Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դիմադրութիւնը Թիրախ Կը Դարձնէ Իսրայէլեան Զինուորական Դիրքերն Ու Կեդրոնները

Նոյեմբեր 16, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարաւային Լիբանանի մէջ Իսրայէլի եւ Դիմադրութեան միջեւ բախումները շարունակուեցան իրենց «բնական» կշռոյթով, այլ խօսքով` օր մը առաջ բուռն ու սաստկացած բախումները աւելի նուազ թափով ընթացան:

Մինչ այդ ամբողջ գիշերը իսրայէլեան հրետանին գնդակոծած էր Թէյր Հարֆան, Ալմա Շաապը, Նաքուրան, Տհայրան, Մարքապան, Ժըպպինն ու Եարինը:

Կարգ մը շրջաններու վերեւ իսրայէլեան ուժեր արձակած էին նաեւ լուսաւորող ռումբեր:

Միւս կողմէ, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքայի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Պու Հապիպ Վրոնեցքայէն խնդրեց շնորհակալութիւն յայտնել ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսին «Սի. Էն. Էն.»-ի հետ հարցազրոյցին ընթացքին անոր յայտնած մարդասիրական կեցուածքներուն համար` Կազայի երեխաներուն ու քաղաքայիններուն ի պաշտպանութիւն:

Պու Հապիպ հաստատեց, որ Լիբանանը քանդելու իմաստով շարունակուող իսրայէլեան սպառնալիքները ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի խախտում կը նկատուին: Ան հաստատեց, որ իսրայէլեան ծայրայեղութիւնը աղէտաբեր է` աւելցնելով, որ խաղաղութիւնը կարելի է իրականացնել չափաւորականութեամբ:

Իր կարգին, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը Իսրայէլէն չի վախնար, «իսկ եթէ վերջինս որոշէ պատերազմ սանձազերծել, ապա մեր բոլոր ուժերով պիտի դիմադրենք` զայն տապալելու համար», ըսաւ Քասեմ:

Նշենք, որ նախքան այս կեցուածքները, նախանցեալ գիշեր Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնած էր, որ իսրայէլեան բանակը հրահանգած է պատրաստ ըլլալու` Հըզպալլային դէմ դնելու ամէն տեսակ բեմագրութեան:

Երէկ կէսօրէ ետք ժամը 2:40-ին Դիմադրութեան զինուորական տեղեկատուութիւնը հաղորդեց, որ  թիրախահար հրթիռներով ռմբակոծած է Ռուէյսեթ Ալամի իսրայէլեան զինուորական դիրքը` Քֆարշուպայի բարձունքներուն վրայ:

Կէս ժամ ետք, հաղորդուեցաւ, որ Հըզպալլայի մարտիկները ռմբակոծած են իսրայէլեան Ռամիմ դիրքը եւ հաստատ թիրախներ հարուածած:

Երեկոյեան ժամը 5:00-ին Դիմադրութիւնը թիրախ դարձուց Հատպ Եարունի իսրայէլեան զինուորական կեդրոնը, ինչպէս նաեւ իսրայէլեան Թայհաթ դիրքին վրայ ռմբակոծումի թիրախ դարձուց իսրայէլեան զրահապատ մը:

Երեկոյեան ժամը 5:20-ին, Դիմադրութեան մարտիկները ռմբակոծեցին Պըրքեթ Ռիշա զինուորական կեդրոնին վրայ գտնուող իսրայէլեան հետեւակազօրի մը համախմբումը, իսկ ժամը 5:50-ին թիրախահար հրթիռ մը արձակեցին իսրայէլեան Պրանեթ կեդրոնին ուղղութեամբ հարուածելով յստակ թիրախներ:

Իսրայէլեան ուժեր առաւօտեան ժամը 8:10-ին ռմբակոծեցին Մարքապան, Ռըպ Թլեթինն ու Խիամը:

Կէսօրուան ժամը 12:00-ին իսրայէլեան բանակի հրետակոծումին ենթարկուեցան Թէյր Հարֆան, Այթա Շաապը եւ Արեւմտեան Պեքաան:

Երկու ժամ ետք, իսրայէլեան ուժեր ռմբակոծեցին Լապպունէի եւ Պլաթի լեռնային շրջանները, իսկ ժամը 2:20-ին իսրայէլեան «Թիւ 14» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Զըրհիթի կից շրջանէն հիւսիսային Իսրայէլ մուտք գործած են անօդաչու թռչող սարքեր:

Կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին իսրայէլեան բանակը հրետակոծեց Հուլան, Ռըպ Թլեթինը, Մարքապան, Պըրժ Մուլուքը, Եարունը եւ Նաքուրան:

 

Նախորդը

Պըրրի Իր Այցելուներուն Հետ Քննարկեց Քաղաքական Եւ Սահմանային Իրադարձութիւնները

Յաջորդը

«Վրաստանը «3+3» Ձեւաչափին Չէ Մասնակցած Եւ Ապագային Ալ Պիտի Չմասնակցի» Կ՛ըսէ Վրաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ռիատի Նոր Ուղղութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ռիատի Նոր Ուղղութիւնը

Նոյեմբեր 8, 2025
Սէուտական Բարձրաստիճան  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Հայաստան
Գլխաւոր լուրեր

Սէուտական Բարձրաստիճան Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Հայաստան

Նոյեմբեր 8, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան  Եւ Սրբոց Հռիփսիմեանց Վարժարան
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան Եւ Սրբոց Հռիփսիմեանց Վարժարան

Նոյեմբեր 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?