Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոսը Այցելեց Ուաշինկթընի Հայ Դատի Գրասենեակ

Նոյեմբեր 14, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկուշաբթի, 13 նոյեմբեր 2023-ին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, ընկերակցութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան հայոց թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեանի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի համաատենապետ Ստեփան Տէր Պետրոսեանի, այցելեց Ուաշինկթընի մէջ երկար տարիներէ ի վեր հաստատուած Հայ դատի գրասենեակը: Վեհափառի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին` նաեւ կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Յովակիմ վրդ. Բանճարճեանը, Միջին Արեւելքի միջեկեղեցական ու միջկրօնական բաժանմունքի պատասխանատու Սարգիս վրդ. Աբրահամեանը եւ Արեւելեան հայոց թեմի Ազգային վարչութեան ատենապետ Արամ Սարաֆեանը:

Վեհափառ հայրապետը շուրջ երկու ժամ հանդիպում ունեցաւ կեդրոնի տնօրէն Արամ Համբարեանին եւ անոր գործակիցներուն հետ` Հայ դատի աշխատանքներու առնչութեամբ: Համբարեանը ողջունելով կաթողիկոսը` ըսաւ, որ ան ո՛չ միայն զօրակից է Հայ դատի աշխատանքներուն, այլ նաեւ պայքարի առաջին գիծին վրայ հսկայ ներդրում կատարած է` թէ՛ անձնապէս եւ թէ՛ իր գլխաւորած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջոցով: Գրասենեակին տնօրէնը ընդհանուր գիծերով պարզեց կեդրոնին կատարած աշխատանքները` Հայ դատի զանազան երեսներուն առնչուած, որոնք, յատկապէս վերջին տարիներուն բազմացան ու բարդացան: Ան յայտնեց, որ դժբախտաբար ներդաշնակութեան պակասը կայ Հայաստանի դեսպանատան ու կեդրոնի աշխատանքներուն միջեւ, հետեւաբար անհրաժեշտ է աշխատանքները դառնան աւելի համադրուած ու ծրագրուած:

Այս առիթով վեհափառը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց կեդրոնին կատարած գործունէութեան, որ հետզհետէ աւելի կ՛ընդլայնի: Ան ըսաւ, որ Թուրքիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին եկան աւելնալու Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութեան, Արցախի իրաւունքներու պաշտպանութեան, Ամերիկա-Թուրքիա-Ազրպէյճան յարաբերութեան եւ այս բոլորին հետ աղերս ունեցող բազմաթիւ հարցեր: Հետեւաբար անհրաժեշտ է, որ յատկապէս Ամերիկայի հայութիւնը աւելիով զօրավիգ կանգնի կեդրոնի գործունէութեան: Շարունակելով իր խօսքը` վեհափառ հայրապետը շեշտեց նոր ռազմավարութեան մշակման անհրաժեշտութիւնը` աշխարհաքաղաքական ներկայ պայմաններուն եւ Արցախի ողբերգութենէն ետք ստեղծուած նոր իրավիճակի լոյսին տակ: Խօսելով Արցախի մասին` Արամ Ա. կաթողիկոսը ըսաւ, որ անհրաժեշտ է միջազգային օրէնքի շրջագիծէն ներս կարեւորութեամբ քննել Արցախին առնչուած երեք հարցեր. Ա) Արցախի հոգեւոր ու մշակութային կոթողներու անվթար պահպանումը, Բ) արցախցիներու վերադարձի իրաւունքի հաստատումը եւ Գ) վտարանդի կառավարութեան նշանակումը: Ապա հայրապետը, բարձրօրէն գնահատելով կեդրոնին կատարած աշխատանքները, վերահաստատեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ամբողջական զօրակցութիւնը Հայ դատի հետապնդման ու պաշտպանութեան լծուած այս կեդրոնին:

Նախորդը

Ակնարկ. Զուգակցել Վերադարձի Եւ Ինքնորոշման Իրաւունքները

Յաջորդը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Հայ-Ուտիական Առնչութիւններ Վարդաշէն` Երբեմնի Շէն Բնակավայր Սիլիկեաններու Տոհմը

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?