«Լը Տըրիան Մեզմէ Խնդրեց Ներդրում Ունենալ Եւ Շարունակել Ջանքերը` Յանգելու Համար Նախագահական Համախոհական Թեկնածուի Մը» Շեշտեց Յ. Բագրատունի
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Էն. Պի. Էն.» պատկերասփիւռի կայանին հետ կատարած իր հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերուն, երկխօսութեան կարելիութեան, նախագահական ընտրութեան, տնտեսական տագնապի լուծման, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ներքին շարք մը այլ հարցերու: Լիբանանի համար Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի յատուկ պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիանի նախաձեռնութեան եւ անոր առկայ ըլլալուն...




















