Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց, որ Իսրայէլ կ՛աշխատի բոլոր պատանդները վերադարձնելու ուղղութեամբ` աւելցնելով, որ Քաթարն ու Եգիպտոսը երկու առանձին առաջարկներ ներկայացուցած են խնդիրը յառաջ մղելու համար:
«Այժմ մենք բանակցութիւններ կը վարենք», գերիներու ընտանիքներու ներկայացուցիչներուն ըսաւ ան` աւելցնելով. «Ես չեմ կրնար մանրամասնել (բանակցութիւններու) կարգավիճակը, սակայն մենք կ՛աշխատինք բոլորը տուն բերելու ուղղութեամբ: Այս է մեր նպատակը»:
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին եւ անոր իսրայէլացի պաշտօնակից Եոաւ Կալանթ քննարկած են շրջանային անվտանգութեան դէմ մարտահրաւէրները, ներառեալ հարաւային Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի գործունէութիւնը»:
Օսթին հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտնած է, որ իր երկիրը վճռական է երաշխաւորելու, որ Համաս անկարող պիտի ըլլայ Իսրայէլի անվտանգութեան սպառնալու:
«Լոյտ Օսթին իր իսրայէլացի պաշտօնակիցին հետ հեռաձայնով քննարկեց զինուորական մեծ գործողութիւններուն յաջորդելիք փուլի պատրաստութիւնը», նշեց նախարարութիւնը:
Համասի զինեալ թեւի` Քասսամի փաղանգներու բանբեր Ապու Օպէյտա շեշտեց. «(Գերիներու) փոխանակման գործարքներ չենք կրնար ընդունիլ նախքան մեր ժողովուրդին վրայ յարձակումին ամբողջական դադրեցումը»:
«Մեր առաջնահերթութիւնը մեր ժողովուրդին վրայ յարձակումին դադրեցումն ու անոր դէմ շղթայազերծուած բնաջնջման պատերազմին վերջ տալն է», նշեց ան:
«Աքսայի ջրհեղեղ»-ը բռնագրաւման գոյացութիւնը դրաւ ոչնչացման ճամբուն վրայ: 7 հոկտեմբերին սիոնականներուն հասցուցինք դարու հարուածը», յայտնեց Ապու Օպէյտա:


