Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Տարեփակի Խոհեր (Ա.) Ազգային Կողմնացոյցի Անհրաժեշտութիւնը

December 28, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տարեփակի աւանդութիւնը պէտք է շարունակուի: «Ազդակ» խմբագրաշարքով կը ներկայանայ իր ընթերցողներուն` լոյսին բերելու համար փակուող տարուան հիմնական աշխատանքային ուղղութիւնները: Անշուշտ նաեւ այն, որ տարբեր հանգամանքներով պայմանաւորուած չյաջողեցանք իրականացնել: Եւ` այն, որ կը ծրագրենք իրականացնել յառաջիկային, եթէ անշուշտ յատկապէս երկրին մէջ ռազմաքաղաքական վիճակը եւ անոր կապուած տնտեսական  պայմանները թոյլատրեն:

Տարին շատ ծանր էր նախ համահայկական տարողութեամբ: Կորսնցուցինք մեր երկրորդ հանրապետութիւնը: Պէտք է խոստովանիլ, որ նման ահաւորութիւն պարունակող լուրերու թողարկումն ու անոնց մասին վերլուծականներու արտադրութիւնը շատ բարդ գործ է: Գերհաւասարակշիռ մօտեցում պէտք էր գերադասել եւ փորձել հակախուճապայնութիւն կիրարկել:

Նախ արագ լրահոսի պարագային ծանր լուրերը մէկ նախադասութեամբ հաղորդելը, բայց մինչ այդ համակողմանիօրէն ստուգելը որոշուած աշխատելաձեւ էր: Երբեմն առարկութիւններ ստացանք, որ կ՛ուշանայինք արագ լրահոսի պարագային: Խմբագրակազմը աշխատեցաւ դառն իրականութեան հաղորդած յուսաբեկութեան մթնոլորտին մէջ: Նախ պէտք էր արագ լուրը տալ. ազրպէյճանական յարձակումները, գրաւուած շրջանները, դիմադրութիւնը, ապա Ստեփանակերտէն հնչած հրադադարը ընդունելու ծանրագոյն պայմաններու ընդունումը: Արձանագրուած զոհերու թիւերը, գերիները եւ վերջապէս տխուր հրամանագիրը, որ կ՛ազդարարէր Արցախի Հանրապետութեան լուծարումը:

Այս բոլորին նախերգանքը տեղի ունեցած էր 44-օրեայ պատերազմի վերջին շրջանին: Հիմա արդէն վարագոյրի փակումի նման իրադրութիւն էր, որուն կը հետեւէր  ամբողջ Արցախի հայաթափումը:   Հիասթափութեան պայմաններու մէջ «Ազդակ» փորձեց թէ՛ արագ լրահոսով, թէ՛ առարկայական տեղեկատուութեամբ եւ թէ՛ այդ բոլորի վերլուծականներով իրականացնել հրապարակագրական թիավարում:

Ընթերցողը ի՛նք պէտք է տայ գնահատականը, թէ որքանո՞վ  յաջողեցանք նման խմբագրական նաւարկում կատարել հայկական ալեկոծ ծովուն վրայ: Նաւահանգիստը դեռ հեռու է, եւ համազգային դիտակէտերէ տակաւին չեն երեւիր խարիսխները:

Դժուարագոյն պայմանները չեն արդարացներ անշուշտ այն, ինչ որ չյաջողեցանք իրականացնել թերթի էջերուն կամ ելեկտրոնային ու թուանշային տարածքներու վրայ: Յամենայն դէպս հսկայական փորձառութիւն էր տեղեկատուական լախտային հարուածներու տակ կազմակերպել լրատուութիւն եւ մեկնաբանական հրապարակագրութիւն: Դառն փորձառութիւն էր, այդուհանդերձ պրկեց մեր խմբագրական մկանները առնուազն փորձելու լուսաւոր ելքերու մասին ընդգծումներ կատարելու: Ի վերջոյ ողբագրութեամբ զբաղելու իրաւունքը չունէինք, եւ քննադատութիւններու տարափին տակ պէտք էր յոյս յայտնել` տեսնելու համար ծիածանի գոյները:

Այստեղ եւս կար հաւասարակշիռ մօտեցումը որդեգրելու անհրաժեշտութիւնը: Ելքեր ցոյց տալու կամ «ամէն ինչ կորսուած չէ»-ի տեսութիւնը զարգացնելու համար պէտք չէր թափանցել երազային դաշտ: Առարկայականութիւնն ու իրատեսութիւնը միշտ եղած են անշրջանցելի սկզբունքներ, մանաւանդ տեղեկատուական ոլորտին պարագային հաւաստիութիւնը պահելու առումով: Գերքաղաքականացուած մթնոլորտի մէջ ո՛չ «ամէն ինչ փայլուն է» գաղափարը, ո՛չ ալ հայրենիքի ու պետութեան վերջնական կորուստի մասին ողբերգութիւնը, որոնցմով յագեցած էր հայկական լրատուադաշտը, կրնային նպաստ բերել հակաճգնաժամային մղումներով քաղաքական մտածողութեան զարգացման եւ մանաւանդ ուղի ցոյց տալու համար կողմնացոյցի սարքումին: Այո. յարացուցային փոփոխութիւն կատարող կողմնացոյցի սարքումին եւ ոչ թէ գոյութիւն ունեցող գործիքի որդեգրման:

Նոր կողմնացոյց սարքելը կը թուի, որ հրամայական դարձած է: Կողմնացոյց մը, որ հիւսիսը կողմնորոշելէ աւելի պիտի կողմնորոշէ բոլորս դէպի ազգայինը, դէպի պետականութիւնը, դէպի համախմբումն ու հայութեան բոլոր իրաւունքներու վերականգնումը:

Այդ կողմնացոյցի սարքումին մէջ տեղեկատուական ոլորտը, դասական իմաստով մամուլը իր դերին մէջ չէ այսօր: Կը գիտակցինք, որ մամուլի ուժերէն վեր է նման առաջադրանք մը, այն ալ այս ծանրագոյն պայմաններուն մէջ: Բայց համոզուած ենք, որ մամուլը իր արդի հասկացողութեամբ դեր պէտք է վերցնէ այդ ուղղութեամբ: Բնականաբար նաեւ «Ազդակ»-ը չէ կրցած այդ կողմնացոյցի սարքումին անյետաձգելի հրամայականը հանրայնացնելու աշխատանքին իր ներդրումը ունենալ: Գուցէ փորձը կատարած է. սակայն անբաւարար, որովհետեւ փաստօրէն չէ սարքուած այդ կողմնացոյցը:

Պիտի շարունակուին այդ փորձերը: Փորձերը կը հետեւին միտքերուն: Միտքերու արտադրամաս է մամուլը: Այդ շարքին` «Ազդակ»-ը:

 

 

Նախորդը

Անթիլիասի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Հոգելոյս Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի Թաղման Կարգը

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (28 Դեկտեմբեր 2023)

RelatedPosts

Գաղութային

January 6, 2026
Մարդկային Միտքի Վերանորոգման Տարի
Գլխաւոր լուրեր

Բեթղեհէմի Պատգամը` «Եղէք Նոր Մարդ»

January 6, 2026
«Տէ՜ր Իմ Եւ Աստուա՜ծ Իմ»
Գաղութային

Կարիքը Ունինք Երկնային Աջակցութեան, Որպէսզի Աստուծմով Փարատի Մեր Ազգին Կեանքը Պղտորող Խաւարը

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.