Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլի Եւ Համասի Միջեւ Գերիներու Փոխանակման Համաձայնութեան Գոյացումը` Մօտալո՞ւտ

Նոյեմբեր 15, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին յայտնած է, որ Իսրայէլ եւ Համաս կը մօտենան գործարքի մը, որուն ծիրին մէջ ազատ պիտի արձակուին 7 հոկտեմբերին Համասի կողմէ գերեվարուած կիներու եւ երեխաներու մեծամասնութիւնը:

«Համաձայնութիւնը կրնայ քանի մը օրէն յայտարարուիլ, եթէ վերջին մանրամասնութիւնները լուծուին», ըսած է պաշտօնատարը` աւելցնելով. «Գործարքի ընդհանուր գիծերը յստակացան եւ ճշդուեցան»:

Ան ամերիկեան ազդեցիկ օրաթերթին նշած է, որ սկզբունքային համաձայնութիւնը իսրայէլեան բանտերուն մէջ արգելափակուած պաղեստինցի կիներու եւ երիտասարդներու, ինչպէս նաեւ իսրայէլացի գերեվարուած կիներու եւ մանուկներու խումբ առ խումբ միաժամանակեայ ազատ արձակման կոչ կ՛ուղղէ:

Ըստ իսրայէլացի պաշտօնատարին, գերիներու փոխանակման զուգահեռ կը նախատեսուի, որ 5-օրեայ զինադադար հաստատուի: Ան կ՛աւելցնէ, որ ատիկա Կազայի մէջ պաղեստինցի քաղաքայիններուն յաւելեալ մարդասիրական օժանդակութիւններու մատակարարումը կրնայ արտօնել եւ այդպիսով նուազեցնել մարդասիրական ճգնաժամը:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն երէկ երեկոյեան յայտարարեց. «Կը կարծեմ, որ իսրայէլացի արգելափակեալներու ազատ արձակումը պիտի կատարուի»:

Իսրայէլի ելեւմուտքի նախարար Եցլիէլ Սմոթրիչ, սակայն, պնդեց. «Կազայի արաբներուն աշխարհի երկիրներ կամաւոր գաղթը մարդկային ճիշդ լուծումն է»:

Ֆրանսական «Լը Ֆիկարօ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Միջին Արեւելքի եւ Մարոքի մէջ պաշտօնավարող ֆրանսացի շուրջ 10 դեսպաններ միացեալ նամակ մը յղած են Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնին` ցաւ յայտնելով վերջինիս Կազայի դէմ պատերազմին մէջ Իսրայէլի ի նպաստ կողմնակալութեան նկատմամբ:

Օրաթերթը ֆրանսացի դեսպաններուն նամակը նկատեց «դիւանագիտական ըմբոստացում»: Անոնք նշած են, որ Մաքրոնի Իսրայէլի ի նպաստ կողմնակալութիւնը Փարիզի` իսրայէլացիներուն եւ պաղեստինցիներուն նկատմամբ հաւասարակշռուած դիրքորոշման խզում է:

«Լը Ֆիկարօ» գրեց. «Ֆրանսացի դեսպաններուն յուշագիրը Ֆրանսայի` արաբական աշխարհին հետ արդի դիւանագիտութեան պատմութեան մէջ աննախադէպ քայլ կը նկատուի»:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու ամերիկեան «Ֆոքս Նիուզ»-ին հետ հարցազրոյցի ընթացքին Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոպան զգուշացուց, որ անոնք կրնան «յաջորդը» ըլլալ, եթէ Իսրայէլի բանակը չկործանէ Համասը:

«Մենք պէտք է յաղթենք ոչ միայն յանուն մեզի, այլ նաեւ յանուն Միջին Արեւելքի, յանուն մեր արաբ դրացիներուն: Գիտէ՞ք ինչ, յանուն Կազայի բնակիչներուն, որոնք ենթարկուած են այս մութ բռնակալութեան, որ անոնց արիւնահեղութենէն, աղքատութենէն ու թշուառութենէն բացի ոչինչ բերած է», ըսաւ Նեթանիահու:

«Մենք պէտք է յաղթենք, որպէսզի պաշտպանենք Իսրայէլը: Մենք պէտք է յաղթենք, որպէսզի պաշտպանենք Միջին Արեւելքը: Մենք պէտք է յաղթենք յանուն քաղաքակիրթ աշխարհի: Ատիկա այն ճակատամարտն է, որ մենք կը մղենք ճիշդ հիմա: Այդ յաղթանակին այլընտրանք չկայ: Եթէ մենք հիմա չյաղթենք, ապա յաջորդը Եւրոպան է, իսկ յաջորդը` դուք: Ուստի, մենք պէտք է յաղթենք: Մեր պայքարը ձեր պայքարն է», աւելցուցած է ան:

Անոր համաձայն, «քաղաքակրթութեան ուժերուն պէտք է արտօնել յաղթել բարբարոսներուն, որովհետեւ հակառակ պարագային այս բարբարոսութիւնը պիտի տարածուի եւ պիտի վտանգէ ամբողջ աշխարհը»:

Ըստ անոր, «իւրաքանչիւր ամերիկացի, իւրաքանչիւր քաղաքակիրթ երկիր վտանգի ենթակայ պիտի ըլլայ»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Սպիտակ տան մէջ լրագրողներուն յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ յոյսով են, որ Իսրայէլ Կազայի մէջ աւելի զգուշ կը գործէ խաղաղ բնակչութեան մէջ զոհերէն խուսափելու համար` հիմք ընդունելով այն, որ բժշկական հաստատութիւնները պէտք է պաշտպանուած ըլլան:

«Ինչպէս գիտէք, ես չեմ վարանած իմ մտահոգութիւնս յայտնել տեղի ունեցողին վերաբերեալ: Ես յոյսով եմ ու կ՛ակնկալեմ, որ աւելի քիչ սեւեռուն գործողութիւններ կ՛ըլլան: Եւ մենք կը շարունակենք կապի մէջ մնալ իսրայէլացիներուն հետ», ընդգծեց Սպիտակ տան ղեկավարը` մեկնաբանելով Կազայի բժշկական հաստատութիւններուն շուրջ ստեղծուած կացութիւնը:

Պայտընի համաձայն, ջանքեր կը գործադրուին պատանդներու ազատ արձակման հասնելու նպատակով Կազայի մէջ Իսրայէլի զինուորական գործողութիւններուն մէջ դադար առնելու ուղղութեամբ:

«Այդ բանակցութիւնները կը շարունակուին: Քաթարցիներու հետ նոյնպէս համագործակցութիւն տեղի կ՛ունենայ: Ուստի ես որոշ չափով կը պահպանեմ լաւատեսութիւնս: Բայց եւ այնպէս, հիւանդանոցները պէտք է պաշտպանուած ըլլան», նշեց Միացեալ Նահանգներու նախագահը:

Նախորդը

Պլինքըն Եւ Քամերոն Ընդգծած Են Միացեալ Նահանգներու Եւ Բրիտանիոյ Յատուկ Յարաբերութիւններու Կարեւորութիւնը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?