Գլխաւոր լուրեր

Հարաւային Լիբանանի Սահմանագիծին Վրայ Փոխադարձ Ռմբակոծումները Կը Շարունակուին

Հարաւային Լիբանանի Սահմանագիծին Վրայ Փոխադարձ Ռմբակոծումները Կը Շարունակուին

Երէկ առաւօտեան ժամը 8:00-ին, իսրայէլեան ուժեր հրետակոծեցին Տհայրայի եւ Թայրհարֆայի միջեւ գտնուող հովիտը, ինչպէս նաեւ Նաքուրայի եւ Ալմա Շաապի շրջանները: Ռմբակոծումներուն ընթացքին իսրայէլեան օդուժը թռիչքներ գործեց հարաւային Լիբանանի վերեւ: Մէկուկէս ժամ ետք, իսրայէլեան հրետանին ռմբակոծեց Ռամիա, Այթա Շաապ եւ Քաուզահ գիւղաքաղաքի բացատներն ու Հըզպալլայի յատուկ զինուորական ենթակառոյցներ, միաժամանակ հետախուզական օդանաւերով թռիչքներ գործելով Քֆարշուպայի բարձունքներուն եւ Մազարեհ Շեպաայի վերեւ: Շուրջ կէս...

Պլինքըն. «Իսրայէլի Անվտանգութեան Միակ Ուղին Պաղեստինեան Պետութիւնն Է»

Պլինքըն. «Իսրայէլի Անվտանգութեան Միակ Ուղին Պաղեստինեան Պետութիւնն Է»

Երէկ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն 7 հոկտեմբերին պաղեստինեան Համաս շարժումին կողմէ «Աքսայի ջրհեղեղ» գործողութեան շղթայազերծումէն ի վեր երրորդ անգամն ըլլալով այցելեց Իսրայէլ, ուր հանդիպում ունեցաւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի, Իսրայէլի նախագահ Եիցհաք Հերցոկի եւ իսրայէլեան սեղմ նախարարաց խորհուրդին հետ: Նեթանիահուի գրասենեակէն աղբիւրներ յայտնեցին. «Կազա վառելանիւթ մտցնելու արգելքի կեցուածքին մէջ փոփոխութիւն չկայ, եւ հարցը հանդիպումի ընթացքին չարծարծուեցաւ»: Պլինքըն...

Մոսկուան Կը Պնդէ Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի  Եւ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարներու  Հանդիպում Կազմակերպելու Առաջարկը

Մոսկուան Կը Պնդէ Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հանդիպում Կազմակերպելու Առաջարկը

Ռուսիան պատրաստ է մօտակայ ժամանակներուն մէջ Մոսկուայի մէջ կազմակերպելու Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմ հանդիպում, երէկուան ասուլիսին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա: Ան պնդած է, որ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման ճանապարհային քարտէսը կը մնան 2020-2022 թուականներուն ստորագրուած եռակողմ յայտարարութիւնները, որոնք կը ներառեն կողմերուն միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութիւն, տնտեսական, փոխադրական կապերու ապաշրջափակում...

Պայտընի Միջազգային Օժանդակութիւններու Ծրագրին Մէջ Նկատի Կ՛առնուի Նաեւ Հայաստանը

Պայտընի Միջազգային Օժանդակութիւններու Ծրագրին Մէջ Նկատի Կ՛առնուի Նաեւ Հայաստանը

Միջազգային օժանդակութիւններու համար Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմին պատրաստած ծրարին մէջ նկատի առնուած է նաեւ Հայաստան հասած շուրջ 120.000 արցախցի բռնի տեղահանուածներուն օժանդակելու հրամայականը, կը տեղեկացնէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը: Արդարեւ, այս ծրարին մասին Ծերակոյտի Յատկացումներու յանձնախումբին առջեւ վկայութեան մը ընթացքին, արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Երեքշաբթի օր յայտարարեց հետեւեալը. «Ծրարը կարելիութիւն պիտի ընծայէ յաղթահարելու բռնապետներու եւ ահաբեկիչներու կողմէ,...

