Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլեան Բանակը Դարձեալ Կը Ռմբակոծէ Լրագրողները

Նոյեմբեր 14, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատերազմական ոճիրներու մակարդակի մարտեր վարելու եւ վայրագ բռնարարքներ գործելու իր սովորութեան համաձայն, Իսրայէլ երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին Եարունի մէջ ռմբակոծումի թիրախ դարձուց խումբ մը լրագրողներ, սակայն բարեբախտաբար առանց մարդկային լուրջ վնասներ պատճառելու:

Միակ թեթեւօրէն վիրաւորուողը եղաւ «Ժազիրա» պատկերասփիւռի կայանի քամերամեն Իսամ Մուասին:

Լրագրողները ռմբակոծումի թիրախ դարձնելու իսրայէլեան այս արարքը արժանացաւ համատարած դատապարտումի:

Միւս կողմէ, նախանցեալ գիշեր հարաւային Լիբանանի Հըլթա, Քֆարհամամ, Մարի, Հասպայա, Արքուպ, Քֆարշուպա, Մազարեհ Շեպաա, Մերժահիուն եւ Խիամ շրջանները ենթարկուեցան իսրայէլեան բուռն հրետակոծումի, որոնց պատասխանեց Դիմադրութիւնը:

Փոխադարձ ռմբակոծումներն ու տիրող լարուածութիւնը ստեղծեցին բախումներու օղակը ընդարձակելու մտավախութիւնը, յատկապէս երբ իսրայէլացի պատասխանատուներ կատարեցին յայտարարութիւններ, թէ Լիբանանը պիտի տուժէ` Հըզպալլայի իրականացուցած զինուորական գործողութիւններուն պատճառով:

Առաւօտեան կանուխ ժամերուն տիրեց զգուշաւոր լռութիւն, որուն ընթացքին սակայն «Էմ. Քա.» տիպի իսրայէլեան հետախուզական օդանաւեր թռիչքներ գործեցին հարաւային Լիբանանի վերեւ`  հասնելով մինչեւ Արամթա, Տիմաշքիէ, Հարաւային Պեքաա եւ Իքլիմ Թուֆֆահ:

Երէկ առաւօտեան ժամը 10:35-ին Դիմադրութեան զինուորական տեղեկատուութիւնը յայտարարեց, թէ Հըզպալլայի մարտիկները մեծ քանակութեամբ տեսակարար հրթիռներով   ռմբակոծումի թիրախ դարձուցած են իսրայէլեան Տհայրա զինուորական կեդրոնը:

Ժամը 11:00-ին Դիմադրութիւնը իսրայէլեան Պրանեթ զինուորական կեդրոնին մէջ համապատասխան հրթիռներով թիրախ դարձուց իսրայէլեան հետեւակազօրքի մէկ խումբը:

Կէսօրուան ժամը 12:30-ին, Հըզպալլայի մարտիկները թիրախ դարձուցին իսրայէլեան Ռահեպ  կեդրոնը:

Կէսօրէ ետք ժամը 15:49-ին, Դիմադրութիւնը հաստատեց որ ռմբակոծած է իսրայէլեան Ռամթա զինուորական կեդրոնը, որ կը գտնուի Մազարեհ Շեպաայի մէջ:

Հըզպալլայի մարտիկները երեկոյեան ժամը 5:39-ին ռմբակոծեցին Հատպ Եարունի իսրայէլեան զինուորական դիրքը:

Իսրայէլեան ուժեր առաւօտեան ժամը 8:55-ին ռմբակոծեցին Լապպունէն, Եարունը, Պուսթանն ու Շիհինը:

Ժամը 9:29-ին, իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի յայտնեց, որ հիւսիսային Իսրայէլի մէջ կարելի եղած է արգիլել Լիբանանէն արձակուած երկու հրթիռներու պայթումը, առանց նիւթական կամ մարդկային վնասներ պատճառելու:

Ատրահի յայտնեց, որ իսրայէլեան բանակը ռմբակոծած է լիբանանեան այն շրջանները, ուրկէ արձակուած են հրթիռները:

Նոյն ժամուն իսրայէլեան ուժերը 6 հրթիռներով ռմբակոծեցին Այթա Շաապը եւ Ժըպպին գիւղաքաղաքը:

Ժամ մը ետք անոնք ռմբակոծեցին Թայրհարֆայի եւ Նաքուրայի միջեւ գտնուող Այն Զարքա շրջանը եւ Ալմա Շաապը:

Կէսօրուան ժամը 12:00-ին, իսրայէլեան հրետանին ռմբակոծեց Պլիտա եւ Մհայպիպ գիւղաքաղաքները, ինչպէս նաեւ Այթա Շաապի բնակարաններէն մէկը: Նշենք, որ Այթա Շաապի մէջ իսրայէլեան ուժերուն կողմէ այս բնակարանը հինգերորդ անգամն ըլլալով ռմբակոծուեցաւ:

Կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին իսրայէլեան ուժեր հրետակոծեցին Ռամիա, Պէյթ Լիֆ, Ժըպպին, Շիհին եւ Այթա Շաապ գիւղաքաղաքները:

Յետմիջօրէին Ատրահի հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ հարաւային Լիբանանէն հիւսիսային Իսրայէլ կրցած է մուտք գործել անօդաչու թռչող սարք մը:

Ան շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ զինեալներ հրթիռարձակում կատարած են դէպի Նթուհա շրջան եւ Շթուլայի զինուորական կեդրոն:

Աւելի ուշ, իսրայէլեան կործանիչներ ռմբակոծեցին Այթա Շաապը, Ռըմէյշը, Պընթ Ժպէյլը, Այնաթան ու Նաքուրայի շրջակայքը:

Երեկոյեան ժամը 5:00-ին իսրայէլեան ուժեր ֆոսֆորային ռումբերով հրկիզեցին Շանուհի անտառները, Հըլթան եւ Քֆարշուպայի բարձունքները:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը երեկոյեան ժամը 5:30-ին, 4 հրթիռներով ռմբակոծեց Քֆարքիլայի շրջակայքը:

Հըզպալլա երէկ յայտնեց, որ «Երուսաղէմի ճամբուն վրայ նահատակուածներ»-ու փաղանգին միացած է Մեհտի Սէյֆէտտինը:

Իսրայէլեան պաշտօնական աղբիւրներ յայտնեցին, որ նախանցեալ օր զոհուած է իսրայէլացի քաղաքային մը, որ ելեկտրականութեան ընկերութեան մէջ կ՛աշխատէր:

Նախորդը

Այն Թինէի Մէջ. «Պըրրի Կը Նախընտրէ Բանակի Հրամանատարին Պաշտօնավարութիւնը Երկարաձգել» Շեշտեց Ժորժ Ատուան

Յաջորդը

Հայաստանի, Յունաստանի Եւ Կիպրոսի Մասնայատուկ Ուժերու Ռազմափորձեր` Աթթիքայի Մէջ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?