Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Նախաձեռնութեամբ Մարդասիրական Աջակցութիւն` Արցախէն Բռնի Տեղահանուած Ընտանիքներուն

October 21, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, Արցախեան հայրենիքի իննամսեայ պաշարումին յաջորդող աւելի քան 100.000 հաշուող Արցախի մեր ժողովուրդի զաւակներուն բռնի տեղահանումին հետեւանքով, կազմեց յատուկ յանձնախումբ մը` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան օժանդակութիւնը մատակարարելու մեր տարագրուած հայրենակիցներուն: Այս յանձնախումբի անդամներն են Անուշաւան արք. Դանիէլեանը (առաջնորդ Ամերիկայի Արեւելեան թեմին), Թորգոմ եպս. Տօնոյեանը (առաջնորդ Ամերիկայի Արեւմտեան թեմին), մեթր Ժիրայր Հապիպեանը (ատենապետ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի Ու Շրջակայից թեմին) եւ Յակոբ Լուսարարեանը (անդամ Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային վարչութեան):

Վեհափառ հայրապետին օրհնութեամբ յիշեալ յանձնախումբը եռօրեայ այցելութեամբ ուղեւորուեցաւ Հայաստան` գործնական քայլերու դիմելու նպատակով:

Արդարեւ, չորեքշաբթի, 18 հոկտեմբեր 2023-ի առաւօտուն, սրբազան հայրերը հանդիպում ունեցան Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հետ, անոր փոխանցեցին Արամ Ա. կաթողիկոսին եղբայրական ողջոյնները եւ վեհափառ հայրապետին ու Կիլիկեան դարաւոր Ս. աթոռին զօրակցութիւնը յայտնեցին Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան կողմէ տարուող մարդասիրական աշխատանքներուն: Գարեգին Բ. կաթողիկոսը, իր կարգին, դրուատիքով արտայայտուեցաւ նուիրապետական զոյգ աթոռներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող համագործակցութեան ոգիին մասին, զայն որակելով ցցուն ապացոյց հայ եկեղեցւոյ ներքին միութեան ու զօրութեան, միաժամանակ անդրադարձաւ թեմակալ առաջնորդներու հետ տարուած բարեսիրական աշխատանքներուն:

Յիշեալ հանդիպումէն ետք, առաջնորդ սրբազան հայրերը, յանձնախումբի միւս անդամներուն հետ, այցելեցին Երեւանի, Պռօշեանի եւ Կոտայքի մէջ ապաստանած գաղթականներուն եւ իրենց յորդորներով հաւատք ու յոյս ներշնչեցին ներկայ ահաւոր տագնապներէն ամէնէն շուտ ժամանակին դուրս գալու վճռականութեամբ: Յանձնախումբը նաեւ հանդիպում ունեցաւ Արագածոտնի մարզպետ Սէրկէյ Մովսիսեանի հետ:

Յայտնենք, որ յանձնախումբը իր այցելութեան ընթացքին կատարեց նիւթական յատկացումներ տեղահանուած ընտանիքներուն:

 

Նախորդը

«Ռուսիոյ Հասցէին Հայաստանի Հանրապետութենէն Հնչող Հակասական Խօսքերու Հեղինակները Պէտք Է Բացատրութիւն Տան» Կ՛ըսէ Դեսպան Քոփիրքին

Յաջորդը

Աւստրիոյ Խորհրդարանը Միաձայնութեամբ Որդեգրած Է Արցախի Ժողովուրդին Դէմ Ազրպէյճանի Կողմէ Գործուած Ցեղային Զտումը Դատապարտող Բանաձեւը

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը  Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»

October 16, 2026
Զելենսքի. «Թրամփի Կողմէ Դաւաճանուած Կը Զգամ,  Եւ Ան Պատմութեան Ճիշդ Կողմը Չէ Կանգնած»
Գլխաւոր լուրեր

Զելենսքի. «Թրամփի Կողմէ Դաւաճանուած Կը Զգամ, Եւ Ան Պատմութեան Ճիշդ Կողմը Չէ Կանգնած»

October 16, 2026
Լիբանանեան Ուժերու Նախարարները  Հեռացան Կառավարութեան Նիստէն
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանեան Ուժերու Նախարարները Հեռացան Կառավարութեան Նիստէն

October 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.