Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կազայի Դէմ Ցամաքային Գործողութեան Սկսելու Որոշումը Տրուած Է» Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Մէջ Իսրայէլի Դեսպանը

October 21, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազայի մէջ ցամաքային գործողութեան սկսելու որոշումը որդեգրուած է: Այս մասին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Ռուսիոյ մէջ Իսրայէլի դեսպանը:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ մէկ օր առաջ յայտնած էր, որ զինեալ ուժերը շուտով հրամաններ պիտի ստանան ցամաքային գործողութեան սկսելու Համասի դէմ եւ «ներսէն տեսնելու Կազան»:

Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը կ՛ենթադրէ, որ յարձակումը պիտի ըլլայ երկար եւ բուռն:

Նեթանիահուի աւագ խորհրդականը երէկ յայտնեց. «Մեր դիմագրաւած մարտահրաւէրը գետնի վրայ շատ անակնկալ եւ մարտավարական յարձակումի շղթայազերծումն է: Համաս մեզի կը սպասէ եւ պատրաստուած է մեր յարձակումին»:

«Կազայի ճակատամարտը մեզի համար դժուար պիտի ըլլայ, եւ ատոր պատրաստ ենք»` աւելցնելով. «Գիտենք, որ գինը պիտի վճարենք, եւ մեր երիտասարդներէն շատեր պիտի չվերադառնան»:

«Համաս պատանդներուն վերաբերեալ որեւէ արժէքաւոր տեղեկութիւն չի փոխանցեր, եւ պատանդներուն թիւը կրնայ բարձրանալ` նկատի ունենալով շարք մը անհետ կորսուածներու գոյութիւնը», ըսաւ ան:

Ռամալլայի մէջ անանուն լաւատեղեակ աղբիւր մը «Քան» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է, որ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս մերժած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունենալ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ` վերջինիս չորեքշաբթի օր Իսրայէլ կատարած այցելութեան ընթացքին:

Աղբիւրը յայտնած է, որ Պայտընի վարչակազմի պաշտօնատարները փորձած են հեռաձայնային հաղորդակցութիւն կազմակերպել երկու ղեկավարներուն միջեւ, սակայն Ապպաս մերժած է խնդրանքը:

Յիշեցնենք, որ Ապպաս նաեւ մերժած էր մասնակցիլ Յորդանանի մէջ Պայտընի, Յորդանանի թագաւորին ու Եգիպտոսի նախագահին մասնակցութեամբ քառակողմ վեհաժողովին: Յորդանանի արտաքին գործոց նախարարը իր կարգին յայտարարած էր Պայտընի Յորդանան այցելութեան ջնջումը:

Սպիտակ տան ղեկավարը, սակայն, երէկ պատկերասփռուած ուղերձի ընթացքին յայտնեց. «Ես խօսած եմ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Ապպասի հետ եւ վերահաստատած, որ Միացեալ Նահանգներ յանձնառու կը մնան Պաղեստինի ժողովուրդի արժանապատուութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքին, Համասի ահաբեկիչներու գործողութիւնները չեն վերացներ այդ յանձնառութիւնը:

«Ինչպէս բազմաթիւ ուրիշներ, ես սրտցաւ եմ պաղեստինցիներու կեանքի ողբերգական կորուստէն, ներառեալ Կազայի հիւանդանոցին մէջ պայթումը, որ չէ կատարուած իսրայէլացիներուն կողմէ:

«Մենք կը սգանք կորսուած իւրաքանչիւր անմեղ կեանք: Մենք չենք կրնար անտեսել մարդասիրութիւնը անմեղ պաղեստինցիներու, որոնք միայն կ՛ուզեն ապրիլ խաղաղութեան մէջ եւ ատոր կարելիութիւնը ունենալ», ըսաւ Պայտըն:

Ան աւելցուց, որ Համաս չի ներկայացներ Պաղեստինի ժողովուրդը. «Համաս պաղեստինցի խաղաղ բնակիչները կ՛օգտագործէ իբրեւ կենդանի վահան, եւ անմեղ պաղեստինցի ընտանիքները մեծապէս կը տառապին անոնց պատճառով», շեշտեց Միացեալ Նահանգներու նախագահը:

Իսրայէլեան օդուժը չորեքշաբթի գիշեր ռմբակոծեց Կազայի մէջ Յոյն ուղղափառներու եկեղեցին, ուր ապաստանած էին տասնեակներով քրիստոնեայ եւ իսլամ ընտանիքներ:

Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը հաղորդեց, որ իսրայէլացիներու ճնշող մեծամասնութեան կարծիքով, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն պէտք է հրապարակաւ պատասխանատուութիւն ստանձնէ «ապշեցուցիչ ձախողութիւններուն համար, որոնք յանգեցուցին 7 հոկտեմբերին Համասի յարձակումին»:

Նման պատասխանատուութիւն արդէն ստանձնած են Իսրայէլի բանակի եւ ներքին գաղտնի սպասարկութեան` Շին Պեթի ղեկավարները, ինչպէս նաեւ պաշտպանութեան եւ ելեւմուտքի նախարարները:

Իսրայէլացիներու 80 առ հարիւրը, ներառեալ անցեալ տարուան ընտրութիւններուն Լիքուտին քուէարկածներուն 69 առ հարիւրը, կը կարծէ, որ Նեթանիահուն պէտք է անոնց օրինակին հետեւի: Բնակչութեան միայն 8 առ հարիւրը կը կարծէ, որ ան ատիկա պէտք չէ ընէ:

Այն հարցումին, թէ ո՛վ աւելի յարմար է վարչապետ ըլլալու համար, 49 առ հարիւրը նախընտրած է «Ազգային միաբանութիւն» կուսակցութեան ղեկավար Պենի Կանցը եւ միայն 28 առ հարիւրը` Նեթանիահուն, իսկ մնացեալը տակաւին չէ կողմնորոշուած:

Ինչ կը վերաբերի Կազայի մէջ պատերազմին, իսրայէլացիներու 65 առ հարիւրը կողմնակից է Կազայի դէմ ցամաքային յարձակումին, իսկ 21 առ հարիւրը` դէմ:

Իսրայէլեան ուժեր երէկ տարբեր առանցքներէ ներխուժեցին Այսրյորդանանի Նապլուս քաղաք:

Նախորդը

Ամերիկեան Մարտանաւ Մը Ոչնչացուցած Է Եմէնէն Արձակուած Երեք Հրթիռ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.