Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի շաբաթավերջին մասնակցեցաւ Արաբական լիկայի արտահերթ վեհաժողովին, որ տեղի ունեցաւ Ռիատի մէջ:
Այս առիթով Միքաթի արտասանեց Լիբանանի խօսքը, որուն մէջ շեշտեց, թէ իսրայէլեան բռնարարքներուն եւ գործած պատերազմական ոճիրներուն դիմաց դատապարտումները անիմաստ են` աւելցնելով, որ Իսրայէլը իր գործած սպանդներէն ետ չի պահեր նաեւ միջազգային օրէնքը:
Միքաթի կոչ ուղղեց արաբական միասնականութեան եւ համագործակցութեան` փրկելու համար Կազան եւ պաղեստինեան հողերը: «Բոլորս վկայեցինք Կազայի մէջ տիրող աղէտալի իրականութեան, սակայն ժամանակն է անցնելու որոշումի կայացման փուլին: Կազան կոչ կ՛ուղղէ ձեզի` հասնելու անոր օժանդակութեան», յայտնեց ան:
Միքաթի նշեց, որ արաբեւիսրայէլեան տագնապը լուծելու միակ միջոցը երկու պետութիւններու հիմնումն է: Ան նկատել տուաւ, որ երկու պետութիւններու հիմնադրութեան շրջագիծին մէջ կարելի պիտի ըլլայ աւելի լաւ ապագայ մը կերտել բոլորին համար` հիմնուելով 2002-ին Պէյրութի վեհաժողովէն բխած Խաղաղութեան արաբական նախաձեռնութեան վրայ:
«Հարաւային Լիբանանի մէջ ներկայիս արձանագրուող բախումները թէեւ Կազայի աղէտալի դէպքերուն հետեւանքով են, սակայն իրականութեան մէջ անոնք հետեւանք են լիբանանեան գերիշխանութեան վրայ իսրայէլեան յարձակումներուն սանձարձակութեան, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութիւնը միշտ խախտելու իսրայէլեան յանդգնութեան», ըսաւ ան:
Միքաթի աւելցուց, որ Կազայի դէպքերէն սկսեալ ինք անձամբ եւ միշտ կոչեր ուղղած է ինքնազսպումի ենթարկուելու եւ հարաւային Լիբանանի մէջ պահպանելու խաղաղութիւնը, ինչպէս նաեւ զգուշացուցած է Կազայի պատերազմի շրջագիծի ընդարձակումէն եւ Լիբանանն ու շրջանը այդ պատերազմին մէջ ներքաշելու վտանգներէն:
«Լիբանանի մէջ մեր ընտրանքը խաղաղութիւնն է, իսկ մեր մշակոյթը խաղաղութեան մշակոյթն է, որ հիմնուած է իրաւունքի, արդարութեան, միջազգային օրէնքի եւ միջազգային օրինականութեան վրայ: Բայց եւ այնպէս մեր ժողովուրդը այնպիսի ժողովուրդ մըն է, որ կը մերժէ իր գերիշխանութեան ու ազգային արժանապատուութեան, ինչպէս նաեւ իր քաղաքացիներուն, յատկապէս` կիներուն եւ երեխաներուն վրայ գործուող յարձակումները: Հակառակ այս բոլորին, այսօր, բոլորիդ ներկայութեան կը վերահաստատենք, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ միջազգային օրինականութեան, յատկապէս թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան, ինչպէս նաեւ կ՛ընդգծենք, որ պէտք է ճնշում բանեցուի Իսրայէլի վրայ` գործադրելու իր պարտականութիւնները, ինչպէս նաեւ ստիպելու զայն` վերջ տալու մեր հայրենիքին դէմ անոր գործած յարձակումներուն եւ բռնարարքներուն», յայտնեց ան:
Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանան միշտ կը մնայ Պաղեստինի, Կազայի եւ պաղեստինցիներուն կողքին եւ սուղ կը վճարէ իսրայէլեան բռնարարքներուն գինը: «Սակայն Լիբանան, ինչպէս միշտ կարիքը ունի բոլոր արաբներու նեցուկին, որպէսզի չքայքայուի», եզրափակեց ան:
Հանդիպում` Ռայիսիի Հետ
Նշենք, որ Միքաթի Սէուտական Արաբիոյ մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Ռայիսի հաստատեց, որ Դիմադրութիւնը անկախ է իր որոշումին եւ աշխատանքներուն մէջ` ընդգծելով, որ Դիմադրութիւնը Իրանէն հրահանգներ ստանալու վիճակին մէջ չէ:
Ռայիսի շեշտեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի առած քայլերը իմաստուն են եւ կը միտին իսրայէլեան բռնարարքներն ու հաւանական յարձակումները ետ մղել:
Միւս կողմէ, «Ժազիրա»-ի հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Միքաթի շեշտեց, որ Հըզպալլա ազգային բարձր գիտակցութեամբ եւ մղումով կը շարժի` հաստատելով, որ ինք կասկած չունի անոր իմաստուն եւ խոհուն ըլլալէն:
Ան նկատել տուաւ, որ պատերազմ սանձազերծուելու պարագային Լիբանանի կառավարութիւնը երեք ամսուան շտապ ծրագիր մը մշակած է:
«Մենք պատերազմի երկրպագուներ չենք եւ շրջանին մէջ յաւելեալ ռազմաճակատներ բռնկեցնելու իմաստով քայլերու պիտի չդիմենք: Լիբանան կառչած կը մնայ միջազգային օրինականութեան, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի որոշումներուն», ըսաւ ան` մաղթելով, որ իրենց հաղորդակցութիւններուն շնորհիւ Իսրայէլ կը դադրեցնէ հարաւային Լիբանանի ռմբակոծումը:
Միքաթի պահանջեց, որ Կազայի մէջ անմիջական զինադուլ յայտարարուի եւ աւելցուց, որ Լիբանան ինքնազսպումի կ՛ենթարկուի, սակայն Իսրայէլ պէտք է հարաւային սահմանագիծին վրայ գրգռութիւնները կասեցնէ:
Միքաթի արաբական երկիրներէն, յատկապէս Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններ ունեցող արաբական երկիրներէն պահանջեց ճնշում բանեցնել անոր վրայ, որպէսզի հարաւային Լիբանանի դէմ իր գրգռութիւններուն վերջ տայ: