Մոսկուան կը հաստատէ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպում կազմակերպելու պատրաստակամութիւնը, սակայն տակաւին յստակ թուական չկայ: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզին:
«Մենք բազմիցս հաստատած ենք մեր պատրաստակամութիւնը` հետագայ երկխօսութեան համար մոսկովեան հարթակ ապահովելու` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով երկկողմանի յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրման հարցերու շուրջ: Մեր այս պատրաստակամութիւնը անփոփոխ է: Երբ մենք համաձայնինք նման միջոցառման թուականի շուրջ, ժամանակին այդ մասին կը յայտարարենք», ըսաւ ան:


