Լիբանանի Հարաւային սահմանագիծը կը մնայ վտանգաւոր կացութեան մէջ` ապակայունութեան մթնոլորտ սփռելով ամէնուրեք:
Իսրայէլի եւ Դիմադրութեան միջեւ ռմբակոծումները կը շարունակուին:
Իսրայէլեան բանակը ռմբակոծումի թիրախ դարձուց Մարժ, Հումին Թահթա, Իքլիմ Թուֆֆահ, Նաքուրա, Այն Զարքա, Մերժահիուն եւ Խարտալի շրջանները:
Իսրայէլեան օդանաւեր թռիչքներ գործեցին Պէյրութի, Լեռնալիբանանի, Քեսրուանի եւ Արեւմտեան Պեքաայի վերեւ:
Իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը Այթարունի մէջ ռմբակոծեց ինքնաշարժ մը` պատճառելով երկու վիրաւոր:
28 դեկտեմբերի երեկոյեան Դիմադրութիւնը ռմբակոծեց իսրայէլեան Ռամիմ դիրքը` պատճառելով մարդկային եւ նիւթական վնասներ:
Հըզպալլայի մարտիկները ռմբակոծեցին նաեւ իսրայէլեան Խըրպեթ Մայեր դիրքը, ինչպէս նաեւ իսրայէլեան Միթաթ դիրքին մէջ համախմբուած իսրայէլացի զինուորներու համախմբում մը:
Դիմադրութիւնը հարուածեց իսրայէլեան Ռամոթ Նաֆթալի դիրքը, ինչպէս նաեւ Քըրիաթ Շմոնա բնակեցման վայրը:
Դիմադրութիւնը երէկ առաւօտեան ժամը 10:35-ին համապատասխան հրթիռներով թիրախ դարձուց Գալիլիոյ Տովիւ բնակեցման վայրը` պատճառելով մարդկային վնասներ:
Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ հակահրասայլային հրթիռներով թիրախ դարձուցած է զինուորներու համախմբում մը` իսրայէլեան Հատպ Եարուն դիրքին մէջ, պատճառելով վիրաւորներ:
Կէսօրէ ետք ժամը 1:10-ին Դիմադրութեան մարտիկները համապատասխան հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Մարժ դիրքը` հարուածելով ուղղակի թիրախներ: