Լիբանան Բողոք Կը Ներկայացնէ
Ապահովութեան Խորհուրդին
Հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ Իսրայէլի եւ Դիմադրութեան միջեւ բախումներուն ստացած բուռն կշռոյթը պատճառ կը դառնայ, որ պատերազմի ընդարձակման մտավախութիւնները շեշտուին:
Այս իրականութեան դիմաց լուրջ եւ հետեւողական ջանքեր ի գործ կը դրուին` կացութիւնը հակակշիռի տակ պահելու նպատակով:
Ջանքերը ընդհանրապէս օտար պետութիւններու եւ յատկապէս Միացեալ Նահանգներու կողմէ ի գործ կը դրուին, որպէսզի Իսրայէլ ապահովական յաւելեալ մագլցումներու չձեռնարկէ:
Միւս կողմէ, Եարունի մէջ նախանցեալ օր լրագրողներու խմբաւորում մը Իսրայէլի կողմէ ռմբակոծումի թիրախ դարձնելու արարքին վերաբերեալ դատապարտումները շարունակուեցան:
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ երեկոյեան յայտնեց, որ Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուցած են բողոք մը` Եարունի մէջ լիբանանցի լրագրողներ թիրախ դարձնելու Իսրայէլի արարքին դէմ:
Պու Հապիպ շեշտեց, որ լրագրողները դիտմամբ ռմբակոծելը միջազգային օրէնքի խախտում է եւ պատերազմական ոճիր կը նկատուի:
Տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի խստիւ դատապարտեց թշնամի Իսրայէլի կողմէ հարաւային Լիբանանի մէջ գործող լրագրողները ռմբակոծումի ենթարկելու արարքը:
Մքերի շեշտեց, որ խօսքի ազատութեան դէմ գործուելիք սպանդը պիտի չսարսափեցնէ լրագրողները` աւելցնելով, որ լրագրութիւնը եւ տեղեկատուութեան մարզը կը ծառայեն ներկայացնելու թշնամի Իսրայէլի ճշմարտութիւնը եւ հետզհետէ սաստկացող անոր ոճիրներն ու բռնարարքները:
«Լրագրութիւնը կազմ ու պատրաստ է արխիւներ պատրաստելու թշնամիին արարքներուն մասին, որպէսզի նորահաս սերունդները քաջ գիտնան Իսրայէլի իրականութիւնը, գիտնան, թէ ան սպաննելու համար եւ միայն սպաննելով կ՛ապրի», ըսաւ Մքերի:
Իր կարգին, տեղեկատուութեան եւ հաղորդակցութեան միջոցներու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Մուսաուի յայտնեց, որ իւրաքանչիւր լրագրող անիրաւութեան ու ամերիկեան-իսրայէլեան բռնարարքներուն դէմ եւ մարդկային արդարութեան ի խնդիր դիմադրող կը նկատուի:
Ան խստիւ դատապարտեց Եարունի մէջ լրագրողները ռմբակոծելու իսրայէլեան բանակին արարքը` շեշտելով, որ Իսրայէլի դէմ դատական հարց պիտի յարուցուի:
Այս շրջագիծին մէջ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ իրենք թշնամի Իսրայէլին համար կը պատրաստեն այնպիսի անակնկալ մը, որ սարսափելի ըլլայ անոր համար եւ զայն երկմտանքի առաջնորդէ` հարաւային Լիբանանի մէջ նոր ռազմաճակատ մը բանալու ուղղութեամբ:
Նշենք, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես լուրջ մտահոգութիւն յայտնեց Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ տիրող լարուածութեան առնչութեամբ` հաստատելով, որ կացութիւնը հետզհետէ կը բարդանայ:
Կութիերես ընդգծեց, որ մարդասիրական եւ միջազգային օրէնքը առաջնահերթութիւնը կ՛ընծայէ պաշտպանելու քաղաքայինները, սակայն ատիկա իրականութիւն չի դառնար:
