Գլխաւոր լուրեր

Հինգերորդ Օրն Ըլլալով Ազգային Կոմիտէի  Բազմահազար Հանրահաւաքները Չեն Դադրիր

Հինգերորդ Օրն Ըլլալով Ազգային Կոմիտէի Բազմահազար Հանրահաւաքները Չեն Դադրիր

Երէկ երեկոյեան Հանրապետութեան հրապարակը դարձեալ բազմամարդ էր: Արդէն 5-րդ օրն ըլլալով տեղի կ՛ունենան ընդդիմադիր Ազգային կոմիտէի հանրահաւաքները իշխանութեան հրաժարականի պահանջով: Երէկ առաւօտեան Երեւանի զանազան շրջաններուն  եւ Հայաստանի մարզերուն մէջ տեղի ունեցան անհնազանդութեան զանգուածային գործողութիւններ: Նշենք, որ օրեր առաջ Ազգային կոմիտէն յայտարարեց 24/7 դրութեամբ գործողութիւններու մասին, որոնք օրէ օր յաւելեալ թափ կը ստանան:

Պըրրիի Նախաձեռնութիւնը  Կը Սպասէ Հնգեակին Երկխօսութեան

Պըրրիի Նախաձեռնութիւնը Կը Սպասէ Հնգեակին Երկխօսութեան

Լիբանանի նախագահական ընտրութեան իմաստով ոչ մէկ զարգացում արձանագրուած է, եւ նախքան յառաջիկայ ամիսը կարելի պիտի չըլլայ որեւէ ակնկալութիւն ունենալ այդ իմաստով: Կը նախատեսուի, որ Լիբանանի քաղաքական տագնապին լուծման նպատակով Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի նշանակած յատուկ պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիան եւ քաթարցի պատուիրակ` պետական նախարար Մոհամետ Ապտել Ռահման Խլեֆի յառաջիկայ ամսուան սկիզբը այցելեն Լիբանան` ներկայացնելու համար արաբական-միջազգային հնգեակին կողմէ Նիւ...

Ակնարկ.   Տարհանում, Կեցութիւն Եւ Խաղաղապահութիւն

Ակնարկ. Տարհանում, Կեցութիւն Եւ Խաղաղապահութիւն

Արցախի վերջին իրադարձութիւններուն մասին առատ է պատճառահետեւանքային վերլուծաբանութիւնը: Տեղեկատուական ոլորտին մէջ խուճապահարութիւնը օգտակար չէ: Այդ առումով տեղեկատուական ներքին եւ արտաքին պատերազմի իրավիճակին մէջ բացառապէս յենուիլը` Արցախի տեղեկատուական շտապի հրապարակումներուն, օգտակար է թէ՛ ճիշդ կողմնորոշուելու եւ թէ՛ յատկապէս հետագայ քայլերը կազմակերպելու առումներով: Արցախի տեղեկատուական շտապի հայթայթած նիւթերէն կարելի է լուսարձակի տակ առնել հետեւեալները: - Պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումներու դուրսբերում մարտական դիրքերէն ու...

Արցախի Պաշտպանութեան Բանակի Կազմալուծման  Աշխատանքը Սկսաւ. Տարհանուած Արցախցիներու  Առաջին Խումբերը Հասան Հայաստան

Արցախի Պաշտպանութեան Բանակի Կազմալուծման Աշխատանքը Սկսաւ. Տարհանուած Արցախցիներու Առաջին Խումբերը Հասան Հայաստան

Շաբաթ, 23 սեպտեմբերին Արցախի տեղեկատուական շտապը տեղեկացուց, թէ ռազմական գործողութիւններու դադրեցման մասին ռուսական կողմի միջնորդութեամբ Ազրպէյճանի հետ 20 սեպտեմբերին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն ներկայ դրութեամբ ի՛նչ աշխատանքներ կ՛իրականացուին: Ըստ Արցախի տեղեկատուական շտապի, կ՛իրականացուին Արցախի պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումներու դուրսբերում մարտական դիրքերէն եւ տեղափոխում մնայուն տեղակայման վայրեր` բանակի կազմալուծման աշխատանքներուն զուգահեռ, որոնողական աշխատանքներ զոհուածներու ու անհետ կորսուածներու յայտնաբերման ուղղութեամբ, ծանր եւ ծայրայեղ...

