի ժողովուրդի վերադարձի իրաւունք` պայմանաւորուած անվտանգութեան երաշխիքներով եւ իրաւունքներու պաշտպանութեամբ,

Ե) կրօնական-մշակութային ժառանգութեան իրավիճակ. պատմութեան նենգափոխում:

Երկրորդ նիստը կեդրոնացաւ իրավիճակի յաղթահարման որդեգրելի իրաւական հաւանական ուղիներուն վրայ:

Երրորդ նիստին օրակարգի առանցքը պիտի ըլլայ, աշխարհաքաղաքական նորագոյն իրադարձութիւններու լոյսին տակ, հայկական կողմի հետագայ աշխատանքային ուղիներու քննարկումը:

Ակադեմական-մասնագիտական բնոյթի քննարկումի իւրաքանչիւր նիստի աւարտին վեհափառ հայրապետը կ՛ամփոփէ առաջարկուած գործողութիւններու կէտերը, որոնք պիտի համալրուին հեռավար խորհրդակցութիւններու յառաջիկայ նիստերով եւ պիտի հրապարակուին, յատկապէս` իբրեւ աշխատանքային ուղի առաջարկող վերլուծականներով:

Նշենք, որ համահայկական օրակարգի տարողութիւն ունեցող այս հրատապ նիւթերու քննարկումներուն համար, վեհափառ հայրապետին նախաձեռնութեամբ, այս ձեւով կը գործէ մասնագիտական հարթակ մը, որուն մէջ ներառուած են Հայաստանէն, Արցախէն եւ սփիւռքէն փորձագիտական մարդուժի ներկայացուցիչները:

Երրորդ նիստը տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի, 30 հոկտեմբեր 2023-ին:

 

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (21 Հոկտեմբեր 2023)

Յաջորդը

Ազգային Առաջնորդարանի Ընկերային Ծառայութեան Բաժանմունք. Մեծ Թիւով Հայորդիներ Օգտուեցան «Անվճար Հագուստի Աշխարհ» Նախաձեռնութենէն

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 19, 2025
Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Թրամփ. «Եթէ Իրանի Դէմ Զինուորական  Միջամտութեան Մը Կարիքը Զգացուի Պիտի Միջամտենք,  Եւ Իսրայէլ Անոր Պիտի Մասնակցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Խրիմին Վերատիրացում Եւ Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութիւն Տեղի Պիտի Չունենայ»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?