Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Եւրոպական Շարք Մը Պետութիւններու Ղեկավարներուն Հետ Հանդիպումներուն Շեշտած Են Արցախահայութեան Իրաւունքներու Լիակատար Պաշտպանութեան Առաջնահերթութիւնը

Նոյեմբեր 14, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ 10-11 նոյեմբերին Սպանիոյ Ընկերվար աշխատաւորներու կուսակցութեան հիւրընկալութեամբ, Մալակային մէջ գումարուած է Եւրոպայի ընկերվարականներու կուսակցութեան (ԵԸԿ) համագումարը: Համագումարը միջկուսակցական այդ մեծ կազմակերպութեան գլխաւոր ժողովն է, որ կը ճշդէ կազմակերպութեան քաղաքական առաջնահերթութիւնները, գործունէութեան ուղենիշները, կ՛ընտրէ նոր ղեկավարութիւն: ՀՅ Դաշնակցութիւնը, իբրեւ դիտորդ անդամ, ԵԸԿ-ին կ՛անդամակցի 2015 թուականէն: ՀՅԴ պատուիրակութիւնը կը ներկայացնէին Ընկերվար միջազգայնականի փոխնախագահ Մարիօ Նալպանտեանը, ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեանը եւ ՀՅԴ Կիպրոսի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Յակոբ Գազանճեանը:

ՀՅ Դաշնակցութեան պատուիրակութիւնը աշխուժօրէն մասնակցած է համագումարի աշխատանքներուն, որոնց շրջանակներուն մէջ շուրջ երկու տասնեակի հասնող հանդիպում-քննարկումներ ունեցած են եւրոպական շարք մը պետութիւններու ղեկավարներու, արտաքին գործոց նախարարներու եւ Եւրոպական խորհրդարանի ընկերվարական երեսփոխաններու հետ:

Հանդիպումներուն ընթացքին ՀՅ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչները, հաշուի առնելով արցախեան հիմնախնդիրի ներկայ փուլին ստեղծուած իրավիճակը, կարեւոր նկատած են արցախահայութեան իրաւունքներու լիակատար պաշտպանութեան, միջազգային գործուն մեքանիզմներու կիրարկումով անոնց վերադարձի իրաւունքի ապահովման, Արցախի մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան, տագնապին համապարփակ եւ արդար լուծման անհրաժեշտութեան, Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն ազրպէյճանական ուժերու դուրս բերման ու ազրպէյճանական հետագայ ռազմական սադրանքներու կանխման, ինչպէս նաեւ իրագործուած ցեղասպան գործողութիւններու, մարդկութեան հանդէպ յանցագործութիւններու ու ցեղային զտման համար Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան նկատմամբ թիրախային պատժամիջոցներու կիրարկման ու զայն միջազգային քրէական պատասխանատուութեան ենթարկելու քաղաքական առաջնահերթութիւնները:

ՀՅ Դաշնակցութիւնը, ինչպէս Հայ դատի յանձնախումբերու ու գրասենեակներու համաշխարհային ցանցին միջոցով, նոյնպէս ալ կուսակցութեան միջազգային յարաբերութիւններու ամբողջ կարողականութեամբ պիտի շարունակէ Հայաստանի ու Արցախի հանրապետութիւններու շահերու պաշտպանութեան աշխատանքները:

Նախորդը

Ալիեւ. «Հայաստան Չէ Կատարած «Զանգեզուրի Միջանցք»-ին Վերաբերեալ Իր Պարտաւորութիւնները»

Յաջորդը

Ակնարկ. Զուգակցել Վերադարձի Եւ Ինքնորոշման Իրաւունքները

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը
Հայկական

Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»
Հայկական

Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?