«Ֆրանսան Կը Պատրաստուի Լաչինի Միջանցքի Ապաշրջափակման Հարցով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդին Բանաձեւ Ներկայացնելու» Կը Գրէ «Լը Ֆիկարօ»-ի Փոխտնօրէնը
Ֆրանսան կը պատրաստուի Լաչինի միջանցքի ապաշրջափակման եւ Արցախի 120 հազար հայ բնակչութեան փրկութեան հարցով բանաձեւ ներկայացնելու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին: Այս մասին գրած է ֆրանսական հեղինակաւոր «Լը Ֆիկարօ» պարբերաթերթի փոխտնօրէն Ժան-Քրիսթոֆ Պուիսոն: Ան իր յօդուածին մէջ կը յայտնէ, որ բանաձեւը ուղղուած է օգնելու Լեռնային Ղարաբաղի 120 հազար բնակիչներուն, որոնք սովամահութեան եզրին կը գտնուին Ազրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի փակման պատճառով: Բացի ատկէ,...




















