Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լաւրով. «Երեւանը Կը Փորձէ Վերաձեւակերպել Իր Արտաքին Քաղաքական Գիծը»

December 29, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ցաւօք, Երեւանը, ենթարկուելով արեւմտականներու համոզման, կը փորձէ վերաձեւակերպել իր արտաքին քաղաքական գիծը, եւ Մոսկուայի հետ ժամանակի ընթացքին փորձուած դաշինքը կը փոխարինէ ոչ թէ Արեւմուտքի շօշափելի օգնութեան, այլ միայն մշուշոտ խոստումներու հետ: Այս մասին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:

«Ռազմավարական շրջադարձի ընթացքը արդարացնելու համար անոնք կը փորձեն Ռուսիան մեղադրել հանրապետութեան բոլոր դժբախտութիւններուն, որոնց շարքին` Ղարաբաղի կորուստին համար: Մենք բազմիցս հրապարակաւ խօսած ենք ռուսական մտահոգութիւններուն մասին, հիմա իմաստ չունի կրկին թուարկել Հայաստանի իշխանութիւններուն անբարեացակամ քայլերը», ըսած է Լաւրով:

Ան ընդգծած է, որ Հայաստանը Ռուսիոյ համար եղած է եւ կը մնայ Հարաւային Կովկասի մէջ ռազմավարական դաշնակից:

«Համոզուած ենք, որ բոլոր դժուարութիւնները ժամանակաւոր են եւ կը յաղթահարուին, եթէ ըլլայ քաղաքական կամք: Ռուս-հայկական կապերու կայուն եւ համակարգուած զարգացումն է, որ կը համապատասխանէ մեր երկու պետութիւններու ժողովուրդներուն հիմնարար շահերուն, որոնք ունին ընդհանուր արժէքներ եւ միասնական մշակութային խորք», աւելցուցած է Լաւրով:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին համաձայն, Հայաստանը այս պահուս կանգնած է շարք մը մարտահրաւէրներու առջեւ, եւ, ըստ Լաւրովի, զանոնք կարելի չէ դիմակայել արեւմտեան դերակատարներու օգնութեամբ:

«Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոպական Միութիւնը, ի տարբերութիւն Ռուսիոյ, չեն ձգտիր խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու հանրապետութեան եւ ընդհանուր առմամբ Հարաւային Կովկասի մէջ: Անոնց խնդիրը բոլորովին այլ է` Մոսկուան եւ շրջանային միւս ուժերը դուրս մղել, ստեղծել լարուածութեան նոր օճախ Պալքաններէն, Միջին Արեւելքէն եւ Ուքրանիայէն ետք: Ծանր կացութենէն ելքը ակնյայտ է` Երեւանի, Պաքուի եւ Մոսկուայի եռակողմ համաձայնութիւնները կեանքի կոչել բարձրագոյն մակարդակով», նշած է Լաւրով:

«Յոյսով եմ, որ Երեւան կը գիտակցի, որ դաշինքի (ՕԹԱՆ-ի, «Ա.») հետ համագործակցութեան խորացումը կը յանգեցնէ ազգային պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան ոլորտին մէջ գերիշխանութեան կորուստի», ըսաւ ռուսական դիւանագիտութեան պետը:

«Վերջին շրջանին Երեւան կը զարգացնէ համագործակցութիւնը ՕԹԱՆ-ի եւ անոր առանձին անդամ երկիրներու հետ: Այս տարի Հայաստանը դաշինքին հետ մասնակցած է քանի մը տասնեակ միջոցառումներու: Ան կը շարունակէ արդիականացնել իր զինեալ ուժերը ՕԹԱՆ-ի չափանիշներուն համապատասխան:

«Ասիկա չի կրնար մեր մօտ մտահոգութիւն չյառաջացնել: Մենք բազմիցս հրաւիրած ենք մեր հայ  գործընկերներու ուշադրութիւնը, որ ՕԹԱՆ-ի իրական նպատակը շրջանին մէջ իր դիրքերը ամրապնդելն է եւ շահագործումներու համար պայմաններ ստեղծելը` համաձայն «բաժնէ, որ տիրես» տարազին: Յոյսով եմ,  որ Երեւանը կը գիտակցի, թէ դաշինքին հետ համագործակցութեան խորացումը կը յանգեցնէ ազգային պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան ոլորտին մէջ գերիշխանութեան կորուստի», ընդգծած է Լաւրով:

 

 

Նախորդը

Ամիրպեքով. «Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Կնքման Բանակցութիւնները Վճռորոշ Փուլի Մէջ Են»

Յաջորդը

Ապտոլլահեան. «Մենք Կը Հաւատանք, Որ Կովկասի Մէջ Խաղաղութիւնը Կարելի Է Շրջանի Բուն Ժողովուրդներու Եւ Դրացիներու Մասնակցութեան Շնորհիւ»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.