Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այսօր Թեհրանի Մէջ «3+3» Ձեւաչափով Հանդիպում

Հոկտեմբեր 23, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի, Իրանի, Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարները 23 հոկտեմբերին Թեհրանի մէջ կրնան հանդիպիլ «3+3» ձեւաչափի ծիրին մէջ` քննարկելու համար Հարաւային Կովկասի խնդիրները եւ փորձելու ընդլայնել շրջանային համագործակցութիւնը քաղաքական, տնտեսական, անվտանգութեան, տարանցիկ, ուժանիւթային եւ այլ հարցերու շուրջ: Այս մասին յայտնեց ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան յայտնած է, որ Մոսկուան կը հաստատէ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի 23 հոկտեմբերին ծրագրուած բանակցութիւնները Թեհրանի մէջ:

Աղբիւրը կը նկատէ, որ «3+3» ձեւաչափի ձեւաւորման կարեւորագոյն նպատակը շրջանի խնդիրներուն շրջանի երկիրներու մասնակցութեամբ եւ առանց արտատարածաշրջանային ու արեւմտեան երկիրներու միջամտութեան լուծումն է:

«3+3»-ի առաջին հանդիպումը արտաքին գործոց փոխնախարարներու մակարդակով կատարուած էր անցեալ տարի Մոսկուայի մէջ` առանց Վրաստանի ներկայութեան:

Կը նշուի, որ այս անգամ եւս Վրաստան պիտի չմասնակցի հանդիպումին:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտնեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան իրանեան կողմի հրաւէրով Թեհրանի մէջ պիտի մասնակցի շրջանային խորհրդակցական հարթակի հանդիպումին:

Լաւրով Եւ Պայրամով Քննարկած Են
«3+3»
Ձեւաչափը

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է իր ազրպէյճանցի պաշտօնակից Ճէյհուն Պայրամովի հետ:

«Արտաքին գործոց նախարարները քննարկած են երկկողմանի յարաբերութիւններու, շրջանի եւ միջազգային օրակարգի հրատապ հարցերը», կը հաղորդէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Կը նշուի, որ կողմերը համեմատած են դիրքորոշումները շրջանային «3+3» հարթակի գործունէութեան առնչութեամբ, համաձայնած են շարունակել հաղորդակցութիւնները:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին կը հաղորդէ. «Ընդգծուած է շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ հաւասար եւ փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած կայուն խաղաղութեան հաստատման ուղղուած ջանքերու, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ այսօր ստեղծուած պատմական կարելիութիւնը չփախցնելու կարեւորութիւնը»:

Նախապէս ձեւաչափը աշխուժացնելու անհրաժեշտութեան մասին յայտարարած էին Պաքուն, Մոսկուան, Թեհրանը եւ Անգարան: Հետագային այս նախաձեռնութեան աջակցած էր նաեւ Երեւանը: Թիֆլիսը դէմ հանդէս կու գայ այս ձեւաչափին` Մոսկուայի մասնակցութեան պատճառով:

 

Նախորդը

Քոփերքին. «Ռուսիան Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Տեղի Ունեցածը Կ՛ընկալէ Իբրեւ Սեփական Ողբերգութիւն»

Յաջորդը

Գետ-Գիտութեան. Բանալիներու Եւ Կղպանքներու Անցեալը

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 19, 2025
Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Թրամփ. «Եթէ Իրանի Դէմ Զինուորական  Միջամտութեան Մը Կարիքը Զգացուի Պիտի Միջամտենք,  Եւ Իսրայէլ Անոր Պիտի Մասնակցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Խրիմին Վերատիրացում Եւ Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութիւն Տեղի Պիտի Չունենայ»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?