Կութիերես զգուշացուց Հըզպալլայի կատարելիք ընդարձակ յարձակումէն, որուն Իսրայէլ կրնայ հակազդել եւ ամբողջ Լիբանանը քանդել:
Իսկ Ընդհանուր ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ Իսրայէլի առաջնորդներուն յայտարարութիւնները ցոյց կու տան անոնց զինուորական ու հոգեկան պարտութիւնը, ինչպէս նաեւ Կազայի եւ Լիբանանի յաղթանակին նշանները:
Այս կեցուածքներուն առընթեր, նախանցեալ գիշեր հարաւային Լիբանանի Նաքուրա, Ալմա Շաապ եւ Լապպունէի լեռնային շրջանները հրկիզուող ռումբերով գնդակոծուեցան իսրայէլեան բանակին կողմէ, եւ մինչեւ առաւօտեան կանուխ ժամերը իսրայէլեան հետախուզական օդանաւեր թռիչքներ գործեցին հարաւային Լիբանանի, յատկապէս Սուրի եւ Նապաթիէի վերեւ` ահ ու սարսափ պատճառելով շրջանի բնակիչներուն:
Առաւօտեան ժամը 1:30-ին, իսրայէլեան ուժեր լուսաւորող ռումբեր արձակեցին Զըպքին, Եաթեր եւ Քաֆրա գիւղաքաղաքներուն դէմ:
Երէկ առաւօտեան ժամը 6:45-ին Դիմադրութեան զինուորական տեղեկատուութիւնը հաղորդեց, որ Դիմադրութեան մարտիկները գիշեր մը առաջ ռմբակոծած են Մալիքիէի իսրայէլեան զինուորական կեդրոնը, որ թշնամի Իսրայէլ կը փորձէր վերանորոգել:
Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութիւնը սփռեց նաեւ լուսանկարներ, որոնք ցոյց կու տային Դիմադրութեան հարուածած իսրայէլեան զինուորական կեդրոնները, որոնց շարքին` Հատպ Եարունը:
Կէսօրէ ետք ժամը 12:46-ին, Հըզպալլա կատարեց յայտարարութիւն մը, որ համապատասխան հրթիռներով թիրախ դարձուցած է իսրայէլեան Մարժ զինուորական կեդրոնին մէջ գտնուող իսրայէլացի զինուորներու համախմբում մը:
Երկու ժամ ետք` 14:43-ին Դիմադրութիւնը երկրորդ անգամ ըլլալով թիրախ դարձուց Մարժի կեդրոնը:
Յետմիջօրէին Դիմադրութիւնը հրթիռակոծեց Պըրքեթ Ռիշայի իսրայէլեան զինուորական կեդրոնն ու անոր շրջակայքը գտնուող զինուորական հաւաքավայրերը, ինչպէս նաեւ Ռուէյսեթ Ալամի իսրայէլեան զինուորական դիրքը:
Իսրայէլեան ուժեր առաւօտեան ժամը 7:10-ին ռմբակոծեցին Լապպունէն, Նաքուրան եւ Թէյր Հարֆան:
Կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին իսրայէլեան բանակը գնդակոծեց Մարքապա, Հաունին, Թէյր Հարֆա եւ Ռըպ Թլեթին գիւղաքաղաքները:
Կէս ժամ ետք իսրայէլեան բանակը ռմբակոծեց նաեւ Պլիտայի եւ Լապպունէի շրջակայքն ու Նաքուրան:
Աւելի ուշ իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը թիրախ դարձուց Պլիտայի մէջ գտնուող դատարկ բնակարան մը, ինչպէս նաեւ հրետակոծեց Այթարունը, Մարուն Ռասն ու Մէյսել Ժապալը:
Ժամը 1:00-ին, իսրայէլեան օդուժը կործանիչներով ռմբակոծեց Այթա Շաապը եւ Այթարունի արեւմտեան շրջանները:
Կէսօրէ ետք ժամը 2:30-ին, իսրայէլեան բանակը հրետանիներով ռմբակոծեց Մարքապան, Ռըպ Թլեթինը, Ժըպպինն ու Տհայրան:
Յետմիջօրէի ժամը 15:42-ին ռմբակոծեց Հուլան, իսկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին Շիհինը, Ժըպպինը, Պէյթ Լիֆն ու Եաթերը:


