«Սփիւռքի տարի Բ. – Ինքնաքննութենէ վերակազմակերպում» այս տարուան հայրապետական հռչակագիրին լոյսին տակ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը այս տարուան ընթացքին Յունաստանի, Կիպրոսի, Քուէյթի, Քանատայի ու Լիբանանի թեմեր այցելելէ ետք, նպատակ ունենալով մեր թեմերուն ընդմէջէն սփիւռքի կեանքը վերակազմակերպել, 6 նոյեմբեր 2023-ի երեկոյեան հասաւ Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաք Ուաշինկթըն:
Հոգեւորականաց Համագումար
Չորեքշաբթի, 8 նոյեմբեր 2023-ին Ուաշինկթընի մէջ գումարուեցաւ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ու Արեւմտեան եւ Քանատայի թեմերու հոգեւորականներու համագումարը: Թեմերը, առաջնորդ սրբազաններուն` Անուշաւան արք. Դանիէլեանի (Արեւելեան հայոց թեմ), Բաբգէն արք. Չարեանի (Քանատայի հայոց թեմ) եւ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի (Արեւմտեան հայոց թեմ) եւ հոգեւոր դասուն հետ իրենց մասնակցութիւնը բերին յիշեալ համագումարին:
Համագումարին նպատակն էր հաւաքական քննարկումի ենթարկել ընկերաբարոյական կարգ մը հարցեր, որոնք անմիջականօրէն առնչուած են մեր համայնքներու առօրեայ կեանքին եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր առաքելութեան ու ազգային ծառայութեան:
Վեհափառ հայրապետը յիշեցուց, որ համագումարին նպատակը քննարկուելիք խնդիրներուն լուծում տալ չէ, այլ Աստուածաշունչին, մեր եկեղեցւոյ հայրերուն ուսուցումներուն եւ ներկայ իրականութիւններուն լոյսին տակ, միշտ հովուական տեսանկիւնէ դիտուած, փորձել յստակացումներ կատարել եւ ապա հաւաքական մօտեցումներ ճշդելն է:
Համագումարին առաջին բաժինը բաղկացած էր երկու դասախօսութիւններէ, որոնք տրուեցան բարոյագիտական հարցերու դասախօս ու հեղինակ դոկտ. Վիգէն Կիւրոյեանի եւ դատաւոր Տէյվիտ Էրիքսընի կողմէ: Առաջինը ընկերաբարոյագիտական հայեցակէտով իր վերլուծումը պարզեց կարգ մը խնդիրներու վերաբերեալ, յատկապէս` նկատի ունենալով Միացեալ Նահանգներու պարզած ընկերային միջավայրը: Երկրորդ դասախօսը նոյն հարցերուն մօտեցաւ իրաւական տեսանկիւնէ` իր կարգին ընդգծելով ընկերաբարոյագիտական հարցերուն պարզած բարդ հանգամանքը: Իւրաքանչիւր դասախօսութենէ ետք հոգեւորականները իրենց հարցումները ուղղեցին դասախօսներուն: Ապա վեհափառ հայրապետը իր եզրափակիչ խօսքը արտասանեց: Ակնարկելով եկեղեցիներու ներկայութեան Միացեալ Նահանգներու մէջ` ան ըսաւ, որ քրիստոնէութիւնը կը դիմագրաւէ շարք մը լուրջ մարտահրաւէրներ, որոնց կարգին են` քրիստոնէութեան աշխարհայնացումը, ամերիկայնացումը եւ համաշխարհայնացման մշակոյթին աճող տիրապետութիւնը: Այս երեւոյթներուն բացասական հետեւանքները եկեղեցիներու կեանքին, մտածողութեան ու վկայութեան մէջ հետզհետէ դարձած են տիրական: Արամ Ա. հայրապետը ըսաւ, որ այս առանցքին վրայ պէտք է դիտուին ընկերաբարոյագիտական հարցերը: Ապա ան իր տեսակէտները պարզեց երկու դասախօսներուն ներկայացուցած կարգ մը կէտերու շուրջ:
Երեկոյեան չորս դասախօսութիւններ տրուեցան յաջորդաբար` Գեղարդ ծ. վրդ. Քիւսպէքեանի, Զարեհ վրդ. Սարգիսեանի, Վահան քհնյ. Գույումճեանի եւ Նարեկ քհնյ. Թրթռեանի կողմէ, որոնք լայնօրէն անդրադարձան հետեւեալ հարցերուն. վիժում, արհեստական յղացում, սեռային անբնական հակումներ, հոգեբանական խնդիրներ, դիակիզում ու հեշտամահ:
Համագումարը յաջորդաբար վարեցին Սահակ ծ. վրդ. Եմիշեանը եւ Պօղոս ծ. վրդ. Թինքճեանը:
Իր եզրափակիչ խօսքին մէջ վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ երեք մարզերու.
Ա) Ընկերաբարոյական հարցերը բազմազան են ու այլազան եւ անոնք առաւել կամ նուազ չափով համամարդկային են եւ բնականաբար ունին տարբեր արտայայտութիւններ` տարբեր ընկերութիւններու կեանքէն ներս: Անհրաժեշտ է, որ մեր քննարկումները շարունակուին: Մեր եկեղեցւոյ մօտեցումը պէտք է ըլլայ ո՛չ դաւանական ու տոկմաթիք, այլ` հովուական, եւ անհրաժեշտ է հասկացողութիւն ցուցաբերել յատուկ պարագաներու` միշտ մեկնելով եկեղեցւոյ ուսուցումներէն: Այս ծիրէն ներս հարկ է նկատի ունենալ արհեստագիտական մարզին մէջ տեղի ունեցող զարգացումները եւ անոնց առնչութիւնը` աստուածաբանական սկզբունքներուն ու հոգեւոր արժէքներուն:
Բ) Նորին սրբութիւնը թելադրեց երեք առաջնորդ սրբազաններուն, որ համագումարին քննարկուած նիւթերը ամփոփեն ու անոնցմէ յառաջացած առաջարկները ներկայացնեն իրեն, որպէսզի յառաջիկայ ամիս Անթիլիասի մայրավանքին մէջ կայանալիք Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ժողովին ընթացքին յատուկ քննարկումներու ենթարկուին: Հայրապետը այս ուղղութեամբ նաեւ թելադրեց հոգեւոր հայրերուն` լուսաբանական յօդուածներ գրել եւ անհրաժեշտ տեղեկութիւններն ու ուղղութիւնները փոխանցել մեր ժողովուրդի զաւակներուն` իրենց կեանքին հետ սերտ աղերս ունեցող ընկերաբարոյական հարցերուն մասին:
Գ) Հայոց հայրապետը անդրադարձաւ հոգեւոր հայրերուն առաքելութեան առնչուած շարք մը գործնական հարցերու` շեշտելով ծխային համայնքներու վերաշխուժացման հրամայականը` սփիւռքի վերակազմակերպման աշխատանքներու ծիրէն ներս: Այս առիթով ան իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց առաջնորդ սրբազան հայրերուն եւ բոլոր հոգեւորականներուն` իրենց կատարած նախապատրաստական աշխատանքներուն եւ համագումարին իրենց բերած գործօն մասնակցութեան համար:
Յայտնենք, որ համագումարը սկսաւ առաւօտեան ժամերգութեամբ եւ փակուեցաւ երեկոյեան ժամերգութեամբ:
Արեւելեան, Արեւմտեան Եւ
Քանատայի Թեմերու Հանդիպում
Հինգշաբթի, 9 նոյեմբեր 2023-ի երեկոյեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ, Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան ու Արեւմտեան եւ Քանատայի թեմերու առաջնորդ սրբազաններու` Անուշաւան արք. Դանիէլեանի, Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի եւ Բաբգէն արք. Չարեանի եւ ազգային վարչութեանց դիւաններու հանդիպումը: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի համաատենապետ Ստեփան Տէր Պետրոսեանը:
