Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարաւային Լիբանանի Սահմանագիծին Վրայ Ապահովական Մագլցումներ Կ՛արձանագրուին

Նոյեմբեր 13, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթավերջին հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ ապահովական մագլցումներ արձանագրուեցան: Դիմադրութեան եւ Իսրայէլի միջեւ ռմբակոծումները աւելի բուռն թափով ընթացան` ընդարձակելով նաեւ հրետակոծուած գիւղաքաղաքներու տարածքն ու զինուորական դիրքերը:

Երէկ երեկոյեան ժամը 5:20-ին, իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը գրեց հետեւեալը. «Իսրայէլեան բանակը կը պատրաստուի բուռն հարուած մը հասցնելու Հըզպալլային` հակադարձելով անոր շղթայազերծած այսօրուան յարձակումներուն»:

Երեկոյեան ժամը 6:00-ին, իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ Հըզպալլայի կողմէ  հակազրահապատ հրթիռներով քաղաքայիններու վրայ յարձակումը «ահաբեկչական» է եւ իբրեւ երկիր ամբողջ Լիբանանը կը վտանգէ:

Երէկ կէսօրին Դիմադրութեան զինուորական տեղեկատուութիւնը հրապարակեց տեսանիւթեր, որոնք ցոյց տուին, թէ իսրայէլեան Տովիւ զինուորական կեդրոնը հրդեհի մէջ կը գտնուի` հաստատելով, որ Դիմադրութիւնը հակազրահապատ հրթիռներով ռմբակոծած է այդ կեդրոնը:

Աւելի ուշ իսրայէլեան բանակը հաստատեց, որ Տովիւի մէջ արձանագրուած են 6 վիրաւորներ:

Հըզպալլա թիրախ դարձուց նաեւ իսրայէլեան Աւիւիմ զինուորական կեդրոնը, ուր եւս վիրաւորուեցան 6 իսրայէլացի զինուորներ:

Կէսօրէ ետք ժամը 3:45-ին, Հըզպալլայի մարտիկները թիրախ դարձուցին իսրայէլացի զինուորներու խմբաւորում մը, որ կը գտնուէր Թայհաթ-Ասի շրջանին մէջ:

Դիմադրութեան զինուորական տեղեկատուութիւնը ընդգծեց, որ դիմադրութեան մարտիկները թիրախ դարձուցած են նաեւ Պըրքեթ Ռիշայի զինուորական դիրքը, ինչպէս նաեւ հակահրետանային ռումբերով թիրախ դարձուցած են Զըրհիթ զինուորական դիրքը:

Իսրայէլեան ուժեր առաւօտեան ժամը 9:12-ին հրետակոծեցին Եարունը, Հըլթայի եւ Քֆարշուպայի բարձունքները, Շիհինը եւ Ըմ Թութը:

Իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքեր կէսօրուան ժամը 12:00-ին հրթիռակոծեցին Թալ Նահհասը եւ Քֆարքիլայի հիւսիսային շրջանը:

Կէսօրէ ետք իսրայէլեան հրետանին ռմբակոծեց Մըրուահինը, Տհայրան եւ Պուսթանը:

Ժամ մը ետք, իսրայէլեան բանակը Մէյսէլ Ժապալը եւ Եարունը ռմբակոծեց ֆոսֆորային եւ տարանջատուող ռումբերով, իսկ իսրայէլեան ուղղաթիռներ ռմբակոծեցին Քլայաայի շրջակայքն ու արեւմտեան Պեքաան:

Յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին իսրայէլեան հրետանին թիրախ դարձուց Թայրհարֆայի բնակարաններէն մէկը, առանց մարդկային վնասներ պատճառելու:

Երեկոյեան ժամը 5:00-ին, իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի յայտնեց, որ Լիբանանէն Իսրայէլ արձակուած են 15 հրթիռներ, որոնցմէ 4-ը կարելի եղած է փճացնել, սակայն մնացեալը հասած են Իսրայէլ եւ պատճառ դարձած, որ 7 զինուորներ վիրաւորուին` Մանարայի զինուորական կեդրոնին մէջ:

Նշենք, որ գետնի վրայ շաբաթ օր սահմանային բուռն բախումներ արձանագրուեցան: Այս ծիրին մէջ Հըզպալլա յայտնեց, որ թիրախահար հրթիռներով ռմբակոծած է Ռամիմի զօրանոցը, ինչպէս նաեւ Քարանթինա բլուրին վրայ ռմբակոծած է իսրայէլեան հետեւակազօրքին պատկանող ջոկատ մը` արձանագրելով ուղղակի թիրախներ:

Դիմադրութեան մարտիկները ռմբակոծեցին նաեւ Հատպ Պուսթանը, Ժարտահը, Մթըլլէի, Համամեսի եւ Շեպաայի բարձունքները, ինչպէս նաեւ Խիամի եւ Ատայսէի հանդիպակաց շրջանները` արձանագրելով վնասներ:

Իր կարգին, իսրայէլեան բանակը հրետակոծեց Լապպունէն, Ռաս Նաքուրան, Մերժահիունն ու Պընթ Ժպէյլը: Միւս կողմէ, Տհայրա, Ժըպպին, Արեւմտեան Պեքաայի շրջանները, Այթա Շաապն ու Մաժտալ Զունը ենթարկուեցան բուռն ռմբակոծումի:

Իսրայէլեան ուժեր Զահրանիի մէջ թիրախ դարձուցին նաեւ «Փիք ափ» մը, ինչպէս նաեւ յայտարարեցին, որ կործանիչներով ռմբակոծած են Հըզպալլայի կեդրոններ:

Գետնի վրայ արձանագրուած բախումներուն շրջագիծին մէջ արձանագրուած նորութիւնը այն էր, որ Ամալ շարժումը առաջին անգամ ըլլալով յայտարարեց, թէ իր զինեալներէն 6 հոգի նահատակուած են Ռըպ Թլեթինի մէջ` իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքերու ռմբակոծումներուն պատճառով:

Միւս կողմէ, հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու բանբեր Անտրէա Թինընթի յայտնեց, որ շաբաթէն կիրակի լուսցող գիշերուան ընթացքին Քաուզահի մօտակայքը գտնուող ՖԻՆԻՒԼ-ի կեդրոնէն տեղեկացուցած են, թէ լսուած են կրակոցներ, որոնց պատճառով վիրաւորուած է խաղաղապահ զինուոր մը:

Թինընթի յայտնեց, որ վիրաւորուած խաղաղապահ զինուորը վիրահատութեան ենթարկուած է եւ ան ապաքինումի ընթացքին մէջ կը գտնուի:

Ան աւելցուց սակայն, որ կրակոցին աղբիւրը ցարդ կը մնայ անորոշ` աւելցնելով, որ այդ մասին հետաքննութիւն բացուած է:

Թինընթի հաստատեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի կեդրոնները կամ զօրանոցները օգտագործելու որեւէ փորձ` սահմանային Կապոյտ գիծէն յարձակումներ գործելու կամ որեւէ այլ պատճառի համար, խիստ մերժելի է:

Սէյիտ Նասրալլա. «Լիբանանի Ռազմաճակատը
Պիտի Մնայ Ճնշումի Ռազմաճակատ, Իսկ Զինուորական
Գործողութիւններու Ընդարձակումը Ռազմադաշտը Կ՛որոշէ»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա շաբաթ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին արտասանեց ճառ մը` «Նահատակի օր»-ուան առիթով:

Իր ճառին մէջ սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ «Նահատակի օր»-ը այս տարի զուգադիպած է շրջանին եւ պաղեստինեան իրականութեան մէջ արձանագրուող ծանր, վտանգաւոր եւ աղէտալի դէպքերուն հետ, որոնց հանդէպ աշխարհը իր կոյր աչքերն ու խուլ ականջները դարձուցած է:

Ան հաստատեց, որ պատահածը արտակարգ վտանգաւոր զարգացումներու շարք մըն է, որուն հետապնդած քաղաքական առաջին նպատակը այն է, որ ժողովուրդները իրենց իրաւունքներուն համար պայքարը պէտք է մոռնան, իսկ Լիբանանին ուղղուած պատգամը այն է, որ ո՛վ լիբանանցիներ,  տեսէ՛ք Կազայի ճակատագիրը` անոր դիմադրութենէն եւ ըմբոստացումէն ետք:

Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Կազայի դէմ իսրայէլեան բռնարարքներուն կը զօրակցին միայն Միացեալ Նահանգներն ու Բրիտանիան:

«Այս շրջագիծին մէջ Միացեալ Նահանգներ բոլոր միջոցները օգտագործեցին` սպառնալիքները մեզի հասցնելու առումով, սակայն Լիբանանի, Եմէնի եւ Իրաքի դիմադրութիւնները կը շարունակեն իրենց գործունէութիւնը», շեշտեց ան:

Սէյիտ Նասրալլա վերահաստատեց, որ Իրան միջամուխ չի դառնար տարբեր երկիրներուն մէջ գործող Դիմադրութեան շարժումներու որոշումներուն, սակայն միշտ պիտի շարունակէ մնալ այդ շարժումներուն պաշտպանն ու պահապանը:

Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ Դիմադրութեան գործողութիւնները պիտի շարունակուին` հաստատելով, որ Հըզպալլա առաջին անգամ ըլլալով կ՛օգտագործէ անօդաչու թռչող սարքեր, որոնք յարձակումներ կը գործեն, «ինչպէս նաեւ օգտագործեցինք «Պուրքան» տիպի հրթիռը, որ կէս թոն կը կշռէ, եւ կրնաք պատկերացնել, թէ ի՛նչ վնասներ պատճառած է», ըսաւ ան:

Ան նկատել տուաւ, որ «Քաթիուշա» հրթիռներով թէ անօդաչու թռչող սարքերով գործուած յարձակումները կը հասնին բռնագրաւուած Պաղեստինի խորերը եւ վնասներ կը պատճառեն, «իսկ իսրայէլացիները կը փորձեն պահել իրենց վնասները` նիւթական եւ մարդկային», նշեց ան:

Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ անցեալ կիրակի օր լիբանանցի քաղաքայիններ ռմբակոծումի թիրախ դարձուցած իսրայէլեան բանակին Դիմադրութիւնը տուաւ անմիջական պատասխան` ռմբակոծելով իսրայէլեան Քըրիաթ Շմոնա բնակեցման վայրը եւ թիրախ դարձնելով քաղաքայիններ:

«Լիբանանի ռազմաճակատը պիտի մնայ ճնշումի ռազմաճակատ, իսկ զինուորական գործողութիւններու ընդարձակումը ռազմադաշտը կ՛որոշէ: Ցարդ կարելի է ըսել, որ Կազայէն Եմէն, Իրան, Իրաք, Սուրիա եւ Լիբանան Դիմադրութեան շարժումները տոկուն են ու կը շարունակեն դիմադրել:  Ժամանակը ի նպաստ դիմադրութեան շարժումներուն կը գործէ եւ անոնց առիթ կու տայ տապալելու բռնագրաւողները», հաստատեց ան:

Սէյիտ Նասրալլայի արտասանած ճառին իբրեւ պատասխան Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց, որ ինք Հըզպալլան զգուշացուցած է պատերազմին մէջ ներքաշուելէ` աւելցնելով, որ Իսրայէլ պատրաստ է բոլոր ճակատներուն, յատկապէս հիւսիսային ճակատին վրայ պայքարելու:

Իր կարգին, Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ յայտնեց, որ Հըզպալլա կրակով կը խաղայ եւ կը մօտենայ մեծ սխալը գործելու սահմանին, որուն պարագային Պէյրութը երկրորդ Կազայի մը պիտի վերածուի:

Նախորդը

Միքաթի. «Հարաւային Լիբանանի Վկայած Դէպքերը Հետեւանք Են Լիբանանեան Գերիշխանութեան Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումներուն Սանձարձակութեան»

Յաջորդը

Պաքու Թեհրանէն «Համապատասխան Քայլեր» Կ՛ակնկալէ Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպանի Յայտարարութիւններուն Առնչութեամբ

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 20, 2025
Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?