Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանն Ու Ֆրանսան Պաշտպանութեան Ոլորտին Մէջ Համագործակցութեան Փաստաթուղթեր Ստորագրեցին

October 24, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աշխատանքային այցելութեամբ Ֆրանսայի մէջ գտնուող Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանը այցելած է Ֆրանսայի զինուած ուժերու նախարարութիւն եւ հանդիպում ունեցած իր ֆրանսացի գործընկերոջ` Սեպասթիեն Լըքորնիւի հետ:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան համաձայն, հանդիպումին քննարկուած են պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ հայ-ֆրանսական համագործակցութեան, նաեւ շրջանային անվտանգութեան առնչուող հարցեր:

Ըստ հաղորդագրութեան, ամփոփուած են 2022 թուականի սեպտեմբերին եւ այս տարուան յունիսին Փարիզի մէջ տեղի ունեցած քննարկումներուն հիմամբ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն ընթացքը, նախանշուած են համագործակցութեան զարգացման նոր կարելիութիւնները, որոնք կը ներառեն պաշտպանական համակարգերու ձեռքբերման, ռազմական կրթութեան, վերապատրաստումներուն, փորձի փոխանակման վերաբերող եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր:

Կողմերը բարձր գնահատած են համագործակցութեան ներկայ մակարդակը եւ պատրաստակամութիւն յայտնած նոր ջանքեր գործադրելու` զայն աւելի զարգացնելու նպատակով:

Հանդիպումին մասնակցած են նաեւ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեանը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյին:

Պաշտօնական հանդիպումէն ետք կայացած է մամլոյ համար միացեալ յայտարարութիւն: Այնուհետեւ Ֆրանսայի զինուած ուժերու նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած է երկկողմանի համագործակցութեան մասին փաստաթուղթերու ստորագրութիւն:

 

Նախորդը

Պազրփաշ. «Մենք Դէմ Ենք «Զանգեզուրի Միջանցք»-ին Եւ Կ՛աջակցինք Հայաստանի Տարածքային Ամբողջականութեան»

Յաջորդը

«3+3» Ձեւաչափով Արտաքին Գործոց Նախարարներու Յաջորդ Հանդիպումը Տեղի Պիտի Ունենայ 2024-ին Թուրքիոյ Մէջ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.