Պերպոքի Այցելութեան Ընդառաջ Պերլին Երեւանին Ու Պաքուին Կոչ Կ՛ուղղէ` Վերսկսելու Եւրոպական Միութեան Միջնորդութեամբ Բանակցութիւններուն

Պերպոքի Այցելութեան Ընդառաջ Պերլին Երեւանին Ու Պաքուին Կոչ Կ՛ուղղէ` Վերսկսելու Եւրոպական Միութեան Միջնորդութեամբ Բանակցութիւններուն

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Աննալենա Պերպոք 3-4 նոյեմբերին պիտի այցելէ Երեւան եւ Պաքու: Ասիկա Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարի առաջին այցելութիւնն է Հայաստան ու Ազրպէյճան, իսկ երկրորդը` շրջան. ան այս տարուան գարնան այցելած էր Վրաստան: Ազրպէյճանի մէջ Գերմանիոյ դեսպանատունը «Թուրան» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Պերլին կը ձգտի շրջանի կայուն խաղաղութեան, քաղաքական եւ տնտեսական բազմազանացման եւ Եւրոպական Միութեան հետ սերտ յարաբերութիւններու:...

Բախումներու Սաստկացման Զուգահեռ.  Սերտ Ճիգեր` Շրջանային Ընդհանուր Պատերազմի  Մղձաւանջը Վանելու Առնչութեամբ

Բախումներու Սաստկացման Զուգահեռ. Սերտ Ճիգեր` Շրջանային Ընդհանուր Պատերազմի Մղձաւանջը Վանելու Առնչութեամբ

Լիբանանի հարաւային շրջանները, յատկապէս սահմանամերձ աւանները երէկ գլխաւոր թիրախ դարձան Իսրայէլի կողմէ սանձազերծուած յարձակումներուն, որոնց  նորագոյն զոհերը եղան հարաւի «Կապոյտ գիծ»-ի մերձակայ Ուազզանի շրջանի երկու հովիւներ: Բախումներու սաստկացման տարողութիւնը ապահովական պատգամ մըն է, զոր Իսրայէլ կ՛արձակէ միաժամանակ լիբանանցիներուն եւ պաղեստինցիներուն ուղղութեամբ, յատկապէս որ պաղեստինեան «Քասսամի ջոկատներ» զինեալ խմբաւորումը ստանձնեց հարաւային Լիբանանէն դէպի Իսրայէլ արձակուած հարուածներու պատասխանատուութիւնը: Նմանապէս, անիկա պատասխան «պատգամ»...

Պլինքըն Այսօր Մէկ Ամսուան Մէջ  Երկրորդ Անգամ Ըլլալով Կ՛այցելէ Իսրայէլ

Պլինքըն Այսօր Մէկ Ամսուան Մէջ Երկրորդ Անգամ Ըլլալով Կ՛այցելէ Իսրայէլ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն այսօր մէկ ամսուան ընթացքին երկրորդ անգամ ըլլալով կ՛այցելէ Իսրայէլ: Պլինքըն արդէն նախապէս 12 հոկտեմբերին այցելած էր Իսրայէլ, ապա Սէուտական Արաբիա, Յորդանան, Քաթար, Պահրէյն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եւ Եգիպտոս, իսկ 18 հոկտեմբերին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն այցելած էր Իսրայէլ: Օրին Յորդանանի մէջ վերջինիս Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահին, Յորդանանի թագաւորին եւ Եգիպտոսի նախագահին հետ քառակողմ...

Ծերակոյտի Լսումներու Ընթացքին Պլինքըն  Հայաստանը Յիշատակած Է  Իբրեւ Օգնութիւն Ստացող Երկիր

Ծերակոյտի Լսումներու Ընթացքին Պլինքըն Հայաստանը Յիշատակած Է Իբրեւ Օգնութիւն Ստացող Երկիր

31 հոկտեմբերին Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի յատկացումներու հարցերով յանձնախումբի լսումներուն, որոնք նուիրուած էին ազգային անվտանգութեան ոլորտին յաւելեալ 106 միլիառ տոլար տրամադրելու Պայտընի վարչակազմի խնդրանքին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն օգնութիւն ստացող երկիրներու շարքին յիշատակած է Հայաստանը: «Ամերիկայի ձայն»-ին համաձայն, արտաքին գործոց նախարարը իր խօսքին մէջ ըսած է. «Այս յատկացումը մեզի պիտի արտօնէ հասցէագրել մարդասիրական ծանր կարիքները, որոնք ի յայտ...

«Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Ցեղային Զտումը  Ամերիկեան Լրատուամիջոցներու Կողմէ  Արժանացած Է «Քար Լռութեան»  Կ՛ըսէ Միացեալ Նահանգներու Նախագահի Թեկնածուն

«Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Ցեղային Զտումը Ամերիկեան Լրատուամիջոցներու Կողմէ Արժանացած Է «Քար Լռութեան» Կ՛ըսէ Միացեալ Նահանգներու Նախագահի Թեկնածուն

Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցելու համար իր թեկնածութիւնը առաջադրած ձեռնարկատէր Վիւեք Ռամասվամին իր վրդովումը յայտնած է, որ ամերիկեան լրատուամիջոցները ընտրողաբար կը լուսաբանեն աշխարհի տարբեր ծայրերուն մէջ ընթացող պատերազմները եւ չեն անդրադարձած Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի մէջ գործուած ցեղային զտման: Այս մասին կը տեղեկացնէ Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակը, որ «Էքս»-ի իր էջին վրայ տեղադրած է Վիւեք Ռամասվամիի հարցազրոյցի տեսանիւթը: «Ձեր հաղորդման ընթացքին...

«Ֆրանսան Հայ Ժողովուրդի Կողքին Էր  Թէ՛ Լեռնային Ղարաբաղի Շրջափակման  9 Ամիսներուն, Թէ՛ Ալ Ատկէ Ետք»  Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Դեսպանը

«Ֆրանսան Հայ Ժողովուրդի Կողքին Էր Թէ՛ Լեռնային Ղարաբաղի Շրջափակման 9 Ամիսներուն, Թէ՛ Ալ Ատկէ Ետք» Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Դեսպանը

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հանրային հարցերու մնայուն յանձնախումբի նախագահի տեղակալ Ռուսթամ Պաքոյեանը, պատգամաւորներ Արթուր Յովհաննիսեանն ու Լիլիթ Ստեփանեանը 31 հոկտեմբերին հանդիպում ունեցած են Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ֆրանսայի նոր նշանակուած արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյիի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի անվտանգային մարտահրաւէրներուն, Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի մէջ գործուած...

Հարաւային Լիբանանի Սահմանագիծը`  Համեմատաբար Հանգիստ Վիճակի Մէջ

Հարաւային Լիբանանի Սահմանագիծը` Համեմատաբար Հանգիստ Վիճակի Մէջ

Սահմանային Կապոյտ գիծին սահմանամերձ գիւղաքաղաքներուն մէջ` Նաքուրայէն մինչեւ Ռամիա գիւղաքաղաք, Իսրայէլի կողմէ նախանցեալ գիշերուան բուռն ռմբակոծումներէն ետք, երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերէն մինչեւ կէսօրէ ետք զգուշաւոր լռութիւն տիրեց: Ուշ գիշերին իսրայէլեան օդուժը ռմբակոծած էր Եաթեր գիւղաքաղաքի շրջակայքը, ուր արձանագրուած էին վիրաւորներ` քաղաքայիններու շարքերուն մէջ: Վիրաւորները փոխադրուած էին Թըպնինի կառավարական հիւանդանոցը, մինչ իսրայէլեան ուժեր կը շարունակէին լուսաւորող ռումբերու արձակումը: Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ,...

Կազայի Ապագային Վերաբերեալ  Բազմաթիւ Տարբերակներու Քննարկում

Կազայի Ապագային Վերաբերեալ Բազմաթիւ Տարբերակներու Քննարկում

Մինչ երէկ Կազայի մէջ պաղեստինեան դիմադրութեան եւ ներխուժող իսրայէլեան ուժերուն միջեւ կատաղի կռիւները շարունակուեցան, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգները եւ այլ երկիրներ կը քննեն Համասէն ետք «Կազայի ապագայի բազմաթիւ տարբերակներ»: Անոր համաձայն, Համասի սթաթիւս քոն շարունակել կարելի չէ, սակայն Իսրայէլն ալ «չ՛ուզեր կառավարել Կազան»: Այդ երկու դիրքորոշումներուն միջեւ...

