Ազգային ազատ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ, ընկերակցութեամբ հոսանքի քաղաքական հարցերու փոխնախագահ Մարթին Նաժմի, կազմակերպական հարցերու փոխնախագահ Ղասսան Խուրիի եւ երեսփոխան Նիքոլա Սահնաուիի, այցելեց «Շաղզոյեան» կեդրոն, ուր հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութեան հետ, բաղկացած` Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիէն, կազմակերպական ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանէն եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանէն:
Մէկ ժամ տեւած հանդիպումին քննարկուեցան Լիբանանի ներքին իրավիճակը, Կազայի վրայ իսրայէլեան յարձակումն ու անոր անդրադարձը Լիբանանի եւ շրջանային թատերաբեմին վրայ:


