Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կարմիր Խաչի Միջազգային Յանձնախումբը Այցելած Է Պաքուի Կողմէ Ձերբակալուած Հայերու Մէկ Մասին

Նոյեմբեր 16, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կարմիր խաչի միջազգային յանձնախումբը նոյեմբերի սկիզբը այցելած է Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ ձերբակալուած հայերու մէկ մասին: Այս մասին «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է Կարմիր խաչի միջազգային յանձնախումբի պատուիրակութեան հաղորդակցութեան բաժանմունքի ղեկավար Զառա Ամատունին:

«Մենք կը շարունակենք տեսակցիլ բոլոր այն հայ անձերուն հետ, որոնք Ազրպէյճանի մէջ ձերբակալուած են եւ որոնց անունները հաստատուած են Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ: Խօսքը այն անձերուն մասին է, որոնք ձերբակալուած են եւ կը գտնուին Ազրպէյճանի մէջ 2020 թուականէն ի վեր, 2021 թուականի, ինչպէս նաեւ 19 սեպտեմբեր 2023-ին կացութեան մագլցումին պատճառով: Տեսակցութիւնները պարբերական բնոյթ կը կրեն: Օգտուելով ատկէ` անոնց կարելիութիւն կու տանք կապ պահպանել իրենց ընտանիքներուն հետ», ըսաւ Զառա Ամատունի:

Ան նշեց, որ հոկտեմբերին Կարմիր խաչի միջազգային յանձնախումբը Պաքուի մէջ տեսակցած է անոնց մէկ մասին հետ, իսկ այս ամսուան սկիզբը առաջին անգամ տեսակցած է 19 սեպտեմբերի զինուորական գործողութիւններուն առնչութեամբ ձերբակալուած հայերուն հետ, որոնց մասին հաստատումները կազմակերպութիւնը ստացած է վերջերս:

Անոր համաձայն, տեսակցութիւնները կը կատարուին առանձնազրոյցի ձեւաչափով, որուն ընթացքին իւրաքանչիւր անձի հետ կը քննարկուին իրենց վերաբերող հարցերը, խնդիրները: Կարմիր խաչի միջազգային յանձնախումբի աշխատակիցներու ուշադրութեան կեդրոնը կ՛ըլլայ բոլոր անձերուն առողջական վիճակը, անոնց պահման պայմանները: Այդ բոլորը կը քննուին թէ՛ առանձնազրոյցներու, թէ՛ ալ բոլոր կարելի տարածքներով այցելութիւններու միջոցով:

«Ինչ կը վերաբերի այդ նկատառումներուն եւ, թէ մենք ինչպէ՛ս անոնց նկատմամբ հետեւողական ենք, ապա ասիկա արդէն փակ տեղեկութիւն է եւ անմիջապէս կը քննարկուի տեղւոյն իշխանութիւններուն հետ: Տեսակցութիւններուն նպատակը այն է, որ կարենանք տեսնել, թէ անոնք ի՛նչ վիճակի մէջ կը գտնուին, ինչի՛ կարիք ունին եւ եթէ կրնանք նաեւ մենք աջակցիլ, որ այդ կարիքները կարելի ըլլայ պատշաճ կերպով հասցէագրել: Նշեմ, որ մենք հանրային հարթակի վրայ չենք արտայայտուիր ատոր մասին: Ատիկա մեզի կ՛արտօնէ առաւելապէս բաց կերպով քննարկել այդ հարցերը այն պատկան մարմիններու հետ, որոնք պատասխանատու են այս անձերուն համար», ըսած է Զառա Ամատունի:

 

Նախորդը

Հաճիեւ. «Խաղաղութեան Պայմանագիրի Բնագիրին Շուրջ Կրնայ Աւելի Արագ Համաձայնութիւն Գոյանալ Աշխուժ Երկկողմանի Բանակցութիւններու Միջոցով. Գնդակը Այժմ Հայաստանի Դաշտն Է»

Յաջորդը

Միլլըր. «Լեռնային Ղարաբաղէն Հեռացած Մարդիկ Տուն Վերադառնալու Իրաւունք Ունին»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?