Սամուէլ Շահրամանեան Ընդունած Է  Եւրոպական Խորհրդարանի Երեսփոխանները

Սամուէլ Շահրամանեան Ընդունած Է Եւրոպական Խորհրդարանի Երեսփոխանները

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան ընդունած է 29-30 հոկտեմբերին Եւրոպական խորհրդարանի ֆրանսացի երեսփոխան Նիքոլաս Պեյի, իտալացի երեսփոխան Վինչենցօ Սոֆոյի եւ Եւրոպական խորհրդարանի յառաջիկայ ընտրութիւններուն ֆրանսական «Ռեքոնքուեթ» կուսակցութեան ցանկը գլխաւորող Մարիոն Մարեշալի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Հանդիպման մասին իր դիմատետրեան էջին մէջ գրառում կատարած է ֆրանսացի երեսփոխան Մարիոն Մարեշալը` կարեւոր նկատելով Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանի հետ հանդիպումը: Երեսփոխանը շեշտած է, որ Թուրքիոյ կողմէ...

Նակիեւ. «Ազրպէյճանի Կառավարութիւնը  Լիովին Կ՛երաշխաւորէ Հայ Բնակչութեան  Ղարաբաղի Մէջ Անվտանգ Կեանքը»

Նակիեւ. «Ազրպէյճանի Կառավարութիւնը Լիովին Կ՛երաշխաւորէ Հայ Բնակչութեան Ղարաբաղի Մէջ Անվտանգ Կեանքը»

Ազրպէյճանի կառավարութիւնը լիովին կ՛երաշխաւորէ հայ բնակչութեան Ղարաբաղի շրջանին մէջ անվտանգ ապրելակերպը: Այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի պետական անվտանգութեան ծառայութեան ղեկավար Ալի Նակիեւը` Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մարիա Փէյչինովիչ Պուրիչի հետ հանդիպումի ընթացքին: Հանդիպումի ընթացքին ազրպէյճանցի պաշտօնատարը ներկայացուցած է անվտանգութեան տեսանկիւնէն շրջանին մէջ տիրող կացութիւնը: «Ազրպէյճանը միշտ շահագրգռուած եղած է կայուն խաղաղութեան հաստատումով, եւ կառավարութիւնը լիովին կ՛երաշխաւորէ հայ բնակչութեան անվտանգ կեանքը...

Սէյիտ Նասրալլայի Վճռական Ճառը  Կը Սպասեն Շատեր.    Իսրայէլ Կը Շարունակէ Ֆոսֆորային  Ռումբերով Հրկիզել Հարաւային Լիբանանը

Սէյիտ Նասրալլայի Վճռական Ճառը Կը Սպասեն Շատեր. Իսրայէլ Կը Շարունակէ Ֆոսֆորային Ռումբերով Հրկիզել Հարաւային Լիբանանը

Մինչ աշխարհը կը սպասէ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի ճառին` իր հայեացքը ուղղելով ուրբաթ օրուան յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին, «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթը երէկ կէսօրէ ետք հաղորդեց, որ Իսրայէլ սկսած է դէպի Կազա ցամաքային ներխուժման: Սէյիտ Նասրալլայի արտասանելիք ճառին վճռական ըլլալու հաւանականութեան մասին ակնկալութիւններու համեմատութիւնը հետզհետէ աւելի կը բարձրանայ, իսկ այսօր Լիբանան կը հասնի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր...

Կազայի Մէջ Իսրայէլեան Ցամաքային Ուժերուն  Եւ Պաղեսինցի Զինեալներուն Միջեւ Կատաղի Կռիւներ

Կազայի Մէջ Իսրայէլեան Ցամաքային Ուժերուն Եւ Պաղեսինցի Զինեալներուն Միջեւ Կատաղի Կռիւներ

Մինչ «Նիւ Եորք Թայմզ» յայտարարեց, որ «Իսրայէլ սկսած է Կազայի մէջ ցամաքային ներխուժման», Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երէկ յայտարարեց, որ Իսրայէլ մուտք գործած է Կազայի մէջ Համասի դէմ պատերազմի երրորդ փուլ, որ կ՛ենթադրէ զինուորական գործողութեան ընդլայնում: «Մենք պատերազմի մէջ ենք: Մենք մեր առջեւ յստակ նպատակ դրած ենք` ոչնչացնել Համասի զինուորական եւ վարչական ներուժը: Մենք ատիկա կ՛ընենք համակարգուած: Նախնական արգելափակման փուլը...

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Նախագահութեամբ Կայացաւ Մասնագիտական Հարթակի Երրորդ Նիստը

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Նախագահութեամբ Կայացաւ Մասնագիտական Հարթակի Երրորդ Նիստը

Երկուշաբթի, 30 հոկտեմբեր 2023-ի երեկոյեան Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին նախաձեռնած մասնագիտական քննարկումներու երրորդ առցանց նիստը կայացաւ: Հայաստանէն, Արցախէն եւ սփիւռքէն պատմագէտներու, իրաւագէտներու եւ քաղաքագէտներու խումբը երրորդ նիստով քննարկեց Արցախի հարցի ուղղութեամբ աշխարհաքաղաքական շատ արագ ընթացող իրադարձութիւններու հաւանական հետեւանքները: Առնչուած թեմաներ էին` Արցախի նախագահին կատարած վերջին յայտարարութիւնները, Զանգեզուրի միջանցքի ծրագիրին մասին յայտարարութիւններով ակնարկուող փոփոխութիւնները, Հայաստան-Ազրպէյճան խաղաղութեան պայմանագիրին վերաբերեալ համաձայնուած սկզբունքները, գաղափարախօսութեան...

Այցելութիւն Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

Արամ Ա. Կաթողիկոսը Ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը

Երէկ` երկուշաբթի, 30 հոկտեմբեր 2023-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը` ընկերակցութեամբ Բիւրոյի անդամ դոկտ. Մկրտիչ Մկրտիչեանի: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի ներքին կացութեան, Արցախի տագնապին հետեւանքներուն եւ սփիւռքին առնչուած շարք մը խնդիրներ:

Ռուսիան Դադրեցուցած Է Եւրոպական Խորհուրդին Հետ Համաձայնագիրներուն Իր Մասնակցութիւնը

Եւրոպական Խորհուրդը Պիտի Պատրաստէ Արցախէն Բռնի Տեղահանուած Անձերու Աջակցութեան Միջոցառումներու Փաթեթ

Եւրոպական խորհուրդը 11-13 հոկտեմբեր 2023 Գաղթականութեան եւ փախստականներու հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Լէյլա Քայաճիքի այցելութենէն ետք կը նախապատրաստէ դէպի Հայաստան գաղթականներու ներհոսքին արձագանգելու միջոցառումներու համալիր փաթեթ: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` տեղեկութիւնը հրապարակուած է Եւրոպական խորհուրդի պաշտօնական կայքին մէջ: Փաթեթը նպատակ ունի աջակցութիւն ցուցաբերել Հայաստանին վերջին շաբաթներուն ընթացքին Արցախէն տեղահանուած 100 հազար հայ, որոնց շարքին 30 հազար երեխայ հիւրընկալելու հետ կապուած խնդիրներու լուծման համար:...

Հարաւային Սահմանագիծին Վրայ  Փոխադարձ Բախումներուն Ծիրին Մէջ.   Իսրայէլ Առաջին Անգամ Ըլլալով  Ռմբակոծումներուն Օղակը Լայնցուցած Է

Հարաւային Սահմանագիծին Վրայ Փոխադարձ Բախումներուն Ծիրին Մէջ. Իսրայէլ Առաջին Անգամ Ըլլալով Ռմբակոծումներուն Օղակը Լայնցուցած Է

Կազայի մէջ ընթացող պատերազմին զուգահեռ, հարաւային Լիբանանի սահմանագիծը կը մնայ հրդեհուելու իր վիճակին մէջ: Իսրայէլեան հրետանին եւ անօդաչու թռչող սարքերը շարունակեցին ռմբակոծել հարաւային Լիբանանի սահմանակից շրջանները: Անոնք առաջին անգամ ըլլալով ռմբակոծումներուն օղակը լայնցուցին եւ ուղղակի թիրախ դարձուցին հարաւային Լիբանանի զանազան գիւղաքաղաքները: Միւս կողմէ, իսրայէլեան լրատուամիջոցներ երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն հաղորդած էին, որ հսկայ պայթում մը ցնցած է Հայֆա շրջանը` հաւանական...

Page 204 of 796 1 … 203 204 205 … 796

Արխիւներ