Ազգային Կոմիտէն Չորրորդ Օրն Ըլլալով  Բազմամարդ Հանրահաւաք Կայացուց

Ազգային Կոմիտէն Չորրորդ Օրն Ըլլալով Բազմամարդ Հանրահաւաք Կայացուց

24 սեպտեմբերի երեկոյեան Հանրապետութեան հրապարակը բազմամարդ էր: Արդէն 4-րդ օրն է, որ տեղի կ՛ունենայ հանրահաւաք իշխանութեան հրաժարականի պահանջով: Հանրահաւաքը սկսաւ Արցախի իրավիճակի քննարկումով: «Ընդհանրապէս անոնք պետութեան ընելիքներն են, բայց քանի որ այսօր մենք պետութիւն չունինք, պետութիւնը անգլուխ է եւ պետութեան գլուխի տեղը դրուած է լրիւ ուրիշ իր մը, մենք ստիպուած ենք այդ խնդիրներուն մէկ մասը մենք ստանձնել: Մենք` այս երկրի...

Արցախի Ազգային Ժողովի Նախագահը Հանդիպած Է Հանրապետութեան Լրագրողական Համայնքի Ներկայացուցիչներուն Հետ

Իշխանեան. «Փաշինեանը Նախօրօք Ծանօթ Եղած Է Արցախի Հանրապետութեան Անվտանգութեան Խորհուրդի Յայտարարութեան Բովանդակութեան»

«Երկիր» կայքի հարցումին ի պատասխան ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանը հետեւեալ պարզաբանումը տուած է. «Անտեղի շահարկումներից խուսափելու համար եւ բանսարկութիւններից ու յերիւրանքներից զերծ մնալու նպատակով ցանկանում եմ տեղեկացնել, որ Ազրպէյճանի կողմից իրականացուած սոյն թուականի սեպտեմբերի 19-ին ռազմական գործողութիւնների առաջին իսկ պահից Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը տեղեակ է եղել բոլոր գործընթացներից եւ զարգացումներից: Առաւել դրան, զինադադարի գին...

Լիբանանի Նախագահական Ընտրութեան  Կայացման Նպատակով Նոր Միջնո՞րդ

Լիբանանի Նախագահական Ընտրութեան Կայացման Նպատակով Նոր Միջնո՞րդ

Լիբանանի տագնապի լուծումը ստանձնած հինգ պետութիւններու համախմբումին միջեւ անցեալ երեքշաբթի օրուան տարակարծութիւնը պատճառ դարձած էր, որ հանդիպումէն պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը կարելի չըլլայ հրատարակել: Այս հնգեակին մէջ տիրող տարակարծութիւնը, որ հիմնականին մէջ Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչներուն միջեւ արձանագրուած է, դուռ կը բանայ բազմաթիւ հարցումներու, որոնք կը վերաբերին Լիբանանի նախագահական ընտրութեան ապագային` նկատի ունենալով ներկայ տարակարծութիւններն ու բանակցութիւններուն զերօ կէտին վերադարձը`...

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն  Մարմինի Յայտարարութիւն

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Յայտարարութիւն

Ցեղասպանութիւնը չկանխելը եւ բոլոր միջոցներով դրա իրականացումը չդադարեցնելը միջազգային իրաւունքի կանոններով ծանրագոյն յանցագործութիւն է: Այս պահին Ազրպէյճանն Արցախում հայութեան ցեղասպանութիւն է իրականացնում: Այն տեղի է ունենում Նիկոլ Փաշինեանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնների յանցաւոր թողտուութեամբ ու լուռ համաձայնութեամբ: Նիկոլ Փաշինեանը արցախահայութեան ցեղասպանութեան յանցակիցն է: Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան անդամները, քաղաքական մեծամասնութիւնը, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւորները կիսում են այս...

Արցախի Հարցով ՄԱԿ-ի  Ապահովութեան Խորհուրդի Նիստ

Արցախի Հարցով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի Նիստ

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը Ֆրանսայի հրաւէրով գումարեց Արցախի հարցով նիստ մը, որուն ընթացքին խօսք արտասանեցին Ֆրանսայի, Բրիտանիոյ, Չինաստանի, Պրազիլի, Էքուատորի, Ալպանիոյ, Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ շարք մը այլ երկիրներու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան բարձր ներկայացուցիչը: Գրեթէ բոլորը դատապարտեցին Լեռնային Ղարաբաղի վրայ Ազրպէյճանի վերջին յարձակումը եւ կոչ ուղղեցին վերաբանալու Բերձորի միջանցքը: Անոնք ի գիտութիւն ընդունեցին զինադադարի մասին հաղորդագրութիւնը եւ ընդհանուր առմամբ ողջունեցին...

Եւլախի Մէջ Արցախի Եւ Ազրպէյճանի  Ներկայացուցիչներու Հանդիպում

Եւլախի Մէջ Արցախի Եւ Ազրպէյճանի Ներկայացուցիչներու Հանդիպում

21 սեպտեմբերին Ազրպէյճանի Եւլախ քաղաքին մէջ հանդիպում ունեցան Պաքուի եւ Ստեփանակերտի ներկայացուցիչները, որոնց միջեւ բանակցութիւնները տեւեցին քանի մը ժամ: Ըստ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու, Եւլախի մէջ բանակցութիւնները վարեց պատգամաւոր Ռամին Մամետով, որ այս տարուան մարտին Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ նշանակուեցաւ Ղարաբաղի մէջ բնակող հայերուն հետ շփումներու պատասխանատու: Ազրպէյճանական պատուիրակութեան կազմին մէջ էր նաեւ Ազրպէյճանի նախագահի յատուկ ներկայացուցիչի տեղակալ Պաշիր Հաճիեւ եւ...

Ընդդիմութիւնը Կը Կազմէ Ազգային Կոմիտէ  Եւ Կոչ Կ՛ուղղէ Իշխանութիւններուն Դէմ Լայնածաւալ Գործողութիւններու

Ընդդիմութիւնը Կը Կազմէ Ազգային Կոմիտէ Եւ Կոչ Կ՛ուղղէ Իշխանութիւններուն Դէմ Լայնածաւալ Գործողութիւններու

«Խօսելու ժամանակը վերջացած է, պէտք է սկսիլ գործողութեան», 21 սեպտեմբերին Հանրապետութեան հրապարակին վրայ հրաւիրուած հանրահաւաքին յայտարարեց Հայաստանի նախկին վարչապետ Վազգէն Մանուկեան: Ան ընդգծեց, որ այսօր Արցախը արիւնաքամ կ՛ըլլայ եւ ոչ մէկ պաշտպան ունի: «Որեւէ երկիր իր քաղաքացիի` մէկ հոգիի համար օդանաւ կ՛ուղարկէ: Արցախի մէջ երեխաներ կը զոհուին, մայրեր, տղամարդիկ մինչև վերջ կը պայքարին: Մինչեւ հիմա դեռ որոշ տեղերու մէջ պայքարը...

Ազգային Ազատ Հոսանքը Կը Դատապարտէ  Արցախահայութեան Դէմ Գործուած Յարձակումը

Ազգային Ազատ Հոսանքը Կը Դատապարտէ Արցախահայութեան Դէմ Գործուած Յարձակումը

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը «Էքս» հարթակի իր հաշիւին ընդմէջէն տեղադրած է Արցախի եւ արցախահայութեան վերաբերող հետեւեալ գրառումը. «Արցախի բնակիչները համայն աշխարհին աչքերուն եւ ականջներուն դիմաց կ՛ենթարկուին մահուան վտանգի ու բռնագաղթի` կազմակերպուած բանակի մը ձեռամբ, իսկ աշխարհը կը մնայ լուռ: Արցախցիները շրջափակելէ եւ զանոնք սովի մատնելէ ետք, ազրպէյճանական բանակը վայրագ յարձակում մը սանձազերծեց Արցախի մնացորդին վրայ` վերջ տալով անոր դիմադրութեան: Արցախի...

