Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երէկ ամերիկեան «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին հաւանական նկատեց պաղեստինեան Համաս շարժումին մօտ գերիներու ազատ արձակման շուրջ համաձայնութեան գոյացումը:
Պատասխանելով Կազայի մէջ Համասի մօտ գտնուող գերիներու ազատ արձակման շուրջ համաձայնութեան գոյացման հաւանականութեան մասին հարցումի մը` Նեթանիահու նշեց. «Ատիկա հաւանական է, սակայն որքան այդ մասին քիչ խօսիմ, այդքան անոր իրականացման հաւանականութիւնը կը բարձրանայ»:
Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Էն.Պի.Սի.»-ին յայտնած էր, որ քննարկուող գործարքը կը ներառէ Իսրայէլի մօտ արգելափակուածներու ազատ արձակման դիմաց Համասի մօտ գտնուող շուրջ 80 կին ու մանուկ գերիներու ազատ արձակումը:
Նեթանիահու շաբաթ երեկոյեան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ Իսրայէլ «անհրաժեշտութեան պարագային առանձին դէմ պիտի դնէ ամբողջ աշխարհին»:
Ան նաեւ արաբական պետութիւններու ղեկավարներուն կոչ ուղղեց` պաղեստինեան Համաս շարժումին դէմ խօսելու:
Ըստ Իսրայէլի վարչապետին, այդ շարժումը «Կազային միայն աղէտ, միայն արիւնահեղութիւն եւ աղքատութիւն բերաւ»:
Աւելի՛ն, ըստ Նեթանիահուի, ատիկա «ահաբեկչութեան եւ չարիքի իրանեան առանցքի անբաժանելի մասն է, եւ այդ առանցքը կը վտանգէ ընդհանուր առմամբ ամբողջ աշխարհը եւ ամբողջ արաբական աշխարհը»:
Նեթանիահու նաեւ յայտարարեց, որ կ՛աշխատի Իսրայէլի բանակին միջազգային աջակցութիւն ապահովելու համար` նշելով. «Համասի «վայրագութիւններէն ետք ազատ աշխարհի մէջ իւրաքանչիւրը բարոյական պարտաւորութիւն ունի աջակցելու Իսրայէլին»:
Ան նաեւ կոչ ուղղած է ամբողջ աշխարհին աջակցելու առանց գերիներու վերադարձի զինադադարի դէմ իր դիրքորոշման, միեւնոյն ժամանակ Միացեալ Նահանգներուն կոչ ուղղելով` միանալու Համասի ոչնչացման պահանջին, որովհետեւ ըստ անոր, Համասը վտանգ կը ներկայացնէ նաեւ Միացեալ Նահանգներուն համար:
Ըստ Նեթանիահուի, «որոշ երկիրներու մէջ կան ղեկավարներու վրայ ճնշում գործադրողներ»:
«Մի՛ ենթարկուիք ճնշումին: Մեր պատերազմը ձեր պատերազմն է: Իսրայէլը պէտք է յաղթէ իր եւ աշխարհի համար», ըսած է ան:
Ըստ Իսրայէլի վարչապետի, ամէն պարագայի «ոչ մէկ միջազգային ճնշում, Իսրայէլի բանակի զինուորներուն եւ մեր պետութեան դէմ ոչ մէկ կեղծ մեղադրանք պիտի ազդէ Իսրայէլի ինքնապաշտպանութեան տոկունութեան վրայ»:
Նեթանիահու նաեւ յայտարարած է, որ զինուորականները պիտի մնան Կազայի մէջ, «այնքան ատեն, որ անհրաժեշտ է, որպէսզի կանխարգիլուի ներերկիրի ահաբեկչական յարձակումներու գործադրման համար Իսրայէլի դէմ օգտագործումը»:
Իսրայէլի վարչապետը երէկ նաեւ յայտարարեց, որ իր երկիրը Կազայի մէջ Շիֆա հիւանդանոցին վառելանիւթի մատակարարում առաջարկած է, սակայն Համաս շարժումը մերժած է զայն ստանձնել:
Շիֆա հիւանդանոցը վառելանիւթի սպառման պատճառով դադրած է գործելէ:
Նեթանիահու նաեւ յայտնեց, որ Պաղեստինեան իշխանութիւնը իր ներկայ ձեւաչափով պէտք չէ կառավարէ Կազան` նշելով, որ Պաղեստինեան իշխանութիւնը ձախողած է Այսրյորդանանի մէջ զինաթափում կատարել, եւ մինչեւ հիմա չէ դատապարտած Համասը, ուստի եւ Կազան պիտի չկառավարէ:
Իսրայէլի ներքին գործոց նախարար Իթամար պեն Ղաֆիր իր կարգին յայտնեց, որ պէտք է ոչ միայն Համաս շարժումի ղեկավարներն ու մարտիկները ոչնչացնել, այլ նաեւ անոր պաղեստինցի քաղաքային համակիրներն ու անոր գործողութիւններէն ուրախանալով «անուշ բաժնողները»:
Պեն Ղաֆիր իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին հետ զրոյցի ընթացքին Համասին զօրակցողները «ահաբեկիչներ» կոչեց եւ ըսաւ. «Պէտք է յստակ ըլլանք, որ նպատակը Համասը ոչնչացնելն է, եւ ատիկա կը ներառէ անոնք, որոնք կ՛երգեն, կը զօրակցին եւ անուշ կը բաժնեն»:
«Այժմ կոչ կ՛ուղղեմ Կազան գրաւելու», աւելցուց ան:
Իսրայէլացի ծայրայեղ աջակողմեան նախարարը մերժեց որեւէ մարդասիրական օժանդակութեան պաշարուած Կազա մուտքը արտօնել` նշելով. «Այնքան ատեն, որ Համաս իր մօտ եղող գերիները ազատ չ՛արձակեր, ապա միակ բանը, որ Կազա մուտք գործելու կարիքը ունի իսրայէլեան օդուժի հարիւր հազարաւոր թոնի ռումբերն են, եւ ոչ թէ մարդասիրական օգնութիւնները»:
Պեն Ղաֆիր նաեւ կոչ ուղղեց իսրայէլացի բնակեցուածները աւելի զինելու` ըսելով. «Զէնքերը կրնան կեանքեր փրկել, այժմ առաջին առաքելութիւնս բնակեցուածներուն զէնք բաժնելն է»:
Իսրայէլի ներքին գործոց նախարարը դժգոհեցաւ, որ Իսրայէլի վարչապետն ու անոր կառավարութիւնը կ՛անտեսեն իր յորդորները, երբ պատերազմի ծագումէն առաջ կոչ ուղղած է ոչնչացնել Համասի բոլոր ղեկավարները եւ Իսրայէլի ազգային պահակագունդ ստեղծել: «Անոնք զիս չեն լսեր, զիս կը մեկուսացնեն», ըսաւ ան:
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Արաբական-իսլամական վեհաժողովի աւարտէն ետք, Ռիատէն վերադառնալու ընթացքին օդանաւին մէջ լրագրողներուն յայտնած է, թէ Կազայի վերաբերեալ Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու համաձայնութիւնը անկարելի է:
«Կարեւորագոյն երկիրը, որ պէտք է աշխուժանայ, Ամերիկան է, որ իր ազդեցութիւնը ունի Իսրայէլի վրայ: Կազան պաղեստինցի ժողովուրդի հողն է: Ամերիկան պէտք է ընդունի ատիկա: Եթէ Պայտընը կը կարծէ, որ Կազան պաղեստինցիներուն հողը չէ, այլ բռնագրաւող վերաբնակիչներու կամ Իսրայէլի հողն է, ապա մեր համաձայնութիւնը անկարելի է», ըսած է Թուրքիոյ նախագահը:
Էրտողան նաեւ յայտարարած է, որ պիտի չհեռաձայնէ իր ամերիկացի պաշտօնակից Ճօ Պայտընին` Կազայի կացութեան մասին խօսելու, որովհետեւ Թուրքիան «Միջին Արեւելքի առանցքային երկիր է»:
«Այստեղ (Թուրքիա) եկած էր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընը: Կը կարծեմ` հիմա մեզ պիտի ընդունի Պայտընը: Ինծի համար խելամիտ չէր հեռաձայնել Պայտընին: Միայն մենք չենք ըսեր, որ Միջին Արեւելքի, Արեւելեան Միջերկրական ծովու եւ մեր շրջանին մէջ առանցքային երկիր ենք», նշած է ան:
Էրտողան աւելցուցած է, որ այդ աշխարհագրութեան մէջ կարելի չէ նախաձեռնութիւն կամ ծրագիր կատարել` շրջանցելով Թուրքիան: Անոր համաձայն, Անգարան լուծում ունի բոլոր ճգնաժամային շրջաններուն համար, «դեղատոմսեր, որոնք ամբողջովին զերծ են համասական հռետորաբանութենէն»:
«Թուրքիան այն երկիրն է, որ խնդիրի լուծման ամէնէն իրական առաջարկները կ՛ընէ: Թուրքիան շրջանին մէջ առանցքային երկիր է ճգնաժամերու եւ խնդիրներու լուծման համար», ընդգծած է Էրտողան: