Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անթիլիասի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Հոգելոյս Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի Թաղման Կարգը

December 28, 2023
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

17 դեկտեմբեր 2023-ին, Մոնրէալի (Քանատա) մէջ ի տէր հանգաւ Սուրէն արք. Գաթարոյեան, մեր ժողովուրդի զաւակներուն երկարամեայ ծառայութիւն մատուցելէ ետք:

Սուրէն արք. Գաթարոյեանի Տան կարգն ու վերջին օծումը կատարուեցաւ Մոնրէալի Ս. Յակոբ մայր եկեղեցւոյ մէջ, 21 դեկտեմբեր 2023-ին, օրհնութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ նախագահութեամբ ու ձեռամբ Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի: Այս առիթով ընթերցուեցաւ վեհափառ հայրապետին ցաւակցագիրը, ուր ան յատկապէս կ՛ըսէր. «Տիպար հոգեւորական մը եղաւ ու մնաց Սուրէն սրբազան իր հոգեւորական կեանքի բոլոր տարիներուն ու բոլոր պայմաններուն մէջ: Այս պարզ, բայց խորիմաստ վկայութեամբ կարելի է բնութագրել հանգուցեալ սրբազանին կեանքն ու ծառայութիւնը… Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նկատմամբ իր ունեցած անխախտ հաւատարմութիւնը մղիչ ուժը հանդիսացաւ իր ծառայութեան` Անթիլիասէն մինչեւ Սուրիա ու Քանատա: Մեր եկեղեցւոյ ծէսին ու աւանդութիւններուն անվթար պահպանումը յատուկ տեղ գրաւեց սրբազանին կեանքին մէջ: Այս ուղղութեամբ ան խօսեցաւ ու գրեց եւ հակառակ իր առողջական փխրուն վիճակին, օրինակելի նուիրումով ծառայեց մեր ժողովուրդին` մինչեւ իր երկրաւոր կեանքին վերջին օրը»:

Նկատի ունենալով, որ ննջեցեալ Սուրէն սրբազանին փափաքն էր հանգչիլ Անթիլիասի մայրավանքի միաբանական դամբարանին մէջ, իր վախճանեալ միաբանակից եղբայրներուն կողքին, ուստի, Թաղման կարգը կատարուեցաւ մայրավանքին մէջ, 27 դեկտեմբեր 2023-ի առաւօտուն:

Արդարեւ, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, «Զարեհեան» միաբանական դամբարանին մէջ, Կիլիկեան ուխտի միաբան հայրեր կատարեցին Գերեզմանի կարգի շարականներու երգեցողութիւնը եւ աղօթասացութիւնը: Հանգուցեալ սրբազան հօր դագաղը պարուրուեցաւ քարոզասացութիւններով, աւետարանական ընթերցումներով եւ սաղմոսերգութիւններով: Արարողութեան ընթացքին, վեհափառ հայրապետը կատարեց հողի օրհնութիւնը:

Թաղման կարգի աւարտին, միաբան հայրեր միաձայնութեամբ երգեցին «Հայր մեր»-ը եւ «Կիլիկիա» օրհներգը: Ապա, վեհափառ հայրապետը վեհարանի դահլիճին մէջ ցաւակցութիւններ ընդունեց:

Նախորդը

Քրեմլին. «Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Կը Շարժին Խաղաղութեան Համաձայնագիրին Շուրջ Աշխատանքները Աւարտելու Ուղղութեամբ»

Յաջորդը

Խմբագրական. Տարեփակի Խոհեր (Ա.) Ազգային Կողմնացոյցի Անհրաժեշտութիւնը

RelatedPosts

Դաշնակցական Երիտասարդներու  Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան  Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց
Գլխաւոր լուրեր

Դաշնակցական Երիտասարդներու Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց

October 3, 2026
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու  Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի  Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»

October 3, 2026
Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը  Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան  Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ  Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»
Գաղութային

Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.