Համազգային Զօրաշարժ Ի Խնդիր Արցախի Փրկութեան

Համազգային Զօրաշարժ Ի Խնդիր Արցախի Փրկութեան

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 32-րդ տարեդարձը կ՚ողջունենք տագնապալից պայմաններու մէջ: Երկար ամիսներու սովէ ու տառապանքէ ետք, այսօր Արցախը կը գտնուի մահուան դէմ յանդիման: Արդարեւ, Ազրպէյճանի հետզհետէ ծաւալող սպառնալիքներուն ու սադրանքներուն դիմաց, ըրինք զիջումներ, վարեցինք բանակցութիւններ, կատարեցինք յայտարարութիւններ, հրապարակեցինք դատապարտութիւններ, դիմեցինք միջազգային համայնքին, թակեցինք դռները մեր մօտաւոր եւ հեռաւոր բարեկամներուն: Սակայն, ոչի՛նչ փոխուեցաւ: Ո՛չ ոք լսեց մեզ: Ո՛չ ոք գործնապէս բաժնեց մեր...

Խմբագրական.  Համայն Հայութեան Իղձերը, Պատմական Արդարութիւնը Եւ Արցախի Վերամիաւորումը  (Սեպտեմբեր 21-ի Առիթով)

Խմբագրական. Համայն Հայութեան Իղձերը, Պատմական Արդարութիւնը Եւ Արցախի Վերամիաւորումը (Սեպտեմբեր 21-ի Առիթով)

Արձանագրենք, որ մեր ժամանակակից պատմութեան ծանրագոյն պահերն են, որոնք կ՛ապրինք ազգովին: Հերոսական Արցախին կը պարտադրուի զինեալ ուժերու լուծարում եւ համարկումի օրակարգ: Ստեփանակերտի ներկայացուցիչները շուտով կը մեկնին Պաքուի կողմէ որոշուած վայր` Ազրպէյճանի սահմանադրութեան շրջանակներուն մէջ բանակցելու ցեղային զտումի քաղաքականութիւն կիրարկող բռնատիրական վարչակարգի ներկայացուցիչներուն հետ: Աշխարհը կոչերով, արտակարգ նիստ գումարելու որոշումներ կայացնելով, մարդասիրական օժանդակութիւններ տրամադրելու պատրաստակամութիւն յայտնելով, նոյնիսկ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումներ...

Արցախի Իշխանութիւնները Համաձայնեցան  Լուծարել Պաշտպանութեան Բանակը Եւ Քննարկել  Ազրպէյճանի Հետ Համարկումի Հարցը

Արցախի Իշխանութիւնները Համաձայնեցան Լուծարել Պաշտպանութեան Բանակը Եւ Քննարկել Ազրպէյճանի Հետ Համարկումի Հարցը

Երէկ Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնները համաձայնած են լուծարել Արցախի պաշտպանութեան բանակը եւ քննարկել Ազրպէյճանի հետ համարկումի հարցը: Այս որոշումը տալէ առաջ Արցախի նախագահը հրաւիրած էր Անվտանգութեան խորհուրդի նիստի, որուն մասնակցած են քաղաքական բոլոր ուժերն ու նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեանը, Բակօ Սահակեանը եւ Արայիկ Յարութիւնեանը: Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանը որոշումը հրապարակելէ առաջ ըսած էր, թէ Արցախը հարկադրուած պիտի ըլլայ դիմելու համապատասխան...

Ազրպէյճան Տեղեկատուութիւն Տրամադրած Է  Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանին  Առեւանգուած 2 Հայ Զինուորի Վերաբերեալ

Այսօր Արցախի Հարցով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի Նիստ

Հայաստան նամակ յղած է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին եւ Ֆրանսային` խնդրելով արտակարգ նիստ հրաւիրել Լեռնային Ղարաբաղի վրայ Ազրպէյճանի լայնածաւալ զինուորական յարձակումին վերաբերեալ: Այս մասին յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեանը` աւելցնելով, որ նիստը տեղի պիտի ունենայ 21 սեպտեմբերին: «Յստակ դատապարտման եւ համապատասխան գործողութիւններու շտապ պահանջարկ կայ», «Էս» ընկերային ցանցի վրայ գրած է ան: Նախքան այդ, Փարիզ յայտնած էր,...

Յայտարարութիւն

Յայտարարութիւն

Կը գտնուինք Հայոց ժամանակակից պատմութեան ամէնէն դժնդակ եւ օրհասական փուլին մէջ։ Անհամար զոհողութիւններով ու համահայկական ներուժի ամբողջական օգտագործումով հայութիւնը 35 տարիներ առաջ շրջեց պարտադրուած պարտութիւններու անիւը եւ վերակերտեց Արցախի անկախութիւնը։ Այդ անկախութիւնը համալրուեցաւ պետականութեան բոլոր գործօններու որդեգրումով, եւ Արցախը հայացաւ։ Լիբանանահայութիւնը այս փուլին ճիգ չխնայեց իր բոլոր միջոցներով եւ կարելիութիւններով անսալու Արցախի պետականութեան կայացման, անոր անվտանգութեան երաշխաւորման եւ տնտեսական ու...

Նախապայման Դնելով «Հայկական Զինեալ Խմբաւորում Անձնատուութիւնը  Եւ Վարչակարգի Ինքնալուծարումը». Ազրպէյճան Ահաբեկչական Յարձակումի  Կ՛ենթարկէ Արցախի Հանրապետութիւնը

Նախապայման Դնելով «Հայկական Զինեալ Խմբաւորում Անձնատուութիւնը Եւ Վարչակարգի Ինքնալուծարումը». Ազրպէյճան Ահաբեկչական Յարձակումի Կ՛ենթարկէ Արցախի Հանրապետութիւնը

Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ կէսօրին յայտարարեց, որ Ղարաբաղի մէջ «հակաահաբեկչական գործողութիւններ»-ու կը սկսի` նպատակ ունենալով ի միջի այլոց նաեւ «վերականգնել Ազրպէյճանի Հանրապետութեան սահմանադրական կարգը»: «Ղարաբաղի տնտեսական շրջանին մէջ լայնածաւալ սադրանքները ճնշելու, հայկական զինուած ուժերու զինաթափումն ու մեր տարածքներէն դուրս բերումը, ռազմական ենթակառուցուածքները չէզոքացնելու, բռնագրաւումէն ազատագրուած տարածքներ վերադարձող քաղաքային բնակչութեան, շինարարական վերականգնողական աշխատանքներու մէջ ներգրաւուած քաղաքային ծառայողներու եւ մեր զինուորականներու անվտանգութիւնը...

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն  Մարմինի Յայտարարութիւն

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Յայտարարութիւն

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Ազրպէյճանն այսօր լայնածաւալ յարձակում սկսելով Արցախի Հանրապետութեան սահմանի ողջ երկայնքով` ցանկանում է աւարտին հասցնել Արցախի հայաթափման ցեղասպանական ծրագիրը: Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները, հայ հասարակութեանը մոլորեցնելով խաղաղութեան կեղծ թեզերով եւ Արցախը ճանաչելով Ազրպէյճանի մաս, մեր հայրենիքը ներքաշել են նոր պատերազմի մէջ: Շարունակական զիջումները ոչ միայն չեն զսպել Ազրպէյճանին, այլեւ նրան դարձրել են աւելի սանձարձակ: Նոր աղէտը կանխելու ճանապարհը պաշտպանունակութեան ապահովումն...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմին․«Ազրպէյճան Անցաւ Արցախի Հանրապետութեան Ժողովուրդը Ցեղասպանութեան Ենթարկելու Քաղաքականութեան 2-րդ Փուլին»

Արցախի Հանրապետութեան դէմ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերուն Կողմէ 19 սեպտեմբերին շղթայազերծուած գործողութենէն անմիջապէս ետք, ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը լիբանանեան լրատուամիջոցներու յղեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը․ «Ազրպէյճան դեկտեմբեր 2022-էն ի վեր իր կիրարկած Արցախի շրջափակումէն ետք, անցած է Արցախի Հանրապետութեան (Լեռնային Ղարաբաղ) ժողովուրդը ցեղասպանութեան ենթարկելու քաղաքականութեան 2-րդ փուլին։ Ազրպէյճանական բռնապետութիւնը, Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ Բերձորի միջանցքով եւ Ակնա-Ստեփանակերտ ճամբով մարդասիրական օգնութեան մատակարարումէն...

Page 212 of 796 1 … 211 212 213 … 796

Արխիւներ