Հանդիպումին վեհափառ հայրապետը շեշտեց մեր թեմերը վերակենսաւորելու հրամայականը` սփիւռքի վերակազմակերպման աշխատանքներու ծիրէն ներս: Ապա այս ուղղութեամբ ան կատարեց շարք մը մատնանշումներ եւ թելադրեց անհրաժեշտ ծրագրումները կատարել:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան միջթեմական գործակցութեան, կանոնագրութեան, երիտասարդութեան, քրիստոնէական դաստիարակութեան եւ այլ մարզերու առնչուած հարցեր:
Հանդիպում` Երիտասարդութեան Հետ
Շաբաթ, 11 նոյեմբեր 2023-ին Արամ Ա. հայրապետը այցելեց Ուաշինկթընի Ս. Խաչ եկեղեցի, ուր հայրապետական պատգամ ուղղեց ներկաներուն եւ ապա հանդիպում մը ունեցաւ երիտասարդութեան հետ: Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան հայոց թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեան բարի գալուստի խօսքին մէջ ողջունեց կաթողիկոսին ներկայութիւնը` զայն նկատելով օրհնաբեր եւ հոգեւոր վերանորոգման առիթ:
Հայրապետական պատգամին մէջ կաթողիկոսը շեշտեց եկեղեցին Աստուծոյ տունը ըլլալու իրողութիւնը եւ թելադրեց հաւատացեալներուն, որ այս ըմբռնումով մօտենան եկեղեցւոյ: Ան ըսաւ, որ եկեղեցին վայր մը չէ, ուր կ՛երթանք պարզապէս ներկայ գտնուելու ծիսական արարողութեան մը, այլ Աստուծոյ տունն է, որուն անդամներն ենք մենք: Հետեւաբար մենք ո՛չ միայն գործնապէս մասնակից պէտք է դառնանք եկեղեցւոյ կեանքին, այլ նաեւ մեր գիտակից ու հետեւողական մասնակցութեամբ պէտք է եկեղեցի՛ դառնանք:
Եկեղեցական արարողութենէն ետք տեղի ունեցաւ աջահամբոյր, որուն հետեւեցաւ երիտասարդներու հետ հանդիպում` եկեղեցւոյ սրահին մէջ:
Երիտասարդներուն հետ զրոյցը վարեց Ուաշինկթընի Հայ դատի գրասենեակի տնօրէն Արամ Համբարեանը: Ան հայրապետը ներկայացուց անոր ունեցած բազմակողմ փորձառութեանց առընթեր, նաեւ` իբրեւ հոգեւոր պետ մը, որ միշտ քաջալերած է ու կը քաջալերէ երիտասարդներու մասնակցութիւնը հայ կեանքին մէջ:
Ապա վեհափառ հայրապետը իր խօսքին մէջ յատկապէս ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է երիտասարդութեան հե՛տ խօսիլ եւ ո՛չ թէ` միայն թելադրել կամ հրահանգել, ու զրոյցը շարունակեց` պատասխանելով երիտասարդներուն հարցումներուն, որոնք առաւելաբար առնչուած էին սփիւռքի վերակազմակերպման, Հայ եկեղեցւոյ վերանորոգման ու առաքելութեան եւ մեր ինքնութեան պահպանման` սփիւռքեան դժուարին պայմաններուն մէջ:
Հանդիպման աւարտին վեհափառ հայրապետը իր գնահատական ու քաջալերական խօսքին մէջ հայրական կոչ ուղղեց երիտասարդներուն` դառնալու աշխուժ ու գործօն ներկայութիւն հայ կեանքէն ներս` թէ՛ եկեղեցւոյ եւ թէ՛ մեր միութիւններուն ճամբով: